Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը
\n
\n
Դժուար ու անբնական տարեշրջան մը բոլորեց Հայագիտականը այս տարի։
\n
Կրնա՞ր «բնական» ընթանալ իր գոյութիւնը երկրի մը մէջ, ուր պատերազմը կը սաւառնի մեր գլխուն վերեւ ու մեր չորս դին։
\n
Ամէն բանէ առաջ, Հիմնարկը, երկրորդ տարին ըլլալով, զրկուեցաւ իր կեդրոնավայրէն, որ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանն էր։ Ճեմարանը փակ է տակաւին ու անոր փողոցն ու շրջակայքը՝ անապահով։ Խարխափումի կարճ շրջանէ մը ետք, Հայագիտականը իրեն կեդրոն ընտրեց Արամ Մանուկեան Ժող. Տունը, ուր մասնաւոր դասասենեակներ յատկացուեցան իրեն։ Շաբաթը 5 օր, ուսանողուհիները հոն փութացին՝ հետեւելու համար դասաւանդութեանց։
\n
Յետոյ, Հիմնարկը ակամայ զրկուեցաւ իր կարգ մը դասատուներէն, որոնք առկայ պայմաններուն բերումով նախընտրեցին հեռանալ երկրէն։ Պր. Յակոբ Չոլաքեան, պր. Միհրան Մինասեան եւ տիկ. Լենա Քէյվանեան ժամանակաւոր կերպով Երեւան մեկնեցան, իսկ օր. Ազնիւ Արապեան, ֆիզիքապէս տկարացած, ակամայ դադրեցաւ դասաւանդելէ։
\n
Այնուհանդերձ, Հիմնարկը շարունակեց իր գործունէութիւնը, որոշ դասանիւթերու զեղչումով կամ նոր դասատուներու ներգրաւումով։
Ճիշդ է, որ ուսանողութեան թիւը եւս անկում կրեց, ինչպէս կրեցին մեր բոլո՛ր դպրոցներուն աշակերտութեանց թիւերը անխտիր։ Գաղթողներ եղան, ապահովական նկատումներով հրաժարողներ, իրենց երբեմնի խանդավառութիւնը կորսնցնողներ։
\n
Սակայն, եկա՛ն նաեւ նորեր։ Դուք անգամ մը տեսնէիք մեր այս սքանչելի մանկամարդուհիներուն դէմքերը՝ երբ անոնք դասարան կը մտնէին ու հետաքրքրութեամբ կ՚ուզէին ականջ տալ իրենց դասախօսներուն…։ Դասի պահուն կրնար ռումբ մը պայթիլ մօտիկ թաղի մը մէջ, պատերազմական սաւառնակ մը կրնար հրթիռ արձակել մեծ դղրդիւնով, հրասանդ մը կրնար ծակել դիմացի շէնքին տանիքը…։ Հոգ չէ՜, մերինները «վարժուած» էին այս ձայներուն, կը շարունակէին ականջ փակել դուրսի աղմուկին։ Այո՛, տարօրինակ բայց իրաւ։
\n
Ուսանողուհիներէն երկու հոգի՝ Անի Դաւիթեան եւ Նայիրի Գրիգորեան, վիրաւորուեցան իսկ։ Անոնք հրասանդի շիկացած կոյր բեկորներու թիրախ դարձան, բարեբախտաբար՝ առանց լուրջ վնասներու։ Ու ո՜վ զարմանք, արկածէն քանի մը օր ետք՝ անոնք իրենց դասագիրքերը շալկած դա՛րձեալ դասարան մտան խնդումերես եւ խանդավառ։ Ըսէ՛ք ինծի, Հալէպէն դուրս այսպիսի հաստատակամութիւն եւ կորով կրնա՞ք գտնել Սփիւռքի տարածքին։
\n
Ահա այսպէս, տարի մը եւս բոլորեց 1996-ին հիմնուած Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը, որ կը վայելէ քաղաքիս Համազգայինի հովանաւորութիւնն ու նիւթա-բարոյական հոգատարութիւնը։ Իր հայրական զօրակցութիւնը չի խնայեր նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, ի սկզբանէ։
\n
Հիմնարկը կը շարունակէ քալել դէպի իր մօտալուտ 20-ամեակը։
\n
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
\n
Հիմնարկի մասին Երկիր Մեդիայի պատրաստած տեսանիւթը դիտել հոս՝
\n
http://www.youtube.com/watch?v=1ZBTCVAeSGc#t=20
\n