«Առանց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու` Թուրքիա Ոչ Մէկ Ձեւով Կրնայ Յառաջդիմել» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման մասին «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքը սփռեց հարցազրոյց մը` «Մուրթաժալ մուֆիտ» անունը կրող յայտագիրին ընթացքին:

Հարցազրոյցի հրաւիրուած էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ յայտնեց, թէ ՀՅԴ Բիւրոյի հսկողութեան տակ գործող այս գրասենեակին նպատակն է Միջին Արեւելքի մէջ ձեւաւորել Հայ դատին զօրակցող արաբական հանրային կարծիք մը:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ գրասենեակը կը տրամադրէ պատմական եւ օրինական բոլոր փաստաթուղթերը` Հայ դատի ուսումնասիրութիւն կատարող գիտաշխատողներուն եւ հետազօտողներուն, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ խորհրդաժողովներ:

Սփիւռքի կազմաւորման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ սփիւռքի կազմաւորումը զանազան փուլերէ անցած է, մինչեւ որ հասած է իր այսօրուան իրավիճակին:

Ան ընդգծեց, որ Անատոլուն եղած է հայութեան հիմնական բնօրրանը` աւելցնելով, որ Արեւմտահայաստանի` ներկայ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրէր հայութեան մեծամասնութիւնը, այսինքն` 2.400.000 հոգի, Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ: «Իսկ Արեւելահայաստանի մէջ, ցարական Ռուսիոյ իշխանութեան տակ կ՛ապրէր հայութեան փոքրամասնութիւնը` 400.000 հայեր: 1927-ին Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ կատարուած վիճակագրութիւնը ի յայտ բերաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ` Պոլսոյ, Անգարայի եւ Անատոլուի մէջ մնացած են միայն 40.000 հայեր: Հայ ժողովուրդին մէկուկէս միլիոն զաւակները սպաննուեցան, իսկ մնացեալը տեղահանուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ դէպի Սուրիոյ անապատները` Տէր Զօրի ուղղութեամբ:

Անատոլուի մէջ ապրող եւ Արեւելահայաստանի հետ սահմանամերձ շրջանին մէջ բնակող 100.000 հայեր Արեւմտահայաստանէն ուղղուեցան Արեւելահայաստան, իսկ ո՛վ որ Անատոլուի մէջ մնաց` իսլամացաւ: Հոս կը խօսինք շուրջ 300.000 հայու մասին: Անոնք իսլամացան, որպէսզի ողջ մնան, իսկ իսլամանալու անոնց հիմնական պատճառներէն մէկն էր այն, որ անոնց զաւակները Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին թրքական բանակին մաս կը կազմէին, հետեւաբար անոնք ստիպուած մնացին այդ շրջանին մէջ», ըսաւ Վ. Եագուպեան:

Ան նշեց, որ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք հայութեան նպատակը եղած է իր գոյութիւնը պահպանել Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ: «Հայոց լեզուն, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները պահպանուեցան: Հայ ժողովուրդը կառուցեց եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, բարեսիրական միութիւններ: Ամբողջ նպատակը հայկական ինքնութեան պահպանումն էր: Այդ իմաստով հայութիւնը յաջողեցաւ իր ինքնութիւնը պահպանել թէ՛ արաբական աշխարհին, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ», շեշտեց ան:

Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ եթէ մէկը ուզէ տեսնել սփիւռքը եւ ծանօթանալ անոր կազմուածքին, պիտի նշմարէ, թէ տարբեր երկիրներու մէջ անոր կազմակերպուածութիւնը իրարու կը նմանի:

«Այսինքն` հայկական որեւէ շրջան այցելելու պարագային, կը տեսնէք, որ ակումբը, եկեղեցին եւ դպրոցը, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միութիւնը կողք-կողքի կը գործեն», յայտնեց Վ. Եագուպեան` աւելցնելով, որ սփիւռքի կազմաւորման նպատակը նաեւ այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահուի եւ հայութիւնը տէր կանգնի իր իրաւունքներուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայութեան հիմնական պահանջը Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմն է, Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ հիմնական պահանջը Ցեղասպանութեան ճանաչումն էր. այսինքն` ճանաչումով կը սկսի եւ անոր կը յաջորդէ հատուցումը:

