Ազգայնականութենէն անդին. գործուն հայրենասիրութեան դերը պետականութեան 100-ամեակի նախօրէին

Վարագ Գեթսեմանեան , Ռաֆֆի Արտալճեան

Այս յօդուածին անգլերէն բնագիրը լոյս տեսած է «Արմինիըն ուիքլի»ի մէջ։ Այս յօդուածը հայոց պետականութեան 100-ամեակին նուիրուած շարքին առաջին յօդուածն է:

Անցաւ Մայիս 28 մը եւս, եւ հայերը նշեցին Հանրապետութեան տօնը` այն օրը, երբ Հայաստանը դարձաւ հանրապետութիւն եւ ստեղծուեցաւ 1918 թ. ժամանակակից հայկական պետութեան նմոյշ` 1375 թ. Հայոց պետականութեան կորուստէն ի վեր:

Այս տարի լրացաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակը: Հակառակ մեր բազմադարեայ պատմութեան մէջ փոքրիկ անկիւնադարձ մը ըլլալուն՝ ան կարեւոր հանգրուան է քննադատական անդրադարձի համար: Այդ մէկը փորձ մըն էր միաժամանակ ստեղծելու ֆիզիքական հայկական պետականութիւն եւ հաստատելու այն ժամանակուան համար հնարաւոր լաւագոյն կառավարութիւնը:

Այն ժամանակէն ի վեր, ինչպէս եւ 2017 թ.-ին, Հայաստանը պատմական խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով անցում կատարեց նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուած խորհրդարանական ժողովրդավարութեան: Թէեւ ընտրութիւնները ժամանակ առ ժամանակ կը պղտորէին քուէներու գնման եւ միջամտութեան դէպքերով, քուէարկութեան խախտումներու եւ կեղծիքներու վերացման նպատակով ներդրուած թեքնիք լուծումներն ու ընթացակարգերը կարծես թէ բարելաւած են ընտրական չափանիշները, մինչ Հայաստանը կը շարունակէր կաղալ յետխորհրդային անցումային շրջանին:

Մինչ սփիւռքահայ համայնքներուն մեծ մասը զբաղած էր «Խոստում» (The Promise) ֆիլմի քարոզարշաւով, Երեւանի մէջ Ապրիլին տեղի ունեցաւ աննախադէպ համաժողով, որ կ’անդրադառնար վերջին ժամանակներուն Հայաստանի քաղաքական բառապաշարին մէջ նոր թափ ստացած քաղաքական տեսլականին. խօսքը «ԱզգԲանակ»ի մասին է (A Nation in Arms/Das Volk In Waffen).

Այս առումով կարծես գոյութիւն ունի սխալ ուղղորդուած զայրոյթ, մեծ խառնաշփոթ եւ որոշակի անտարբերութիւն, մինչ ան անցում կը կատարէ ցեղասպանութեան յաջորդ դար եւ կանգնած է հաստատուն ու կայուն պետականութեան մարտահրաւէրներու առաջ:

Յօդուածին մէջ հեղինակներուն նպատակն է անդրադառնալ 21-րդ դարուն հայկական քաղաքական մտքի որոշ առանցքային հարցերուն. ի՞նչ նշանակութիւն ունի Մայիսի 28-ն հայերուն համար՝ Հայաստանի վերանկախացումէն 26 տարի ետք: Արդեօ՞ք արդի հայկական ինքնութեան հիմքին մէջ առկայ է ազգայնականութեան մէջ մատնանշուող դարաւոր թուրքատրպէյճանական գոյաբանական սպառնալիքը։

Արդեօ՞ք Հայաստանը ձախող պետութիւն է: Կամ արդեօ՞ք ան աւելի խորքային խնդիրներ ունի օրակարգի վրայ, ինչպիսիքն են «յետխորհրդայինէն» «հայկական պետութիւն» դառնալու անցումային պայքարը, մինչ հայերը կը դիմակայեն պետականութեան մարտահրաւէրները:

Երկու հեղինակներն ալ մեծցած են լիբանանահայ համայնքին մէջ, ուր Մայիս 28-ն միշտ սիրուած տօն էր, քանի որ յոյսի եւ վերածնունդի զգացողութիւն կը ներշնչէր։

