December 16, 2025
Էջմիածին 100,000 Տոլար Տրամադրած Է Քեսապահայութեան
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովին հաստատուած է Հայ եկեղեցւոյ ընկերային հիմնադրամին կողմէ 15 Ապրիլին 100,000 տոլար փոխանցելու որոշումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաշիւին՝ առ ի զօրակցութիւն քեսապահայութեան:
Այս մասին յայտնած են Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն: