Սուրիահայերը Քեսապի Ողբերգութեան Մէջ Թուրքիոյ Դերակատարութիւնը Շօշափելի Կը Նկատեն
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տեղահանուած քեսապցիները Հալէպի ազգային իշխանութիւններու հոգատարութեան տակ են: Քեսապահայերը պիտի վերադառնան իրենց օճախները, երբ անվտանգ պայմաններ ստեղծուին: Անհրաժեշտ է միջազգային ատեաններուն մէջ դատապարտել Թուրքիոյ գործելաոճը, որով ան բռնարարքներու կը ձեռնարկէ Սուրիոյ դէմ:
\n Մարտ 26ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Հալէպի ազգային իշխանութեան» ներկայացուցիչ Ներսէս Սարգիսեան նշեց, որ քեսապցիները հոգեպէս ցնցուած են, սակայն կարելին կը կատարուի, որ անոնք ոչինչի կարիք ունենան: Ան դիտել տուած է, որ Ազգային իշխանութեան կողքին են Կարմիր մահիկ կազմակերպութիւնը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ՀՕՄը, որոնք կ՛օժանդակեն քեսապցիներուն: Անոր համաձայն՝ ներկայ հանգրուանին Քեսապի հարցով հայութեան ձեռնարկուելիք գործողութիւնները պէտք է ըլլան քաղաքական եւ մարդասիրական հարթութիւններու վրայ: Սարգիսեան նշեց, որ անհրաժեշտ է բողոքի ցոյցեր կատարել եւ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ: «Թուրքիան ՆԱԹՕի անդամ երկիր է եւ այսօր ալ յարձակումի ձեռնարկած է, հատած է այլ երկրի մը սահմանները՝ իր մասնակցութեամբ քաջալերելով ահաբեկչութիւնը», դիտել տուաւ Սարգիսեան:
\n «Հալէպի ազգային իշխանութեան» ներկայացուցիչ Կարօ Եուզպաշեան նշեց, որ Քեսապի հայութիւնը պիտի վերադառնայ, երբ ապահով վիճակ ստեղծուի իր բնօրրանին մէջ: Թուրքիոյ գործօնը շատ բացայայտ է Քեսապի իրադարձութիւններուն մէջ: «Թուրքիան օժանդակած է ամէն ձեւով, նոյնիսկ մասնակցած է: Թուրքիոյ գործօնը մենք պէտք է շատ բացայայտ դարձնենք», շեշտած է Եուզպաշեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստան պէտք է միջազգային ատեաններուն մէջ յստակօրէն դատապարտէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Քեսապի տեղահանութեան հարցին մէջ:
\n Ան նշեց, որ պարտադրուած արտագաղթելու պայմաններուն մէջ սուրիահայուն առաջին սեւեռակէտը Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախն են՝ իւրաքանչիւրին մասնագիտական գործունէութեան ոլորտներուն համաձայն:
\n