Պէյրութի Համազգայինի Փալանճեան ճեմարանին մէջ (ուր յաճախած են այս յօդուածին հեղինակները) պատրաստուած են հայ հասարակական գործիչներու եւ մտաւորականներու սերունդներ, որոնցմէ է՝ դոկտոր Վարդան Գրիգորեանը (Կարնեգի հիմնադրամի նախագահ): Նախկին տնօրէններ Լեւոն Շանթի (առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ) եւ Սիմոն Վրացեանի (առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը) արձանները սփիւռքահայ սերունդներու համար յոյսի մշտական յիշեցում էին:

Յոյսի զգացումը, որուն կրցան հասնիլ հանրապետութեան հիմնադիրսերունդը , կը հակադրուի այսօուան իրականութեան: Սփիւռքի մէջ շատերուն համար անկեղծօրէն պղտոր է հայութեան՝ պետականութեան շուրջ նկրտումներու ապագան։ 1860-ականներէն ի վեր հայութեան առ պետութիւն եւ առ պետականութիւն ճանապարհը պատուած է փուշերով՝ ցեղասպանութիւն, խորհրդայնացում, 1930-ականներու պոլշեւիկեան բռնաճնշումներ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հսկայական կորուստներ եւ վերջին շրջանին՝ շրջափակում ու պատերազմ Ատրպէյճանի դէմ:

Սակայն հայկական հանրապետութեան համար իրավիճակը աւելի վատթարացաւ 1991 թ. ի վեր. Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդը հեռացաւ հայրենիքէն՝ հիմնականօրէն պետական տնտեսութեան ապաարդիւնաբերականացման եւ գործազրկութեան մակարդակի բարձրացման հետեւանքով: Միւս կողմէն սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ հայկական ինքնութիւնը կարծես յայտնուած է ձուլման վտանգին առաջ, իսկ ոմանք ալ կը ձգտին դէպի երբեմնի հարազատ էթնոկրօնական ինքնութիւնն ու համայնքները: Այս երեւոյթ մըն է, որ այսօրուան դրութեամբ նոր թափ առած է տեխնոլոկիաներու եւ կլոպալացման շնորհիւ՝ համայնքները վերածելով տարատեսակ ենթամշակոյթներու եւ հեռացնելով յետցեղասպանութեան սերունդի հայոց «հաւաքական գործակալութենէն»:

Այնպէս կը թուի, թէ մարդկութիւնն ու կլոպալացումը հայերուն աւելի շատ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն կը տրամադրեն, քան ինքը՝ նորաստեղծ ազգպետութիւնը, եւ կլոպալ հայերը կարծես աւելի շատ կը հակին տեղական հայկական էթնիկ պարտաւորութիւններու, քան բազմաբնոյթ սփիւռքեան զբաղմունքներու: Տեղաբնիկները սփիւռքահայերէն կը տարբերին անով, որ անոնց տեսլականները «բազմաբնոյթ» չեն, եւ իրենց բազմաբնոյթ ինքնութիւնը չեն կապեր այլուր ապրող հայերու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի հետ երեւակայական յարաբերութիւններով:

Բացի այդ, հայերը կարծես ժխտականօրէն կը յարին դէպի «անհատական գործակալութեան» տիրոյթ, քանի որ շատերը ի վիճակի են աւելի շատ վայրերու մէջ կլոպալ աշխատիլ: Բայց արդեօ՞ք մարդկութիւնը չափազանց շատ ու բազմազան է, որպէսզի իմաստալից հաղորդակցում ապահովէ փոքրաթիւ հայ ազգի անդամներուն համար: Արդեօ՞ք տեղական, էթնոկրօնական համայնքները բաւարար են անդրազգային ազատականութեան եւ բազմամշակութային ճնշումներուն հակազդելու համար: Արդեօ՞ք որեւէ քաղաքական կապուածութիւն չունեցող «թուղթով հայերը» (Հայաստանի մէջ կամ դուրս) բաւարար են՝ ապահովելու ազգային պետութեան հետագայ զարգացումը պետականութեան 100 տարիներէն ետք։ Թէեւ դժուար է պատկերացնել կատարեալ հասարակութիւն, մենք կը համարենք, որ Հանրապետութեան օրուան առթիւ նպատակայարմար կ’ըլլայ առաջ քաշել հայ հասարակութեան վերաբերող առանցքային հարցեր:

Գաղափարախօսական տեսանկիւնէն, հայեացք նետելով վերջին քառորդ դարու հայ ազգայնականութեան, կարելի է ըսել, որ այն ինքնին անբաւարար է ազգպետութիւն գաղափարախօսութեան հիմնական նպատակներու ստեղծման համար: Հայ ազգայնականութիւնը հիմնականօրէն չկրցաւ.

