Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի պատրիարքներու հանդիպման

Վերջին երկու օրերուն Մարոնիթ Պատրիարքարանի ամառանոցին՝ Տիմանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի պատրիարքներու հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։ Հանդիպումը շրջանի կաթոլիկ պատրիարքներու տարեկան հանդիպումն էր՝ իրենց եկեղեցիներուն յատուկ օրակարգի հարցերով։ Այս տարի նաեւ հրաւիրուած էին շրջանի Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասնաբար քննեն ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցեր, մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։

Հետեւաբար, ժողովական աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մտահոգութիւնները։ Այս մասին ներկայ պատրիարքները ու յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ ու Եգիպտոսի պատրիարքները, ժողովական հայրերուն հետ բաժնեցին իրենց երկիրներուն մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ապրած դժուարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս նաեւ խօսք առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ իր մտածումները, մտահոգութիւններն ու թելադրութիւնները պարզեց ժողովին, հետեւեալ ամփոփ կէտերու մէջ խտացնելով զանոնք.-

1) Քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն նոր երեւոյթ մը չէ. քրիստոնէութեան ծննդավայրը հանդիսացած այս շրջանէն պատմութեան ընթացքին զանազան պատճառներով դժբախտաբար հեռացած են քրիստոնեաներ։ Այսօր քրիստոնէութեան պարզած ֆիզիքական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս մեզ խորապէս կը մտահոգէ, սակայն մենք միայն մեր ցաւը կամ ընդվզումը պէտք չէ արտայայտենք, այլ յոյս պէտք է ներշնչենք մեր համայնքներուն ու զանոնք աւելի կազմակերպելու ծրագիրներ մշակենք։

2) Քրիստոնէութիւնը, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք, կը պատկանի Միջին Արեւելքին, հո՛ս են իր արմատները եւ պատմութեան ընթացքին կարեւոր դեր է ունեցած շրջանի կրօնական, մշակութային, ընկերային ու քաղաքական կեանքէն ներս։

3) Որպէս տեղացիներ եւ լիիրաւ քաղաքացիներ, քրիստոնեաներ իրենց պարտաւորութիւնները լիովին կատարած են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, ժամանական է որ անոնք նաեւ տէր կանգնին իրենց իրաւունքներուն։

4) Երկար դարեր քրիստոնեաները ապրած են իսլամներուն հետ։ Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը մեր կեանքի կարեւոր տարածքներէն մէկն է։ Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը պէտք է վերաշեշտենք եւ միւս կողմէն դատապարտենք ծայրայեղականութիւնն ու բռնութիւնը, որոնք դարձած են արմատ տեսակ-տեսակ չարիքներու։

5) Քրիստոնէութիւնը դիմագրաւող ներկայ մտահոգութիւններու լոյսին տակ, քրիստոնէական միութեան ամրապնդումը հրամայական է։ Միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը, միացեալ ծրագիրներու մշակումը եւ մանաւանդ Զատկուան միացեալ թուականի ճշդումը գործնական արտայայտութիւն պիտի տայ քրիստոնէական միութեան։

6) Բնականաբար շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան պատմութեան այս հանգրուանին մենք կարիքը ունինք զօրակցութեան, արեւմտեան քրիստոնէութեան զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցիներու սփիւռքներու ամբողջական զօրակցութեան։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է որ նոր ծրագիրներ մշակուին։

Այս ընդհանուր մտածումներէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս նաեւ բոլոր ժողովականները, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ ապրող մեծ թիւով սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներուն մասին։ Անոնք շեշտեցին մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը ու միաժամանակ իրենց երկիրները վերադառնալու իրաւունքը։

Ապա, հոգեւոր պետերը Տիմանէն ուղղուեցան Նախագահական Ապարանք, ուր հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Աունի հետ։ Յաջորդաբար խօսք առին մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքը, Վեհափառ Հայրապետը, պապական նուիրակը, ասորի կաթողիկէ, գաղթէական եկեղեցւոյ եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքները։ Իր խօսքին մէջ Նախագահը ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ շեշտեց Լիբանանը միջազգային շրջանակներէն ներս որպէս կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան երկիր ներկայացնելու հրամայականը։

Վերոյիշեալ հանդիպումներուն Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.