Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Մէջ Առնուազն 108 Հայկական Եկեղեցիներ Եւ Գերեզմանատուներ Քանդած Է. «Կովկասեան Ժառանգութեան Մոնիթորինկ»

«Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը հրապարակեց հետազօտութիւն մը, որ կը վկայէ, թէ Ազրպէյճանը 1997-2011 թուականներուն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ ամբողջութեամբ քանդած է առնուազն 108 հայկական վանք, եկեղեցի եւ գերեզմանատուն:

«Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը օգտագործած է բարձր թողունակութեամբ արբանեակային պատկերներ` հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը վաւերագրելու համար:

Այս թիւը կը ներկայացնէ հայկական մշակութային ժառանգութեան 98 տոկոսը, որ հետազօտողները յաջողած են բացայայտել: Այս գտածոները առաջին անգամ կը ներկայացնեն համոզիչ ապացոյցներ` հայկական մշակոյթի հետքերուն լուռ եւ համակարգուած ջնջումը, որ եղած է Ազրպէյճանի ներքին ցեղային քաղաքականութեան բնորոշ գիծը:

«Փաստացի հիմքեր կան, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը սպառնայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին: «Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմը արդէն փաստագրած է 6 հաստատուած աւերածութիւններ, 7 հաստատուած վնասներ եւ 17 սպառնալիքի տակ գտնուող ուրիշներ` 2020 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկրորդ պատերազմի սկսելէն ետք:

Այս կայքը եւ «Կովկասեան ժառանգութեան մոնիթորինկ» փլաթֆորմին յատուկ զեկոյցը կը ներկայացնէ առաջին համակարգուած գնահատականը Նախիջեւանի բոլոր հայկական վանքերուն, եկեղեցիներուն եւ գերեզմանատուներուն,  որոնք գոյութիւն ունեցած են խորհրդային ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան: «Մեր աշխատանքը հիմնուած է 1970-ական եւ 1980-ական թուականներու ամերիկեան գաղտնազերծուած արբանեակային պատկերներու, 1930-1990 թուականներուն խորհրդային տեղագրողներու կողմէ ստեղծուած մանրամասն քարտէսներու եւ ժամանակակից առեւտրական արբանեակային պատկերներու վրայ` պատմական, ճարտարապետական եւ եկեղեցական նշանակութեան յուշարձանները, այդ թիւին մէջ` հազարաւոր տապանաքարերով գերեզմանատուները գտնելու եւ գնահատելու համար», նշած են զեկոյցին հեղինակները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.