Գահամոլին սոփեստութիւններէն ետք՝ Արցախի կրած կուրուստները

‘Si Vis Pacem, Para Bellum’

Vegetius

Վահագն Գարագաշեան

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած ազգակործան համաձայնագրէն ետք, արեան գնով նուաճուած յաղթանակի բարձունքներէն գահավիժած ենք պարտութեան խորխորատներուն մէջ։

Արցախի պետականակերտման ու կայուն կարգավիճակի ձեւաւորման 26 տարուան գործընթացը անդառնալի հարուած ստացած է։

Կորստեան մատնուած են 1992-1994 Արցախեան Ազատամարտին ընթացքին ազատագրուած հայկական տարածքները, որոնք ատրպէյճանական կրակակէտերու շիջման ու Արցախի աշխարհառազմավարական պատուարներն էին։

Պատերազմին առթած հետեւանքներով՝ Արցախի կենսագործութիւնը կաթուածահար կացութեան մէջ է։

Ի մի բերելով այդ կորուստները, ներկայ իրադրութեամբ կը ստանանք հետեւեալ պատկերը.

Ա. Տարածքի եւ սահմանագիծի կորուստ

1994-ի Մայիսի հրադադարէն ետք ձեւաւորուած Արցախի Հանրապետութեան 11.500 քառ. քլմ. տարածքէն մնացած է 3170 քառ. քլմ. տարածք։

Հանրապետութեան 10 քաղաքներէն 4-ը գրաւուած են թշնամիին կողմէ։ Չկան Շուշին, Հադրութն ու Քարվաճառը…

320 գիւղական բնակավայրերէն աւելի քան 120-ը կը գտնուի թշնամիի վերահսկողութեան ներքոյ։

Մօտ 900 քլմ. երկարութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմագիծի կէսը պաշտպանուած էր Արցախեան պատնէշով՝ Վարդենիսէն մերձարաքսեան արցախեան ափի մօտ 400 քիլոմեթրով։ Ներկայ դրութեամբ այդ ամրակուռ պարսպապատումէն զրկուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ենթակայ է Սիւնիքի եւ այլ տարածքներու հանդէպ օրէ օր թափ առնող Պաքուի ոտնձգութեանց եւ տարածքներ կլանելու ախորժակներուն։ Միայն Սիւնիքի Մարզը առանձին, այսօր 70 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանագիծ պաշտպանելու հարկադրանքին տակ կը գտնուի։

Սիւնիքի հարաւային Մեղրիի դարպասներու բնական պատուար հանդիսացող հարաւային Քաշաթաղի, Կովսականի (Զանգելան), Ջրականի (Ճապրայիլ), Սանասարի (Կուբաթլու) կորուստով չքացաւ նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ 135 քիլոմեթր երկարութեամբ ռազմավարականօրէն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող սահմանահատուածը։ Այժմ, Սիւնիքի հարաւային սահմանադուռը Իրանի հետ կը կազմէ 44 քիլոմեթր։ Արցախի Մերձարաքսեան տարածքներու կորուստը լուրջ սպառնալիք է Մեղրիի անվտանգութեան գծով։

Քարվաճառը իր անառիկ ու բարձրադիր դիրքով, ռազմավարական պատնէշ էր Վայոց Ձորի եւ Գեղարգունիքի արեւելեան սահմաններուն համար, որ միաժամանակ կ՚ապահովէր Լաչինի միջանցքի, Վարդենիսի եւ Մարտակերտի արեւմտեան հատուածի անվտանգութիւնը։ Հայաստանը Արցախին հետ օղակող երկրորդ հաղորդակցութեան ցամաքային մայրուղին կը գտնուէր Քարվաճառի մէջ։

Հիմնովին խախտած է Հայաստանի արեւելեան սահմաններու ամրակուռ վահանը՝ Արցախա-ատրպէյճանական սահմանը, որ կ՚երկարէր Վարդենիսի սահմանախաչման կէտէն մինչև Արաքս 291 քլմ. սահմանաշերտով։

Հայաստանի ոչնչացման ու կործանման միտող թուրք-ատրպէյճանական մարտավարական ծրագրի առաջին հանգրուանը Արցախի Հանրապետութեան լիակատար քայքայումն է, որ ի գործ դրուեցաւ վերջին պատերազմին ընթացքին: Յաջորդ հանգրուանը՝ Սիւնիքն է, որ այսօրուան դրութեամբ թշնամիի հրետանիի անմիջական հասողութեան տակ կը գտնուի։ Յառաջիկայ ժամանակներուն, Պաքու բազմաբեւեռ ճնշամիջոցներով պիտի փորձէ Սիւնիքը զրկել կայուն զարգացման ու ապահովութեան որեւէ հեռանկարէ։

 

Բ.- Ջրային պաշարներու եւ բարձունքներու կորուստ

Արցախեան բարձրավանդակի հիւսիսային եւ հարաւային լեռնաշխարհի բարձրագոյն գագաթները՝ Մռաւը, Օմարը, Գոմշասարը, Քիրսն ու Դիզափայտը, կը գտնուին թշնամիի վերահսկողութեան տակ։ Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, արդէն իսկ կղզիացած Արցախի Խաչէնի հովիտը Մարտակերտն ու ամբողջ Ասկերանի մարզը կը գտնուին բարձրաբերձ դիրքերու տիրապետող թշնամիի կրակային հասողութեան ներքոյ։

Անդառնալի հարուած ստացած է Արցախի ջրային պաշարներու անվտանգութիւնը։ Թարթառ (Տրտու), Հագգարի (Աղաւնոյ), Խաչենագետ, Կարկառ, Իշխանագետ եւ Վարանդա գետերն ու իրենց ակնաղբիւրները մասնակի կամ ամբողջութեամբ կը գտնուին ատրպէյճանական բանակի վերահկողութեան ներքեւ։ Նոյնն է պարագան վերոնշեալ գետերուն վրայ կառուցուած ջրագծերուն, ջրամբարներուն եւ ՀԷԿ-երուն (Հիտրօ ելեկտրակայան)։

Կարեւոր է նշել, որ Քարվաճառէն սկիզբ կ՚առնեն Արցախի ջրային պաշարներու աւելի քան 60 տոկոսը: Արցախի Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն հանդիսացող ջրային անվտանգութեան հարցը այսօր արդէն մեր վերահսկողութենէն դուրս է։

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան էկոնոմիկայի եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան էներգետիկայի բաժնի պետի պաշտօնակատար Լեւոն Գաբրիելեանի՝ կորստեան մատնուած են Արցախի գետերու վրայ կառուցուած 36 ուժանիւթի արտադրութեան կայաններէն ու ՀԷԿ-երէն 30-ը։

Այստեղ հարկ է նշել, որ Արցախի գետերու, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Արփա եւ Որոտան գետերու Քարվաճառի ակունքներուն տիրացած ատրպէյճանական կողմին համար այս կացութիւնը լաւագոյնս կրնայ օգտագործուիլ գետերը թունաւոր քիմիական նիւթերով  թունոտելու, այնպէս ինչպէս Խորհրդային Միութեան օրերուն կը կատարէին Ստեփանակերտի եւ այլ բնակավայրերու ըմպելի ջուրերը թունաւորելու իրենց սադրանքներով։

 

Գ.- Հանքավայրերու կորուստ

Արցախի պետական պիւտճէին ամենամեծ հարկային մուտքեր կ՚ապահովեն հանրապետութեան տարածքին շահագործուող հանքավայրերը։ Ներկայ դրութեամբ Արցախի 15 մետաղի հանքավայրերէն 13-ը անցած է Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ, որ մեծ հարուած է Արցախի տնտեսութեան։

 

Դ.- Պատմական յուշարձաններու կորուստ

Պատերազմէն ետք թշնամիի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ մնաց վիթխարի թիւով մշակութային ժառանգութիւն՝ եկեղեցիներ, խաչքարեր, թանգարաններ, ամրոցներ։

Չկան այլեւս Հանդիվանքը, Գտչավանքը, Կատարոյ վանքը, Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոցն ու Կանաչ ժամը։

