Ազգային Նիւթով Գիրքեր՝ Արայիկ Յարութիւնեանին․ ՀՅԴ ՀԵՄ Անդամները ԿԳՄՄ Նախարարին Գիրք Նուիրելու Օրը Անակնկալ Ըրին. (տեսանիւթ)

ՀԵՄ-ականները ՀՅԴ պատմութեան, ինչպէս նաեւ առաջադիմութեան վերաբերեալ գիրքեր նուիրած են ՀՀ ԿԳՄՄ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Գիրք նուիրելու օրը՝ Խնկօ Ապոր անուան գրադարանին մէջ հանդիպելով նախարար Յարութիւնեանին, ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Քրիստինէ Վարդանեանը ըսած է,- «Այս գիրքերը կը նուիրենք, որպէսզի կարդաք եւ չսխալիք այս նիւթերուն մասին խօսելու ժամանակ»։

ՀՅԴ ՀԵՄ-ականները նաեւ շնորհաւորած են Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը եւ Գիրք նուիրելու տօնը։

https://www.facebook.com/arfhemofficial/videos/483457932319016/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.