Վաքըֆ Տարուած 18 Քեսապահայերը Հասան Լիբանան
Թրքական տարածքներէ հայկական Քեսապ գիւղին վրայ կատարուած յարձակումին իբրեւ հետեւանք Թուրքիա տարուած 18 քեսապահայեր, այս առաւօտ կանուխ ժամերուն հասան Լիբանան: Պոլիս-Պէյրութ թռիչքով Լիբանան ժամանած քեսապահայերը Թուրքիա տարուած միջոցին բնականաբար ո՛չ անցագիր, ո՛չ ալ համապատասխան փաստաթուղթ ունէին:
Կուսակցութեան պատկան մարմիններու եւ ազգային իշխանութիւններուն կողմէ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ Պէյրութէն ապահովելու համար անոնց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի անոնք կարենան ժամանել Պէյրութ:
Լիբանանի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը անհրաժեշտ դասաւորումները կատարած է քեսապահայերու կեցութեան վայրերը ապահովելու առումով:
Թուրքիայէն Պէյրութ հասած քեսապահայերն են.
Յակոբ Կիրակոսեան
Վազգէն Կիրակոսեան
Բաբգէն Ճուրեան
Նուարդ Ճուրեան
Ասպետ Ճուրեան
Յակոբ Ճուրեան
Գարուն Թիթիզեան-Ճուրեան
Սաթենիկ Թիթիզեան
Սրբուհի Թիթիզեան
Սերոբ Սուլեան
Ծովինար Սաղտըճեան-Սուլեան
Մովսէս Արապեան
Մարթա Արապեան
Ներսէս Թանկուկեան
Անահիտ Ահարոնեան
Գարուն Տէր Սահակեան
Զաւէն Յովսէփեան
Ճորճ Քորթմոսեան