Դեկտեմբերին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը (UNESCO) առաջադրանք ներկայացուց Պաքուին, որպէսզի արտօնութիւն ստանայ անկախ փորձագիտական առաքելութեամբ սկսիլ Արցախի գրաւուած տարածքներու մշակութային արժէքներու գոյքագրումը։

Նշենք, որ պարերազմի ընթացքին ատրպէյճանական բանակին կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ Շուշիի Ս. Ղազանչեցոցը, իսկ Հրադադարէն ետք ոչնչացուեցան Շուշի քաղաքի Կանաչ ժամ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ գմբէթն ու զանգակատունը։

2005 թուականին Հին Ջուղայի խաչքարերը բարբարոսաբար քանդած ատրպէյճանցիները պիտի չվարանին ոչնչացնել Արցախի հոգեւոր ժառանգութիւնը։

Գանձասարի կամ Աղուանից կաթողիկոսութիւնը ժամանակին ունեցած է չորս հազար վանք ու եկեղեցի: 19-րդ դարուն Արցախի մէջ կը գործէին 1813 վանքեր ու եկեղեցիցիներ: 1929-ին մնացած էին 112 եկեղեցի եւ 18 վանք: Արցախի թեմի տուեալներով, պատերազմմի նախօրեակին Արցախի մէջ կը գործէին 70 եկեղեցի ու վանք, ինչպէս նաեւ հարիւրէ աւելի աւերակ վիճակի մէջ վանքեր ու եկեղեցիներ։:

Ե.- Տեղահանուածներ, փախստականներ

Պատերազմին պատճառով Արցախի Հանրապետութեան տարածքներէն տեղահանուած կամ փախստական վիճակագրական պաշտօնական տուեալները ցարդ նախնական են։

Արցախի ազգային վիճակագրական  ծառայութեան 2017 թուականի տուեալներով, Արցախի բնակչութեան 38.2 տոկոսը կեդրոնացած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, 14.7 տոկոսը՝ Մարտունիի մէջ, 13.5 տոկոսը Մարտակերտի, 11.7-ը՝ Ասկերանի, 8.3-ը՝ Հադրութի, 7.9-ը՝ Քաշաթաղի, 3.6-ը՝ Շուշիի եւ 2.1 տոկոսը՝ Շահումեանի շրջաններուն մէջ:

Թուաբանական հաշուարկումով, ամբողջութեամբ թշնամիի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քաշաթաղի, Շահումեանի, Շուշիի եւ Հադրութի բնակչութեանց տոկոսային համագումարը կը կազմէ մօտ 22 տոկոս, եւ ըստ նման տոկոսային կանխավարկածի, Արցախի 150 հազար բնակչութեան 33.000-ը բռնագրաւուած վերոնշեալ հայկական տարածքներուն մէջ կ՚ապրէր։

Դեկտեմբեր 24-ին Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան տուեալներով, Արցախի անտուն քաղաքացիներուն հաշուառուած թիւը 20 հազար 347 է, որոնցմէ ժամանակաւոր տուներով ապահովուած են 4101 բնակիչներ (1014 ընտանիք):

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Դեկտեմբեր 22ին յայտարարած տուեալներով՝ Արցախի անօթեւան մնացած քաղաքացիներու թիւը 40 000 անձ է։

 

Զ.- Նիւթական վնասներ

Ըստ Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանին Դեկտեմբերին կատարած յայտարութեան, պատերազմին պատճառով Արցախի կրած նիւթական վնասները փորձագէտներու կողմէ կը գնահատուին երկու միլիառ տոլարով։

Ատրպէյճանական հրետակոծութեանց պատճառով վնասուած է 15000 տուն եւ բնակարան, շուրջ 3500-4000 ենթակառուցուածքային միաւոր, ներառեալ՝ դպրոցներ, մանկապարտէզներ, հիւանդանոցներ, բուժարաններ եւ մշակութային կեդրոններ։ Աւելի քան 2500 փոխադրամիջոց եւ ինքնաշարժ լրջօրէն վնասուած են կամ ամբողջութեամբ ոչնչացուած։

