Ալէն Սիմոնեան պիտի չստանձնէ պատգամաւորական լիազօրագիրը

ԵՐԵՒԱՆ — Ազգային ժողովի պաշտօնավարող նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարած է, որ պիտի չստանձնէ պատգամաւորական լիազօրագիրը եւ պիտի չվերադառնայ նոր գումարման Ազգային ժողով։

Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Սիմոնեան հաստատած է, որ հարցը քննարկած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Սիմոնեան կը նկատուէր նաեւ նոր խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին հաւանական թեկնածուներէն մէկը։ Սակայն վերջին օրերուն իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը այդ պաշտօնին համար հաստատած էր ոչ թէ Սիմոնեանի, այլ Ազգային ժողովի ներկայ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը։

Առայժմ յստակ չէ, թէ 46-ամեայ Սիմոնեան ինչ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ յառաջիկայ շրջանին։ Ան հերքած է տեղեկութիւնները, թէ իրեն առաջարկուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնը՝ զանոնք որակելով «անհեթեթութիւն»։

Միաժամանակ, Սիմոնեան ընդգծած է, որ կուսակցութենէն հեռանալու մտադրութիւն չունի եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել իր քաղաքական կուսակցութիւնը։

Սիմոնեան, սակայն, շեշտած է, որ քաղաքականութեան դուռը չի փակեր։

Հարցումին, թէ արդեօք Նիկոլ Փաշինեանն ու ՔՊ վարչութեան անդամները բացատրած են, թէ ինչո՛ւ որոշած են Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրել Ռուբէն Ռուբինեանը, Սիմոնեան պատասխանած է, որ նման քննարկում տեղի չէ ունեցած։

«Չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ նման քննարկում տեղի չէ ունեցած։ Եւ եթէ ես տեսնէի, որ որեւէ պատճառ կայ, չէի առաջադրուեր», նշած է Սիմոնեան։