Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Հրայր Աւ. քհնյ. Նիկոլեան պիտի ստանձնէ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովուութիւնը

 

Յունահայոց Թեմի Կրօնական ժողովը հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց Մարտ 13-ին։

Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել մեր սիրելի ժողովուրդին, թէ Արժ. Տ. Հրայր Աւ. քհնյ. Նիկոլեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հաւանութեամբ, ինչպէս նաեւ Գանատայի թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի եւ թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեանի համամտութեամբ, որպէս հանգստեան կոչուած քահանայ հայր, իր փափաքով վերջնականապէս կը հաստատուի Յունաստան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեան փափաքով Տ. Հրայրը յետ այսու մինչեւ ցնոր տնօրինում անվճար եւ կամաւոր կերպով պիտի ստանձնէ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովուութիւնը, միեւնոյն ժամանակ իր օժանդակութիւնը պիտի բերէ բարեսիրական, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային մեր բոլոր միութիւններուն։ Ուստի կը խնդրուի նկատի ունենալ թէ յետ այսու ամէն Կիրակի պատարագ տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդակատարութեանց համար կարելի է կապ պահել ուղղակի Տէր Հօր, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կամ Ազգային Առաջնորդարանին հետ։
Կրօնական ժողով

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.