Այս հաշուառման մէջ հարկ է յիշել 1994-ի հրադադարէն ետք, Սփիւռքի նիւթական ներդրումը Արցախին։ Արդարեւ, անցնող 26 տարիներուն ընթացքին, Սփիւռքի զանազան համայնքներու կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ճանապարհաշինութեան, դպրոցաշինութեան, Մշակոյթի տուներու կառուցման, բնակարաններու կառուցման համար կատարուած նիւթական ներդրումը անհաշուելի է, եւ ներկայ դրութեամբ, բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ այդ կառոյցները կը գտնուին թշնամիի վերահսկողութեան ներքոյ։

Այստեղ ներկայացնենք սփիւռքահայ ներդրումի պարզապէս մէկ օրինակ. 2003 թուականին ամերիկահայ Յարութիւնեան ընտանիքին հովանաւորութեամբ, Քարվաճառի շրջանին մէջ հիմքէն նոր կառուցուեցաւ Քնարաւան գիւղը, որուն հիմնադրման ու հետագայ զարգացման համար ազգային բարերար ընտանիքին ներդրումը աւելի քան 500.000 տոլար էր։ 15 տնտեսութիւն եւ թիւով 75 բնակիչ ունեցող գիւղը այժմ կը գտնուի թշնամիի վերահսկողութեան տակ, իսկ բնակչութիւնը տեղահնուած է։

 

Է.- Մարդկային կորուստ

Արցախեան պատերազմին քաղաքացի զոհերուն թիւը կը կազմէ 60։

Ամենէն ահաւոր ու անդառնալի կորուստը սակայն, Արցախի պաշտպանական բանակի եւ կամաւոր կռուողներու բիւրաւոր նահատակներն են։

Դեկտեմբեր 22-ի դրութեամբ, ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան դատաբժշկական ծառայութիւնը բժշկական փորձաքննութեան ենթարկած էր Արցախի պատերազմին հետեւանքով զոհուած 3250 զինծառայողի մարմին:

 

120 տարի ետք՝ պատմութիւնը կը կրկնուի. Ռուբէնի արժեւորումը

Առաջին Հանրապետութենէն 100 տարի ետք, Արցախեան պատերազմի  աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական ենթախորքը գրեթէ մնացած է նոյնը։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար, հայդուկապետ Ռուբէն Տէր Մինասեան այս մասին լայնածաւալ վերլուծումով անդրադարձած է «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» յուշագրութեան Է. Հատորին մէջ։ Այս հատորի Դ. գլուխը ամբողջութեամբ յատկացուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, եւ ենթաբաժիններէն մէկուն մէջ Ռուբէն վերլուծման կ՚ենթարկէ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան ծալքերը։

Ռուբէն կը հաստատէ, որ արդէն իսկ 1919-ին Պաքու նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէր Շուշին, Ճապրայիլը, Գանձակի լեռնամասը, Շարուրն ու Նախիջեւանը, Ճիւանշիրը (Մարտակերտի եւ Շահումեանի շրջան), Շուշին, Զանգեզուրը եւ Զանգիբասարը (Երեւանի յարակից Մասիսի ենթաշրջանը)։ Հայաստանի տարածքը այդ ժամանակահատուածին կը կազմէր 63,500 քառ. քլմ. եւ վերոնշեալ տարածքներու հաամագումարով, Ատրպէյճանի պահանջին ի դիմաց, Հայաստանի կը մնար միայն 15.900 քառ. քլմ. տարածք՝ Երեւան, էջմիածին, Դիլիջան, Սեւան, Իջեւան եռանկիւնին մէջ։ Ռուբէն կը վկայէ. «Այս հսկայական ծրագիրը ոչ ցնորք էր եւ ալ զառանցանք, դա մատչելի եւ բնական ծրագիր էր համարւում թուրք թաթարների համար…»։

Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական հիմնական ուղղութիւններն էին Զանգեզուրի եւ հարաւային Արցախի տարածքներով ճանապարհ բանալով դէպի Պարսկաստանի Ատրպատական (պարսկական Ատրպէյճան) միանալ Իրանի ցեղակիցներուն եւ ռուսական ազդեցութենէն ձերբազատելու համար՝ Նախիջեւանի ճանապարհով ունենալ Թուրքիոյ յենարանը։

Ռուբէնի վերը նշուած վկայութիւնները կու գան փաստելու, որ 120 տարի ետք պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Այդ օրերուն Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները կը ղեկավարէին թրքական բանակի զօրավարներ՝ Նուրի եւ Խալիլ փաշաները, իսկ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմին ընթացքին ատրպէյճանական զինուորական գործողութիւնները կը ղեկավարուէին ուղղակի Թուրքիոյ Հանրապետութեան զինուած ուժերու սպայակազմին կողմէ։

Ինչպէս 1919-1920-ին, Ատրպէյճանի նպատակն էր անէացնելով Մեղրիի տարածքը՝ վերջնականօրէն սահմանային կամուրջ ստեղծել Նախիջեւանի հետ։ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական հայկական տարածքներ կորզելու ամէնօրեայ ճիգերը կը հետապնդեն այս նպատակը. տկարացնել, արնաքամ ընել եւ հայաթափել Սիւնիքը։

Առաջին Հանրապետութեան իշխող կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան, 1919 թուականի Թ. Ընդհանուր ժողովը յստակ բանաձեւ-հրահանգ որդեգրեց Արցախի եւ Զանգեզուրի գծով.

«Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը համարելով անբաժանելի մաս անկախ եւ միացեալ Հայաստանի՝ հրահանգել.

1.- Որ միջոցներ ձեռք առնուին ապահովելու համար անոնց ազգային քաղաքական վիճակը։

2.- Որ կուսակցոութեան բարձրագոյն մարմինը անմիջապէս լուրջ կարգադրութիւններ ընէ զօրացնելու կուսակցութեան գործունէութիւնը յիշուած երկու շրջաններու մէջ»։

 100 տարի ետք, Արցախեան պատերազմին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան ուխտապահներու գումարտակը ռազմաճակատ մեկնող ու կռուի ողջ տեւողութեան պատնէշին կառչած առաջին կամաւորական գունդը եղաւ։

 

Գահամոլին Սոփեստաբանութիւնները

 Հռոմէացի գրող Վեճէթիուս Ք.Ե. չորրորդ դարուն գրած իր «Ռազմական հարցեր» աշխատութեան մէջ նշած է ‘Si Vis Pacem, Para Bellum’ եթէ խաղաղութիւն կը ցանկաս՝ պատրաստուիր պատերազմի -, Պատրա՞ստ էինք պատերազմին… Արցախի երկնակամարը թշնամիի ԱԹՍ-ներու օդահածութեան ներքոյ էր պատերազմի ամբողջ տեւողութեան։

Արցախի տարածքները կեղեքելէ ետք, Պաքուն այսօր Մայր Հայրենիքի արեւելեան սահմանները ձեւախեղելու գործընթաց սկսած է։ Նոր սահմանագծումներով Սիւնիքն ու Գեղարգունիքը յամրօրէն կը նոսրանան…

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ անձնատուողական ու ազգակործան Նոյեմբեր 9–ի համաձայնագրով, Հայասատանի ու Արցախի գոյատեւելիութիւնը կը դրուի անդառնալի սպառնալիքի տակ։ Վերոնշեալ համաձայնագրով խախտած են Արցախի Հանրապետութեան սահմաններու ռազմական անվտանգութեան հիմնարար բոլոր բաղադրիչները, իսկ Հայաստանի պարագային՝ իր հարաւային սահմանադուռը այս ձեւով կը դրուի երկարաժամկէտ սպառնալիքի ներքոյ։

Յուլիս 2020-ին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան հայեցակարգին մէջ կը շեշտադրուի, որ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք է Ատրպէյճանի ռազմատենչ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց դէմ ռազմական յարձակումի հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուածութիւնը հաւանական առճակատման:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած երկու կարեւոր բաղադրիչներ այս պատերազմին չեն իրագործուած. Վերոնշեալ փաստաթուղթի «Ռազմական սպառնալիքների զսպում եւ չէզոքացում» ենթաբաժնով նշուած՝ թիւ 4:16 կէտով՝

«Որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր պաշտպանական քաղաքականութիւնն ուղղում է նաեւ Արցախի անվտանգութեան ապահովմանը»:

Եւ նոյն ենթաբաժնի 4:17 կէտով՝

«Տարածաշրջանային անվտանգութեանը սպառնացող խնդիրները խաղաղ ճանապարհով լուծելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի դէմ հնարաւոր ագրեսիան զսպելու հրամայականը մեզնից պահանջում է ռազմաքաղաքական սպառնալիքներին դիմագրաւող արդիւնաւէտ պաշտպանա-անվտանգային համակարգի ձեւաւորում»:

Վարչապետն ու վարչախումբը իրենց ձախող քաղաքականութեամբ չկրցան երաաշխաւորել Արցախի անվտանգութիւնը։ Աւելի՛ն, Վարչապետի հետեւողական ձախող դիւանագիտական գործընթացը, ազգն ու պետութիւնը ռազմաքաղաքական անհարկի տեղատուութեան ու ինքնաքայքայման առաջնորդեցին: Ողջախոհութիւնը կը թելադրէ, որ վարչապետն ու իր քաղաքականապէս տաղանդազուրկ վարչախումբը ինքնակամ հրաժարին։

Վարչապետի անցնող երկու տարուան մտացածին գաղափարներով յագեցած բոլոր աճպարարութիւննեն ու խոստումները փաստեցին մէկ իրականութիւն, որ բացառապէս գահին կառչած մնալու քաղաքական դէմքի հիմնարար չափանիշները՝ իր սոփեստաբանութիւններն էին։ Մէկ բան յստակ է սակայն, որ Շուշին ու Արցախի տարածքները զիջող քաղաքական «հանճարը»՝ պետութեան ղեկավար չի կրնար ըլլալ։

Բ. Աշխարհամարտին Մեծն Բրիտանիոյ ինքնապաշտպանութիւնը ղեկավարած վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի 12 հատոր կազմող «Բ. Աշխարհամարտը» յուշագրութիւնը՝ յաղթանակ կերտած բրիտանացի քաղաքան ղեկավարին տիտանային աւանդն է իր ժողովուրդին, որուն Գ. հատորին մէջ տեղ գտած աանժամանցելի իր մէկ ինքնատիպ պատգամը ժառանգ կը թողու իր յաջորդներուն ըսելով, որ ղեկավարութեան մը համար չկայ աւելի վատ սխալ, քան ժողովուրդին կեղծ յոյսեր փայփայելը, որոնք շուտով պիտի չքանան։ Դժբախտութեան ու վտանգին դէմ ժողովուրդը գիտէ ամրօրէն ու առոյգօրէն դիմակայել, սակայն կը զայրանայ խաբուելէն՝ անդրադառնալով, որ իր հարցերու պատասխանատուները՝ իրենք են որ կը բնակին յիմարներու դրախտավայրի մը մէջ:

Պատմութեան դատաստանին կը մնայ երկրի ղեկավարին ու իր վարչախումբին թերարժեւորման կամ գերարժեւորման չափակշռումը։ Սակայն Հայոց Պատմութեան դատաստանագիրքը դաժան է։ Այսօր ոչ ոք կը յիշէ հայրենավաճառ Մերուժան Արծրունիի, Մելիք Ֆրանգիւլի եւ Վեստ Սարգիսի խարդաւալից կենսագրութիւնները։

Տասնամեակներ ետք, պատմութիւնը պիտի կատարէ այս վարչախումբի քաղաքական գործունէութեան դիազննութիւնը ու արձանագրէ, թէ ինչպէս անկշռադատ այս խմբաւորման կողմէ խորտակման ենթարկուեցաւ հայութեան յաղթանակներու տեսլականը։ Իսկ պատմութեան հաւատաքննութիւնը՝ անխուսափելի է։։

Վահագն Գարագաշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.