Հանդիպում Լաւալի քաղաքապետին հետ

 

Փետրուար 7-ին, ՀՅԴ «Ս. Զէյթլեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հանդիպում ունեցան Լաւալի նորընտիր քաղաքապետ՝ պրն. Մարք Տըմէրսի հետ, Լաւալի քաղաքապետարանին մէջ։ Հայկական պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց պրն. Տեմէրսը քաղաքապետի իր պաշտօնը ստանձնելու առթիւ:

Քաղաքապետ Մարք Տըմէրս եւ Լաւալի քաղաքապետութեան գործադիր մարմնի անդամները սիրալիր ընդունելութիւն մը ցուցաբերեցին եւ քաղաքապետը տրամադրութիւն յայտնեց միասնաբար գործակցելու հայ գաղութին հետ։

Այս այցելութեան առթիւ, Լաւալի Հայ Կեդրոնի անունով յուշանուէր մը տրուեցաւ Քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ անոր յանձնուեցաւ թղթածրար մը, ուր ամփոփ ձեւով կը ներկայացուի Լաւալի հայութեան պատմականը։

Քաղաքապետ Մարք Տըմէրս մեծ գոհունակութիւն յայտնեց եւ խոստացաւ անպայման այցելել Լաւալի Հայ Կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու Լաւալի հայ գաղութին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.