Արմէն Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Կողմ Է Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութեան, Դէմ Է Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններու Կայացումին»

«Այն, ինչ որ կը փորձուի մեզի պարտադրել, մեզի համար անընդունելի է, իսկ դեկտեմբերին ընտրութիւններու կազմակերպումը, ըստ էութեան, պարտադրանք է», խորհրդարանին մէջ  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` անդրադառնալով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ այդ նպատակով Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին քննարկուող Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծին:

«Մենք ստեղծած ենք այս արտակարգ վիճակը: Ստեղծած ենք ճգնաժամ, կ՛ուզենք յաղթահարել: Այս ճգնաժամը ստեղծուած է այն պարզ պատճառով, որ դրուած է պարտադրանք` ընտրութիւնները կազմակերպելու դեկտեմբերին: Ամէն ինչ կը յարմարեցուի դեկտեմբերին: Չենք հասնիր ընտրական մասնագիտացած յանձնաժողովներու  ուսուցումով ձեւաւորման, նոյնիսկ այդ պահանջը վերցուած է, քանի որ դեկտեմբերը դրուած է իբրեւ գլխաւոր հարց: Մենք ի՞նչ որակի ընտրութիւն կ՛ուզենք կազմակերպել, այս է խնդիրը», ըսաւ  պատգամաւորը:

Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ է յատուկ դրութեան, սակայն եթէ  քուէարկութեան դրուի Ընտրական օրէնսգիրքը, թեր պիտի քուէարկեն: Ան անընդունելի նկատեց, որ ոստիկանութեան` ընտրութիւնները վերահսկելու դեր կը վերապահուի, սակայն այդ կառոյցը կ՛ենթարկուի քաղաքական ուժի մը ներկայացուցիչներուն:

Պատգամաւորը նաեւ չբացառեց, որ այս Ընտրական օրէնսգիրքը չընդունուի:

Հարցումին` ՀՀԿ-ն ըսաւ, որ թեր պիտի չքուէարկէ, ասիկա սապոթա՞ժ է, Ռուստամեան պատասխանեց. «Ի՞նչ կը նշանակէ սապոտաթ, անոնք իրենց տեսակէտ կը յայտնեն: Մենք կ՛ըսենք` ճիշդ է Ընտրական օրէնսգիրքը փոխելը, բայց փոխելէ ետք ալ պէտք է ժամանակ յատկացնել, որպէսզի քաղաքական ուժերը պատրաստուին: Այսպիսով մրցակցային պայմանները պիտի խախտուին, եւ իսկապէս ական պիտի դրուի այս ընտրութիւններուն տակ: Ասիկա ձեռնտու չէ այն իշխանութեան, որ  այսօր ունի վստահութիւն, որ ինք, միեւնոյն է, մեծամասնութիւն պիտի  ունենայ, ի՞նչ պէտք կայ այդ ականապատ դաշտով այդ մեծամասնութիւնը ստանալ»:

Պատգամաւորը յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի արտահերթ ընտրութիւններուն: «Կողմ ենք լոյսին, դէմ ենք խաւարին, ե՛ւ կողմ ենք, ե՛ւ դէմ ենք: Անխուսափելի իրավիճակ է, ու մենք երկիրը ձգելով պիտի չհեռանանք, ընտրութիւնները այս ձեւով կը կազմակերպուին, այս ձեւով կը մասնակցինք», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի փոխհամաձայնութեան, որ Վենետիկի յանձնաժողովը ըսած է, Ռուստամեան յայտնեց, «Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը  ըսած է, որ իրենք իրենց տեսակէտը պահած են եւ գնդակը կրկին ուղղած են քաղաքական ուժերու դաշտ»: Ան աւելցուց, որ եթէ դեկտեմբերի մասին է խօսքը, փոխհամաձայնութեան չկայ, իսկ եթէ` Ընտրական օրէնսգիրքին, ապա փոխհամաձայնութիւն կայ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.