Լիբանանի մէջ հայկական բանակի խաղաղապահ գունդ պիտի տեղակայուի
1229
0
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Պելճիքայի մէջ Յունիս 3-ին հանդիպած է Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար տիկին Ռոպերթա Պինոթթիին: Հանդիպման ընէացքին քննարկուած են հայ-իտալական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեանն առնչուող հարցեր։
ՀՀ և Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան և Իտալիայի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջև Լիբանանի մէջ Միացեալ Ազգերու Ժամանակաւոր Ուժերուն մէջ համագործակցութեան և օժանդակութեան մասին» համաձայնագիրը։ Ըստ համաձայնագրին Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ UNIFIL-ի իտալական զօրախումբին մէջ պիտի ընդգրկուի հայաստանեան խաղաղապահ գունդ մը։