«Թուրքիա տակաւին կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ուրացման քաղաքականութիւն որդեգրել: 104 տարի տոկացած եւ գոյատեւած հայը կրնայ տակաւին տարիներով տոկալ` Թուրքիայէն ցեղասպանութեան ճանաչումը ստանալու համար:

Ճանաչում կը նշանակէ հայոց քաղաքական իրաւունքներու ճանաչում, այսինքն` հայութեան իրաւունքներու հատուցում: Իսկ հատուցումը նիւթական եւ բարոյական հատուցում է:

Իբրեւ բարոյական հատուցում` մենք կը հասկնանք Ցեղասպանութեան ճանաչում` ճանչնալ հայութեան դէմ թուրքերուն գործած սպանդներ, ոճիրները եւ ահաւոր չարիքները: Իսկ իբրեւ քաղաքական հատուցում` մենք կը հասկնանք հայութեան իրաւունքներուն վերադարձը: Այսինքն` կալուածներ ու հողեր, որոնք հայութեան ազգային աւանդին մաս կը կազմեն, կրթական կառոյցներ, եկեղեցիներ, վանքեր, հիւանդանոցներ, անձնական կալուածներ, որոնք ժողովուրդը ձգեց եւ տեղահան եղաւ` օրին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած այն խոստումով, որ զանոնք աւելի ապահով վայրեր պիտի փոխադրեն:

Հայ ժողովուրդը իր բոլոր ինչքերն ու ունեցուածքը ձգեց ինչպէս որ էր, եւ հեռացաւ` ի մտի ունենալով, որ մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ: Անշուշտ մենք կը խօսինք հսկայական կալուածներու մասին, հսկայական հարստութիւններու մասին` հայոց անունով դրամատուներու մէջ մնացած հսկայական գումարներու մասին: Մենք կը խօսինք պահ դրուած ոսկիի մասին:

Այս բոլորը հայ ժողովուրդին իրաւունքն է, եւ մենք այս բոլորը կը պահանջենք Թուրքիայէն` ինչպէս որ է»:

Ներումի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը այսօր հարց չունի թուրքերուն հետ, այլ` Թուրքիոյ պետութեան, որ տակաւին կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը:

«Թուրք ժողովուրդը խեղճ է, որովհետեւ բան չի գիտեր իր պատմութեան մասին: Թուրքիոյ պետութիւնը այսօր պէտք է նոր էջ բանայ. այդ էջը պէտք է սպիտակ էջ մը ըլլայ` Օսմանեան կայսրութեան շառաւիղներուն պատմութեան մէջ: Պատմութեան մէջ կան նախընթացներ, օրինակ` Գերմանիան ճանչցաւ հրեաներուն ողջակիզումը եւ հատուցեց զանոնք: Այնքան ատեն որ կայ այս նախընթացը, ի՞նչը կ՛արգիլէ, որ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը», հարց տուաւ Վ. Եագուպեան:

Ան հաստատեց, որ կան շարք մը իրականութիւններ, որոնք կ՛արգիլեն Թուրքիան` Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ. անոնցմէ է թրքական ամուր ինքնութիւնը պահպանելու կարողութիւնը: «Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալով` թրքական ինքնութիւնը պիտի խախտի: Որովհետեւ Թուրքիան այսօր այնպէս է, ինչպէս որ էր անցեալին, այսինքն` անիկա ժողովուրդներու եւ փոքրամասնութիւններու խմբաւորում մըն է, որուն վրայ Թուրքիա իր ինքնութիւնը պարտադրած է», շեշտեց ան:

Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութիւնը խանգարող Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարին իրողութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութիւնը արգելակող հիմնական պատճառը չէ:

«Թէեւ Հայ դատի մարմինները իրենց հզօր եւ ծանօթ լոպիները ունին Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ, սակայն անիկա գլխաւոր պատճառ չէ, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան չանդամակցի, այլ` երկրորդական: Սակայն ասիկա չ՛արգիլեր, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրեն համար դրական քայլ մը ըլլայ` յառաջդիմելու: Այսինքն` Թուրքիոյ կողմէ իր անցեալի ճանաչումը անոր պիտի օժանդակէ` ներքին եւ արտաքին իմաստով յառաջդիմելու: Առանց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Թուրքիա ոչ մէկ ձեւով կրնայ յառաջդիմել. ան իր պատմութեան հետ պէտք է հաշտուի: Եթէ ան Եւրոպական Միութեան անդամակցի, ապա հոն եւրոպական ճնշում պիտի բանեցուի անոր վրայ: Թուրքիա չի կրնար ահաւոր ոճիրներով լեցուն իր պատմութեամբ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ: Անշուշտ միայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին չէ որ կը խօսինք, այլեւ` քրտական հարցին, փոքրամասնութիւններուն, ահաբեկչութիւններուն, որոնք այսօր կը կիրարկուին արաբական աշխարհին մէջ: Թուրքիոյ պատմութիւնը ոճիրներով լեցուն է. ան պէտք է ճանչնայ զանոնք, որպէսզի Եւրոպական Միութեան անդամակցի, իսկ առանց ճանաչումի անդամակցելու պարագային, ապա Եւրոպական Միութիւնը ճնշում պիտի բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ` բիւրեղացնելու համար իր պատմութեան էջերը», ընդգծեց Վ. Եագուպեան:

Հայութեան առօրեային եւ հաւաքական հզօր յիշողութեան պահպանումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր շնչած օդն է, կերած ճաշը եւ խմած ջուրը: Հայոց ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի առօրեային մաս կը կազմէ: Հայոց պատմութիւնը, հայ դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, հայերէնն ու մշակոյթը մեր առօրեային մաս կը կազմեն եւ հաւաքական յիշողութիւնը կերտած են:

Հաւաքական յիշողութիւնը իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի անձնական պատմութիւնն է, որ հաւաքագրուած է:

Հայ ընտանիքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան կապուած պատմութիւնները սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին, անոնք կաթիլ առ կաթիլ կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութիւնը, որուն տէր կը կանգնինք», շեշտեց ան:

Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ տեղահանութեան հիմնական նպատակը հայերը բնաջնջել էր, յատկապէս` Սուրիոյ անապատները ղրկելով զանոնք: Այս ժողովուրդը տարբեր էր, եւ այդ պատճառով թուրքը ուզեց բնաջնջել զայն եւ նկատի ունենալով, որ հայերը քրիստոնեայ էին, որոնք արաբական եւ իսլամական աշխարհ կ՛ուղղուէին, հոն պիտի գտնուէին նոր եւ օտար միջավայրի մէջ` մշակութային եւ կրօնական իմաստով, հետեւաբար հայ ժողովուրդը այդ շրջանակներուն մէջ պիտի վերջանար:

Սակայն ճիշդ հակառակը պատահեցաւ, արաբական աշիրեթները եւ ո՛վ որ հիւրընկալեց հայը, անոր ազատութիւն տուաւ` իր ինքնութիւնը պահելու:

1920-1921-ին Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ ներկայութիւնը աւելի ջերմ հիւրընկալութիւն ստեղծեց հայերուն հանդէպ: Ֆրանսական հոգատարութիւնը իր կարգին օժանդակեց հիւրընկալելու զանոնք: Լիբանանի մէջ տեղահանուած հայոց դիմագրաւած Ա. փուլը դժուար էր, սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, հայը արդէն իսկ համարկուեցաւ լիբանանեան շրջանակին հետ եւ լիբանանեան պետութեան բեռ չեղաւ, այլ` օժանդակեց Լիբանանի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան` տնտեսական, ընկերային, մշակութային, ձեռարուեստի եւ ճարտարարուեստի առումով: Ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ` Պաղեստինի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ:

Անշուշտ հայը դարձաւ այս երկիրներուն լիիրաւ քաղաքացին եւ իբրեւ այդպիսի հաւատարմութեամբ ծառայեց իր գտնուած երկրին բարգաւաճման` արժանի կերպով վայելելով իրեն տրուած քաղաքացիութեան իրաւունքները», եզրափակեց Վ. Եագուպեան:

ՆՇԵՆՔ, որ Վերա Եագուպեան «Ժումհուրիա» օրաթերթի յաւելուածին եւ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին նոյն գաղափարները արտայայտող հարցազրոյց տուած է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.