· Ստեղծել կայուն ազգային տնտեսութիւն

· Ստեղծել պատշաճ կառավարում, որ միաւորէ Հայաստանի համայնքներն ու մարզերը Երեւանէն եւ սփիւռք(ներ)էն դուրս

· Ստեղծել նուազագոյն ազգային քաղաքական մշակոյթ (համընդհանուր արժեհամակարգ եւ հայկական աշխարհայեացքներու համակարգ) եւ նոյնականացում ամբողջ ազգի, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռք(ներ)ին համար

· Ամենակարեւորը, մեր կարծիքով չէ յաջողած ստեղծել արդիւնաւէտ կառավարում, որ ականջալուր ըլլար քաղաքացիներուն կարիքներուն: Կառավարում, որ միւս երկիրներէն սորվէր մշակել քաղաքականութիւն եւ իր երկարաժամկէտ բլանաւորման ու կատարման մէջ օգտագործէ տուեալներ եւ սցենարներ:

Մինչ նոր ինքնութիւններ նկարագրելու կամ առաջ քաշելու համար կը կիրառուին հայ «անդրազգ», իսկ այժմ նաեւ «կլոպալ հայ» (ի դէմս Ռուբէն Վարդանեանի՝ ի շարս այլոց) հասկացութիւնները, իրականութեան մէջ կարծես չկայ հիմնարար հաւաքական, ազգային ինքնութիւն, որ կրնայ «հաւաքական գործակալութեան» աղբիւր հանդիսանալ ճգնաժամերու պարագային կամ ծառայել որպէս ազգային տեսլական:

Մեր կարծիքով հետ անկախութեան համախմբման միակ իրական կոչը եղաւ 2016 թ. Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը զգաց կարճաժամկէտ, ծանօթ գոյութենական վտանգ: Հայերու կլոպալացումը այսօր կրնայ պահանջել նոր սկզբունքներու վերակառուցում` հայրենիքի մէջ եւ անդին ազգի «լավագոյնն ու պայծառագոյնը» ոգեւորելու համար: Ան կարող է պահանջել, որ բազմաբնոյթ ինքնութիւնները կապակցուին իրենց բնակավայրին ու հայրենիքին՝ համատեղելով անդրսահմանային, միջսահմանային մշակոյթը, քաղաքականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը, ընդգրկելով հայերու աւելի ստուար հատուած, քան Հայաստանի շարունակաբար նուազող երկու միլիոն քաղաքացիները (որոնց 35%-ը դեռեւս յետխորհրդային աղքատութեան թակարդին մէջն է) կամ Սփիւռքի ենթամշակոյթներու որեւէ փոքրիկ էթնոկրօնական համայնքը:

Հեղինակները կը հաւատան, որ գոյութիւն ունեցող գաղափարական ունայնութեան այլընտրանք կրնայ հանդիսանալ հայ սահմանադրական հայրենասիրութեան քաղաքացիական ձեւերու աստիճանական զարգացումը` որպէս ազգպետութեան եւ անոր սփիւռքներու արժեհամակարգ: Ի՞նչ կը նշանակէ հայրենասիրութիւն: Ըստ Ռոն Փոլի (ԱՄՆ պոպուլիստական գաղափարախօս), «Հայրենասէրը այն անհատն է, որ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ պատրաստ է կանգնելու իր իսկ իշխանութեան դէմ, երբ վերջինս սխալ է»: Հայ ինքնութեան պարագային հայրենիքի հետ կապը պէտք է ի յայտ գայ ոչ միայն արտաքին սպառնալիքներու առկայութեան պարագային, այլեւ պէտք է առաջնորդուի ընդհանուր խորքային սոցիալական արժէքներով, որոնք կրնան արդիւնաւէտ եւ ներառական աշխատանքի համար աւելի համակողմանի հարթակ ապահովել: Մենք զայն կը կոչենք «հայկական արժեհամակարգ»:

