Արցախը 28-րդ Օրն Ըլլալով Շրջափակման Մէջ. Ռուբէն Վարդանեան. «Մենք Բոլորս Մէկ Նաւու Մէջ Ենք»

Արցախի մէջ երէկ շրջափակման 28-րդ օրն էր: Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհը իրենք զիրենք իբրեւ բնապահպան ներկայացնող ազրպէյճանցիները կը շարունակեն փակ պահել:

Առաւօտեան դիմատետրեան ուղիղ եթերով պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց արցախցիներուն, իր ձեւակերպումով, «հանգիստ եւ ուժեղ այս իրավիճակը» ընդունելու համար ու յաղթահարելու դժուարութիւնները:

Ըստ Վարդանեանի, բնակիչներուն մեծամասնութիւնը ճիշդ ու հանգիստ կ՛ընկալէ այս իրավիճակը, սակայն կան նաեւ այլ դէպքեր:

«Մենք բոլորս մէկ նաւու մէջ ենք», շեշտեց ան` կոչ ուղղելով ամէն ինչ կիսելու մէկզմէկու հետ, չշարժիլ անձնական շահով. «Չեմ ընդունիր, որ մարդը կարելիութիւն ունի քանի մը թոն պենզին փոխանակել որոշ մարդոց հետ, իր երեխաները, ընտանիքը օգտագործեն այդ պարագան, ինքնաշարժ կը վարեն: Եթէ ինք այդքան լաւ տղայ է, ճարած է այդ պենզինը, պէտք է գար շտապ, ըսէր` կարելիութիւն ունեցած եմ, ճարած եմ, բոլորս մէկ նաւու մէջ ենք»:

«Չեմ ընդունիր այն մարդուն, որը կարելիութիւն ունեցած է պայմանաւորուելու խաղաղապահներու կամ մէկ ուրիշի հետ, ուտելիք բերած է ու սուղ գինով վաճառած է քաղաքացիներուն: Ես չեմ ընդունիր այն մարդոց, որոնք կը փորձեն մարդոց շահագործել այս դժուարութիւններուն ժամանակ», նշեց Վարդանեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ այսօր Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստին յայտարարութիւններ ու աշխատանքային որոշումներ պիտի ըլլան:

Շրջափակման 28-րդ օրը, Արցախի խանութներուն մէջ արդէն ոչինչ կայ` միայն խմիչք ու թանկարժէք ապրանքներ: Արցախի կառավարութիւնը պահուստային պաշարէն որոշ մթերքներ կը բաժնէ խանութներուն: Մինչեւ շրջափակումը ամէն օր հարիւրաւոր թոներով սնունդ, դեղորայք, այլ ապրանքներ կը մտնէին Արցախ, հիմա ոչինչ չի մատակարարուիր, վառելանիւթի պակասն ալ աւելի կը սրէ իրավիճակը:

Բերձորի միջանցքը կը շարունակէ բաց մնալ միայն ռուս խաղաղապահներուն համար, երբեմն այստեղով կ՛անցնին Կարմիր խաչի մեքենաները:

Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ տասնեակ ծանր հիւանդներ կան, որոնք երեւանեան մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններու մէջ բուժումը շարունակելու կարիք ունին, մինչեւ այժմ կարելի եղած է ընդամէնը 15 հոգի տեղափոխել, այն ալ` միայն Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ ու անոնց մեքենաներով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.