Աւարայրի դիւցազնամարտը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կռուանն է. Խմբագրական

«Եթէ հասած  է ժամանակը մեր կեանքը Սուրբ մահով աւարտելու այս պատերազմին, ընդունինք ուրախ սրտով»

Վարդան Մամիկոնեան, Հայոց բանակի սպարապետ

Հայ Ժողովուրդի Ազատագրական պայքարի նախակարապետը իսկապէս կը հանդիսանայ Հինգերորդ դարու Վարդանանց ծառացումը ընդդէմ պարսկական լուծին։

Թշնամին դիմագրաւելու եւ «Որ գիտէ զմահ, ո՛չ երկնչի ի նմանէ, իսկ որ գիտէ զմահ՝ ոչ երկնչի ի նմանէ» նշանաբանով աներկիւղ ու աննահանջ մահուան հետ գոյամարտ էր Աւարայրը, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը համակուած էր ազգային խոր ինքնագիտակցութեամբ եւ իր հաւատքն ու իրաւունքները մինչ ի մահ պաշտպանելու վճռականութեամբ։

Մամիկոնեանները, Խորխոռունիները, Արծրունիները, Պալունիները, Քաջբերունիները, Կամսարականներն ու Դիմաքսեանները գիտակից էին, որ քրիստոնէութեան վարդապետութեան մէջ խարսխսուած են հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, ազատութիւն, ընտանիք, եւ հայրենիք հասկացութիւնները, որոնց պահպանման համար մարդ անհատը անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է դիմէ ինքնազոհութեան եւ անձնուրացութեան։

Հինգերորդ դարուն Հայ ժողովուրդի ռազմիկ զաւակները Աւարայր գացին ԱՊՐԵԼՈՒ եւ ԱՊՐԵՑՆԵԼՈՒ համար, Ազգի գոյատեւելիութիւնը երաշխաւորելու համար։

Աւարայրի վրայ յեղուած հայ արիասիրտ ռազմիկներու արիւնը ապարդիւն չէր, վասնզի, 33 տարուան ազատագրական անյողդողդ պայքարէ ետք, պարսկական կողմը հրաժարեցաւ մոլեռանդ իր քաղաքականութենէն եւ Նուարսակի դաշնագրով հարկադրուեցաւ կրօնական եւ մշակութային ազատութիւն շնորհելու հայ ժողովուրդին։

Դարեր ետք, Վարդանանց հաւատքով կոփուած Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին միաձոյլ ծառացումով կասեցուեցաւ հայոց արեւելեան սահմանապահ Արցախի բռնագրաւումը։

Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք: Արդարօրէն նուաճուած յաղթարշաւը կորստեան ենթարկելու սպառնալիքը մշտապէս առկայ է: Փորձով ցոյց տուած ենք, որ ազգային միասնութեամբ եւ ազգի ողջ ներուժի համախումբ մէկտեղումով, անվկանդ եւ ամրակուռ կը պահենք հայոց պետականութիւնը:

«Հորիզոն»ի խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.