Մենք այս յօդուածով կը պնդենք, որ 21-րդ դարու արագ փոփոխուող իրողութիւններու պայմաններուն մէջ հայկական քաղաքական միտքը ընդհանուր առմամբ պէտք է վերափոխուի՝ դառնալով «հայկական արժեհամակարգի» պաշտպանը: Քաղաքագէտ Իրինա Ղափլանեանը այս մէկը կ’անուանէր «իմաստի ստեղծում», որ կրնայ նաեւ նշանակել ձեւակերպել, թէ ինչի՛ն կը յանգեցնեն ազգակերտման զարգացման նոր գործընթացներն ու կառոյցները չափանշային ընկալումէն անդին: Եթէ հայ ազգը որպէս առաջնային քաղաքական միջոց կը պատրաստուի անցեալին թողել իր յետխորհրդային ինքնութիւնը, որպէսզի պահպանէ անդրազգի առաջընթացը, ապա հայ քաղաքական միտքը առնուազն պէտք է աւելի լաւ ձեւակերպումներ առաջարկէ «իմաստալից հայկական արժէքներ եւ ճակատագրի զգացում» հասկացութիւններու համար:

Մենք կը կարծենք, որ այդ արժէքները պէտք է պարունակեն շատ աւելին, քան այն ինչը, որ կ’անտեսուի արդի հայ ազգայնականութեան մէջ. այդ արժէքները պէտք է դուրս գան զուտ ազգային աւանդոյթներէն եւ ծիսակրօնական նորմերու սահմաններէն (այո՛, մեր եկեղեցին ծիսական է եւ ոչ միշտ՝ հոգեւոր) եւ անդրադառնան Հայաստանի քաղաքացիներու եւ սփիւռքահայերու վրայ ազդեցութիւն ունեցող համապատասխան տնտեսական ու սոցիալական քաղաքականութիւններուն, ինչպէս վարուեցան այլ փոքր ազգպետութիւնները՝ սկանդինաւեան երկիրները, Սինկափուրը եւ նոյնիսկ Տուպայը:

Այսօրուան պոպուլիստական ազատական ազգայնական օրակարգէն դուրս մնացեր են հայ հասարակութեան սոցիալական եւ կառուցուածքային հիմնահարցերը: Անոնք կը ներառեն քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հետապնդումները, հայ կանանց խնդիրները եւ, ամենակարեւորը, ֆինանսական անհաւասարութիւնն ու աղքատներու հիմնախնդիրը:

Այսօրուան Հայաստանի միւս խնդիրը, որ կը մտահոգէ հեղինակները, Հայաստանի վերնախաւի (որոնցմէ նաեւ՝ ինքնաբաւ սփիւռքահայերու) յաճախ տխրահռչակ լիիրաւութեան զգացումն է, որ Հայաստանը կը դիտարկէ որպէս անձնական կտաւ ու փորձադաշտ: Հասարակական կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ` կրթութենէն մինչեւ մշակոյթ եւ գործարար ոլորտ, երթալով աւելի յաճախ ականատես կ’ըլլանք «ոչ ներառական էլիտար եւ յաճախ բացառական միտումներու»: Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ կարծես վերնախաւը սեփական համակարգը պարտադրեր է հասարակութեան՝ ունեւորներու եւ չունեւորներու միջեւ: Ունեւորները իրենց լիազօրուած կը համարեն վերահսկել քաղաքականութիւնը, գործարարութիւնը, երկրի կառավարումը, ինչպէս նաեւ ապագայի Հայաստանը ձեւաւորելու / կազմաւորելու փորձերը: Իսկ միւսները պարտաւոր են ծառայելու բանակին, քաջալերողի դեր խաղալու, հանդէս գալու որպէս օգնականներ / բանուորներ կամ ըլլալ ծայրայեղ աղքատ։ Հեղինակներուն այստեղ աւելի քիչ կը մտահոգեն տնտեսական հաւասարութեան յարաբերական տարբերութիւնները, քան անոնց հետ կապուած արդարացիութիւնը, արդիւնաւէտութիւնն ու հնարաւորութիւնները:

