Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհաւորական նամակ ուղարկած է Գանատայի Խորհրդարանի «Արցախի ժողովուրդի խորհրդարանական բարեկամներ» խումբին

Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհաւորական նամակ ուղարկած է Գանատայի Խորհրդարանի «Արցախի ժողովուրդի խորհրդարանական բարեկամներ» խումբին

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Հոկտեմբեր 28-ին շնորհաւորական նամակներ ուղարկած է Գանատայի Խորհրդարանի «Արցախի ժողովուրդի խորհրդարանական բարեկամներ» խումբի ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըրին եւ խումբի միւս անդամներուն՝ խորհրդարանի անդամ վերընտրուելնուն առթիւ:

Նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի եւ իմ անունից շնորհաւորում եմ Ձեզ Գանատայի Համայնքների պալատում վերընտրուելու առթիւ։

Արցախի ժողովուրդը մեծապէս գնահատում է հայկական նշանակութեան հարցերում Ձեր՝ որպէս «Արցախի ժողովրդի խորհրդարանական բարեկամներ» խմբի ղեկավարի ներգրաւուածութիւնն ու աջակցութիւնը։

Վստահ եմ, որ Ձեր գործունէութեամբ առաջիկայում եւս կը նպաստէք Գանատայի եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան խորացմանը, մասնաւորապէս՝ մարդկային ոլորտում փոխգործակցութեան ամրապնդմանը։

Եւս մէկ անգամ շնորհաւորում եմ եւ մաղթում արդիւնաւէտ խորհրդարանական գործունէութիւն»։

Արցախի Հանրապետութեան

ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժին

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.