«ԶԱՄԱՆ»Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ Էրտողանի Յայտարարութիւնը Սփիւռքահայերու Ճնշումին Արդիւնքն Էր


ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կատարուած յայտարարութեանց՝ նշելով.
«Ապրիլ 24ի նախօրէին Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնը գրաւեց միջազգային եւ տեղական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Ոմանք զայն նկատեցին պատամական քայլ դէպի առաջ, իսկ ուրիշներ՝ վիրաւորական քայլ՝ Թուրքիոյ պատմութեան նկատմամբ:
Յայտարարութիւնը հաղորդագրութիւն մըն էր, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ այն բոլորին, որոնք Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մեծապէս տառապած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն: Յատկանշական է, որ այս յայտարարութիւնը, որ չբաւարարեց հայերը, կատարուած է այդ ոճրագործութենէն 99 տարի ետք:
Թուրքիոյ պատմութեան կաճառը կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, իսկ հասարակութիւնը պէտք է կոչ ընէ, որ Էրտողան յաջորդ տարի եւս յայտարարութիւն մը կատարէ, եւ պէտք է պահանջէ թուրք դիւանագէտներէն՝ ճշմարտութիւնը ըսել 1915ի իրադարձութիւններուն մասին:
Ամենակարեւորն այն է, որ նման յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ այն երկիրի վարչապետը, ուր հայերը կը համարուին թշնամիներ եւ շարունակ կը վիրաւորուին: Այդ երկրին մէջ է, ուր կը սպաննեն Հրանդ Տինքը, Սեւակ Պալըքճին, կամ տարեց հայ կիներ յարձակումներու կ՛ենթարկուին մինչեւ այսօր:
Վերջին տարիներուն, Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան ցանկութիւնն ու յաջողութիւները հայերու ցաւը կիսելն էր: Այնուամենայնիւ, պէտք է նշել, որ նման յայտարարութեամբ վարչապետին հանդէս գալու դրդապատճառը եղած է արտաքին ճնշումները:
Ակնյայտ է, որ այս յայտարարութիւնը Սփիւռքի հայկական գործիչներու լոպիական աշխատանքին արդիւնքն էր»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.