1918 թ. Առաջին հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակ կառավարուելով այն ժամանակ «կեդրոնական ձախ կուսակցութիւն» Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կողմէ, իր ժամանակին մէկ կուսակցութեան կամ հասարակական դասի մենաշնորհ չէր: Կարելի է պնդել, որ այն, ըստ էութեան, շատ առումներով առաջադէմ ամրոց էր. այն տուած է դիւանագիտութեան նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին կին դեսպանը՝ Տիանա Աբգարը: Մենք չենք սկսիր մեկնաբանել այսօր Հայաստանի մէջ կանանց իրավունքները, քանզի վերջերս լրատուամիջոցներուն մէջ շատ բան լուսաբանուած է: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ կարծես միասնաբար յետընթաց ապրած ենք:

Գործնականօրէն հեղինակները կը կարծեն, որ հայոց յաջորդ գաղափարական պատերազմը պիտի չծաւալի ազգայնական դաշտի վրայ կամ նոյնիսկ հայերու սրտերուն ու մտքերուն մէջ: Այդ կռիւ կ’ըլլայ կոշտ փաստերու դէմ, որ պատասխաններ կու տայ այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են՝ արդեօ՞ք Հայաստանի տնտեսութիւնը կրնայ աճ ապահովել, եւ արդեօ՞ք աղքատացած քաղաքացիները հնարաւորութիւն կ’ունենան չքաւորութենէն դուրս գալու իրենց արժանիքներուն շնորհիւ: Քաղաքացիները կը գնահատեն, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ է աշխատանքի եւ կապիտալի բաշխումը Հայաստանի մէջ, եւ արդեօք խաղի կանոնները բաւական կայուն են, որպէսզի աճ ու աւելի բարեկեցիկ ապագայ ապահովեն իրենց սերունդներուն համար: Հակառակ պարագային անոնք կ’արտագաղթեն: Այս առիթ է հայ քաղաքական մտքին համար, որպէսզի աւելի զարգացնէ անհրաժեշտ ծառայութիւնները, ինչպիսին կրթական համակարգն է՝ այն բախտի քմահաճոյքին թողելու փոխարէն: Օրինակ, Երեւանէն դուրս մարզերուն մէջ ծնած երեխաները այսօր աշխատաշուկայ մուտք կը գործեն աւելի քիչ պատրաստուածութեամբ, քան Երեւանի վերնախաւի զաւակները:

1990 թ. Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը, որ կը ներառէր 12 դրոյթներ եւ յետագային ու մինչեւ օրս կը ծառայէ որպէս Հայաստանի Սահմանադրութեան «զարգացման հիմք», կարծես չ’արտացոլեր «հայոց արժեհամակարգը»: Ազգային պետութենէն դուրս այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ կարծես շատ սփիւռքեան հայկական կառոյցներ, ինչպէս եկեղեցին եւ այլք, համընթաց չեն ներկայ ժամանակին հետ եւ ի վիճակի չեն պահպանելու «համայնքի ոգին» ու ընդհանուր կապերն ազգի՝ որպէս ամբողջութեան, եւ հայրենիքի միջեւ:

Նման միջավայրի մը մէջ նեղ հայ ազգայնական քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, որ բացառապէս հիմնուած է ինքնիշխանութեան ու ինքնավարութեան ձգտող սակաւաթիւ ազգի էթնոկրօնական ինքնութեան վրայ, երթալով աւելի անարդիւնաւէտ կը դառնայ 21-րդ դարու բարդ եռուզեռին մէջ: Յետ պաղ պատերազմեան դարաշրջանին հայերը կ’երազէին «նոր աշխարհակարգ», որով ժողովրդավարութեան եւ աշխատանքային բարոյականութեան տարածումը ինքնաբերաբար կը յանգեցնէին ազատ, անկախ եւ բարգաւաճ Հայաստանի: Այդ երազանքը ըստ երեւոյթին աւարտեր է, եւ եթէ հայերը կը ցանկան դիմագրաւել պետականութեան մարտահրաւէրները, ապա անոնց դիմաց կը սպասուի խիստ անհրաժեշտ զարգացման երկար ու ձիգ ճանապարհ:

