Արցախի Վերաբնակեցումը՝ ռազմավարական առաջադրանք

1992 թուականին Արցախի մէջ մեկնարկուած եւ առ այսօր շարունակուող վերաբնակեցման գործընթացը այս տարիներուն ընթացքին ենթարկուած է շարք մը փոփոխութիւններու, ունեցած է վերելքներ, վայրէջքներ, իսկ յառաջիկային, 16 տարի առաջ՝ 2003 թուականի Ապրիլ 15-ին ԱՀ կառավարութեան ընդունած որոշումը, պետական քաղաքականութիւնը եւ սկզբունքները պիտի վերանայուին:

Տարբեր տարիներու վերաբնակեցման գործընթացը համակարգուած է գաղթականութեան վարչութեան եւ կառավարութեան առընթեր գործող զանազան բաժիններով՝ այսօրուան դրութեամբ ոչ այժմէական 8 օրէնքներու միջոցով: Իսկ 2017 Փետրուար 20-ին տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներէն ետք, վերաբնակեցման ոլորտին համակարգման գործառոյթը՝ 2003-ին ընդունուած որոշումով փոխանցուած է ԱՀ աշխատանքի, սոցիալական հարցերու նախարարութեան եւ իր արժանի տեղը զբաղեցուցած՝ նախարարութեան անուան մէջ:

2018-ին գործունէութեան ամփոփիչ մամուլի ասուլիսին ընթացքին ընկերային ապահովութեան նախարար Սամուէլ Ավանէսեան ըսած է, որ ոլորտի համակարգման գործառոյթը ստանձնելէն ի վեր՝ մէկ տարուան ժամանակամիջոցին փորձած են հասկնալ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները եւ անոնց լուծման տարբերակները:

«90-ականներին արուել է այն, ինչ արուել է, 2001-2003 թուականներին ընդունած որոշումները համապատասխան ազդեցութիւն են ապահովել: Հետագայում արդէն վերաբնակեցուող ընտանիքների թուի նուազումը եւ դադարը մտահոգիչ էր: Այսօր մենք գտնում ենք, որ հերթական քայլն անելու ժամանակն է: Մինչեւ Մարտի վերջ մենք մեզ համար ժամկէտ ենք սահմանել՝ պետական քաղաքականութեան նոր սկզբունքների մշակման, վերաբնակեցման կազմակերպման եւ իրականացման կարգի ու պայմանների փոփոխութիւնների իրաւական ամրագրման համար»:

1992-էն առ այսօր Արցախի մէջ վերաբնակեցուած ընտանիքներու վիճակագրական պատկերը, ըստ վարչակազմի ղեկավարներու տրամադրած մօտաւոր տուեալներուն, հետեւեալն է.

  • Ասկերանի շրջան՝ 810 մարդ
  • Հադրութի շրջան՝ 550 մարդ
  • Մարտակերտի շրջան՝ 300 մարդ
  • Մարտունու շրջան՝ 650 մարդ
  • Շահումեանի շրջան՝ 3500 մարդ
  • Շուշիի շրջան՝ 250 մարդ
  • Քաշաթաղի շրջան՝ 12250 մարդ

18310 քաղաքացի, որոնցմէ վերաբնակիչի կարգավիճակ ստացած է միայն 3298 ընտանիք կամ՝ 12304 մարդ:

Արցախի մէջ վերաբնակեցուողներուն մէկ մասը Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Միջին Ասիոյ պետութիւններէն տեղափոխուած ընտանիքներն են, սակայն վերաբնակեցուող ընտանիքներու գերակշիռ մասը ՀՀ քաղաքացիներ են: Նախարար Սամուէլ Ավանէսեան այդ առումով մտահոգութիւն յայտնած է՝ Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներու հաշւոյն վերաբնակեցնելու տեսանկիւնէն:

«Ո՞վ է մեզ ասել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները գոհ են, որ մենք իրենց տարածքից մարդ ենք վերաբնակեցնում Արցախում: Ո՞վ է ասել, որ ՀՀ կառավարութիւնը չի մտածում իր տարածքների համաչափ զարգացման մասին: Երբ այդ ամէնը համադրուած չի կատարւում երկու հանրապետութիւններում, խնդիրներ են առաջանում: Հայաստանը միանշանակ ունի շրջաններ, որտեղի բնակիչներին հաճոյքով կը համաձայնի տեղափոխել Արցախ, որտեղ բնակլիմայական պայմանները բարենպաստ են, հրաշք են, եւ աշխատասէր մարդիկ այստեղ լաւ արդիւնք կը գրանցեն», շեշտած է նախարարը եւ յայտնած, որ յառաջիկային կը նախատեսուի ՀՀ եւ ԱՀ կառավարութիւններուն միջեւ համատեղ վերաբնակեցման ծրագրի մշակում:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ հայրենադարձութեան գործընթացը կ’աշխուժանայ՝ շեշտադրելով սփիւռքահայութեան հետ կապերու ամրապնդման եւ հայրենադարձութեան գործընթացին մէջ վերջինիս դերի բարձրացումը:

«Թիւֆէնքեան», «Արցախֆոնտ», «ԱՐԻ». ասոնք են Արցախի մէջ տարիներ շարունակ վերաբնակեցման գործընթացին լծուած սփիւռքեան կազմակերպութիւնները եւ հիմնադրամները, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են թէ՛ առանձին սահմանամերձ նոր գիւղերու հիմնադրմամբ, թէ՛ վերաբնակեցուող այլ գիւղերու մէջ առանձին ծրագիրներու իրականացման միջոցով: Սակայն վերաբնակեցման ոլորտին մէջ աշխատող տարբեր պետական գործիչներ կը շարունակեն յայտնել, որ Արցախի մէջ գործող վերաբնակեցման պետական ծրագիրներէն զատ լրացուցիչ միջոցներ ներգրաւելու կարիքը կը զգացուի:

Սփիւռքի ներուժը վերաբնակեցման գործընթացին մէջ կարեւորող պետական գործիչներէն է Արցախի նախագահի խորհրդական Արայիկ Յարութիւնեան, որ վարչապետութեան տարիներուն ժամանակ առ ժամանակ ականջահաճոյ յայտարարութիւններով հանդէս կու գար՝ նշելով՝ «Վերաբնակեցման ուղղութեամբ կառավարութիւնը հսկայական աշխատանք է իրականացրել եւ անում է աւելին, քան հնարաւոր է»:

Ինչո՞ւ անկախութենէն միայն 28 տարի ետք կը մտածուի Հայաստանի հետ համատեղ վերաբնակեցման ծրագրի մշակման մասին, ինչո՞ւ կառավարութիւնը 16 տարի շարունակ առաջնորդուած է անարդիւնք օրէնքով, արդեօ՞ք Արցախի կառավարութիւնը կ’իրագործէ իր կարողութենէն աւելին, արդեօ՞ք ժամանակը չէ արձանագրուած երկնիշ տնտեսական աճի միջոցներով ազատագրուած տարածքները բնակեցնելու, զարգացնելու եւ վերաբնակիչներու կեանքի որակը բարելաւելու համար:

Վերոնշեալ հարցերը կարելի է դիտարկել տարբեր տեսանկիւններէ, սակայն պէտք է արձանագրել հետեւեալը՝ ռազմավարական նշանակութեան խնդիր հանդիսացող վերաբնակեցման ծրագիրը անկախութենէն ի վեր եղած է բոլոր կառավարութիւններուն օրակարգին վրայ, իսկ ոլորտի այսօրուան պատկերը գնահատականն է պատասխանատուութեան եւ գործունէութեան ծաւալին:

Լուսինէ Թեւոսեան

«Ապառաժ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.