Յետ մահու պարգևատրում նահատակ սահմանապահ զինուորին


 

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ Մայիս 20-ին հակառակորդի կողմէ արձակուած գնդակէն մահացած է զինուորական ծառայող, 1994 թուականի ծնունդ Արթուր Սէյրանի Օհանջանեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը:

Զինծառայող Արթուր Օհանջանեանը յետ մահու պարգևատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով։ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը ջոկատի հրամանատար, կրտսեր տասնապետ Արթուր Օհանջանեանին պարգևատրելու մասին հրամանագիրը ստորագրած է մայիս 21-ին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.