2017 թ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս անցում կատարեց խորհրդարանական ժողովրդավարութեան, ինչպէս եւրոպական շատ երկիրներ: Այնուամենայնիւ, հայաստանեան կեանքի քաղաքական պատկերը (ձախաջ առանցքի երկայնքով) դեռեւս հեռու է լիարժէք ըլլալէ եւ դեռ զարգացման տեղ ունի: Այսպէս, չնայած կառավարութեան կազմին մէջ ՀՅԴի ներկայութեանը, վերջին 25 տարիներուն ընթացքին կուսակցութեան ձախակողմեան գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի մէջ գրեթէ չի զգացուիր: ՀՅԴի կողմէն սոցիալական արդարութեան կոչերը իրենց արտացոլումը չեն գտած սոցիալական եւ տնտեսական քաղաքականութեան վերաբաշխիչ գործողութիւններուն մէջ։ Ըստ վերջերս Ֆրետրիխ Էպըրտ հիմնադրամին (Friedrich-Ebert-Stiftung) կողմէ հրատարակուած հետազօտութեան՝ հայ երիտասարդութեան մեծ մասը ինքզինք հաստատաբար կը տեսնէ քաղաքական պատկերի սոցիալիստական կողմին մէջ: Նմանապէս, այլ առանցքային հարցեր, ինչպիսիք են ֆեմինիստական եւ կանաչ շարժումները, հայկական ձախակողմեան քաղաքական դաշտին մէջ դեռեւս չեն գտած իրենց տեղը:

Մինչ աշխարհասփիւռ հայութիւնը յառաջիկայ տարի կը պատրաստուի տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, սովորական դարձած տօնական միջոցառումներէն ու արձաններ վեր խոյացնելու արարողութիւններէն անդին դեռ շատ ընելիքներ կան, որպէսզի այն համահունչ դառնայ 1918 թ. Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերու ոգիին: Ինչպէս Արամ Մանուկեանը, որ լայնօրէն ճանչցուած է որպէս Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, «մարդոցմէ վհատ դարբնեց բանակ», այնպէս ալ այսօրուան Հայաստանի մարտահրաւէրները կը պահանջեն նմանատիպ քաղաքական կամք եւ հնարամիտ ուղեղներ:

Յօդուածը կը փափաքէինք աւարտել երջանկայիշատակ ընկեր Ալէն Եկիկեանի պլոքէն մէջբերմամբ. «Տարիներ առաջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի քաոսի եւ Ցեղասպանութեան խառնաշփոթի պայմաններուն փոքրաթիւ, բայց տոկուն ժողովուրդ, ուժ գտնելու համար յենելով իր անցյալին, ոտքի ելաւ Սարդարապատի մատոյցներուն յանուն իր ազատութեան վերջին անգամ մարտնչելու համար: Վտանգուած էր իր գոյատեւումը»:

Այսօր, գրեթէ մէկ դար անց, խաղասեղանին դրուած է Հայոց պետութեան գոյատեւման հարցը: Այս անգամ վերջինիս անվտանգութիւնը վտանգուած է ոչ միայն թուրքատրպէյճանական առանցքով (եւ ռուսական աշխարհաքաղաքականութեամբ), այլ հայկական քաղաքական արժէքներու զտման եւ հայկական ինքնութիւնն ու պետութիւնը իրարու կապող հայկական աշխարհայեացքի բացակայութեան պատճառով, մինչ մենք կը շարունակենք դիմակայել պետականութեան մարտահրաւէրները: Այս միտումները ի չիք դարձնելու համար հայոց կեանքին մէջ առնուազն բարոյական վերածնունդ է անհրաժեշտ: Եթէ հաւաքական պետութիւնը իսկապէս որեւէ նշանակութիւն ունի, ապա հայերը պէտք է զարգացնեն ստատուս քվոյի հանդէպ արդարացի դժգոհութեան կեցուածք:

Երկու հարիւր հազար տարի առաջ Ափրիկէի մէջ առաջացաւ մարդը եւ գաղթի ու զարգացման միջոցով ընդլայնուեցաւ դէպի հայկական լեռնաշխարհ ու անդին: Ինչպէս կը վկայեն կլոպալ գաղթականութեան եւ յարմարուողականութեան տուեալները, այդ զարգացումը դեռեւս անընդմէջ կը գործէ: Ներկայիս մէկ օրուան մէջ մեր ուղեղ մուտք գործող տեղեկատուութեան քանակը կը գերազանցէ 19-րդ դարու եւ 20-րդ դարասկիզբի միջին վիճակագրական հայու ստացած տեղեկատուութեան մակարդակը: Ամենայն հավւականութեամբ, պետականութեան ոլորտին մէջ առաջընթացի ուղին պահանջելու է, որ հայերը դրսեւորեն յստակ, տարբերակուած դիրքորոշում, որպէսզի իրենց ազգային պետութիւնը առաւելութիւն ստանայ ներդրումներու, գործարարութեան ու զբօսաշրջութեան ներգրաւման, ինչպէս նաեւ իր արտահանման շուկաներու ձեւաւորման առումով: Ամենակարեւորը, այդ մէկը հայերէն կը պահանջէ աւելի յստակ ձեւակերպել «հայոց երազանքի» սկզբունքները, որպէսզի հայ ինքնութիւնը «իմաստալից հաղորդակցում» ապահովէ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած ազգպետութեան համակարգին մէջ, շատ այլընտրանքներու գոյութեան պարագաներուն: Մասնաւորապէս, ընդամէնը 26 միլիոն բնակչութիւն ունեցող սկանդինաւեան երկիրները հաւաքական «արժեհամակարգի» վառ օրինակ են, որոնք կը զարգանան եւ կը յարմարեցուին ժամանակակից կեանքին: Շատերը, որոնք կը նախընտրեն այնտեղ բնակութիւն հաստատել, մասամբ այդ մէկը կ’ընեն «սկանդինաւեան երազանքի»ն նկատմամբ ունեցած համակրանքին պատճառով:

Ազատական կամ պոպուլիստական հայկական ազգայնականութիւնը պարզապէս չի կրնար ըլլալ Հայաստանի պետականութեան մարտահրաւէրներուն պատասխանը: Հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ աւելի խորամուխ ըլլալու այս մտաւոր ճգնաժամին մէջ, քանի դեռ հայ էթնոազգային ինքնութիւնը կը շարունակէ յարմարիլ ու զարգանալ: «Մեր Հայրենիքը»՝ 1918 թ. Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային օրհներգը, վերստին ընդունուեցաւ որպէս 1991 թ. նորանկախ պետութեան օրհներգ: Ներկայիս Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ այն գործնականօրէն քաղաքացիական կրթութեան տարր է: Որպէսզի օրհներգը իմաստալից հաղորդակցում ապահովէ հայոց անդրազգի գալիք սերունդներուն, այն պէտք է շարունակէ հայրենասիրութեան զգացում եւ նուիրում արթնցնել ոչ միայն հայկական բարձրվանդակի աշխարհագրութեան ու հինաւուրց մշակոյթի, այլեւ աւելի շատ դէպի ժամանակակից ու արդիւնաւէտ հայ հասարակութեան նոր քաղաքացիական արժէքներու նկատմամբ:

*******

Այս յօդուածը հայոց պետականութեան 100-ամեակին նուիրուած շարքին առաջին յօդուածն է:

Վարագ Գեթսեմանեանը «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, «Ասպարէզ» եւ «Արմինյըն ուիքլի» շաբաթաթերթերուն մէջ յաճախ հանդէս եկող հեղինակներէն է: Ներկայիս Փրինսթոնի համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի ֆակուլտետի ասպիրանտ է:

***

Ռաֆֆի Արտալճեան ֆինանսներու եւ տեխնոլոկիաներու մասնագէտ է եւ սփիւռքահայ քաղաքական գործիչ, որ անկախութեան տարիներէն ի վեր Հայաստանի մէջ կը զբաղի հասարակական ձեռներէցութեամբ: Շրջանաւարտ է իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան Ֆլետչերի դպրոցէն եւ Շիքակոյի համալսարանի Բութի պիզնեսի դպրոցէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.