Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդը Կը Հանդիպի Էրտողանին
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան Հինգշաբթի, Մայիս 1ին այցելած է Թուրքիոյ վարչապետին նստավայրը եւ հանդիպում ունեցած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք, Աթէշեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ հայերը չեն կրնար չնկատել, որ առաջին անգամ ըլլալով թուրք վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնած է հայերուն:
«Չենք ուզեր, որ այս խաղաղութեան ճիւղը չորնայ: Կ՛ուզենք, որ անիկա ծաղկի եւ բերք տայ: Այդ բերքին համար բոլորին աջակցութեան կարիքը կայ: Վարչապետին ուղերձը արժանացած է հայ համայնքի մեծ մասին հաւանութեան: Եկէք ձեռք-ձեռքի տանք եւ խաղաղութեան կամուրջի կառուցման համար դերակատարութիւն ստանձնենք», ըսած է Աթէշեան՝ նշելով, որ կայ նեխած դիակ մը, որուն հոտը կը խանգարէ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութիւնը:
Նշենք, որ հակառակ իր յայտնած ցաւակցութեան, վարչապետը կը շարունակէ ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: