Դրօշակի օրհնութեան արարողութիւն Թորոնթոյի մէջ
1377
0
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէին, Մայիսեան Տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, կիրակի 1 յունիսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչ՝ Արամ Մանուկեանի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն՝Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) մահուան 95-ամեակի եւ Մայիսեան ճակատամարտներու ընթացքին զոհուած նահատակներու յիշատակին, Սբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ:
Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք կատարուեցաւ Եռագոյնի օրհնութիւն, որ ապա բարձրացուեցաւ ՀՄԸՄի սկաուտներու ձեռամբ, որուն ընկերակցեցան ներկաները Հայաստանի օրհներգով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: