Փաշինեան «Եռաբլուր»-ի ընդարձակման սպառնալիքով կ՚արդարացնէ Պաքուի պահանջներուն ընդառաջումը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, հինգշաբթի, 26 նոյեմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին, նոր պատերազմի բռնկումն ու «Եռաբլուր»-ի մէջ նոր շիրիմներու գոյացումը ներկայացուց իբրեւ իր կառավարութեան որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին մերժման անխուսափելի հետեւանք։ Այս անգամ ան չվարանեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հայ զինուորներու յիշատակը եւս ծառայեցնել իր քաղաքական ուղեգիծին արդարացման։

Անդրադառնալով արցախահայութեան տրամադրուող նոր անձնագիրներուն մէջ իբրեւ ծննդավայր «Ատրպէյճան» արձանագրելու հարցին՝ Փաշինեան պնդեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է առաջնորդուին Ատրպէյճանի հետ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրի սկզբունքներով՝ «Եռաբլուր»-ի «ընդարձակում»-ը կանխելու համար։ Այլ խօսքով՝ Փաշինեան նոր մարդկային կորուստներու սպառնալիքով կը փորձէ արդարացնել այնպիսի որոշում մը, որ կը վիրաւորէ բռնագաղթած արցախահայութեան արժանապատուութիւնը եւ կ՚անտեսէ անոր պատմական հայրենիքին նկատմամբ ունեցած իրաւունքները։

Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած քաղաքական պատկերացումներուն հաւատարիմ մնալը անխուսափելի պիտի դարձնէ «Եռաբլուր»-ի ընդարձակումը։ Ան, միաժամանակ, պարծեցաւ, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին երկու տարի ութ ամիս շարունակ զինուորական պանթէոնը չէ ընդարձակուած։ Նման յայտարարութիւն մը յատկապէս դատապարտելի է՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մարդկային եւ տարածքային ծանրագոյն կորուստներէն շատերը արձանագրուած են իր իսկ իշխանութեան օրով։

Փաշինեանի յայտարարութիւնները բուռն քննադատութեան արժանացան հայաստանեան մամուլին մէջ։ Վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը, խաղաղութեան ապահովումն ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ներկայացնելով իբրեւ զիրար բացառող նպատակներ, կը փորձէ հասարակութեան մէջ արմատաւորել այն մտայնութիւնը, թէ ազգային իրաւունքներէ հրաժարումը Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման միակ միջոցն է։ Առաւել դատապարտելի է «Եռաբլուր»-ի՝ հայկական պետականութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր կատարուած գերագոյն զոհողութեան խորհրդանիշին շահարկումը՝ իշխանութիւններու քաղաքական որոշումներուն նկատմամբ հանրային դիմադրութիւնը կոտրելու նպատակով։

Ճեպազրոյցին զուգահեռ, կառավարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած էին Արցախէն բռնագաղթած քաղաքացիներ, որոնք կը բողոքէին իրենց նոր անձնագիրներուն մէջ կատարուող վիճայարոյց արձանագրութեան դէմ։ Հայրենազրկուած արցախահայութեան արդարացի պահանջներուն ընդառաջելու փոխարէն՝ Փաշինեան հերթական անգամ պատերազմի հաւանականութիւնը իբրեւ հակափաստարկ կը ներկայացնէ՝ այդպիսով անտեսելով նաեւ այն պատասխանատուութիւնը, զոր հայկական պետութիւնը ունի արցախահայութեան նկատմամբ։

Փաշինեանի յայտարարութիւնները կը հնչեն այնպիսի հանգրուանի մը, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները երկրի նոր Սահմանադրութեան ընդունումը եւ Անկախութեան հռչակագիրին յղումին վերացումը կը ներկայացնեն իբրեւ պատերազմի կանխարգիլման եւ խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտ պայմաններ։ Այս տրամաբանութեան շարունակական դրսեւորումները կը վկայեն, որ պատերազմի սպառնալիքը վերածուած է իշխանութիւններուն քաղաքական հիմնական փաստարկներէն մէկուն՝ Պաքուի պահանջներուն ընդառաջումը հիմնաւորելու եւ Հայաստանի պետականութեան ազգային ու պատմական հիմքերուն վերանայումը հասարակութեան պարտադրելու համար։ Այս ամէնուն մէջ «Եռաբլուր»-ի եւ հայ նահատակներու յիշատակին շահարկումը քաղաքական ու բարոյական առումով առանձնապէս անընդունելի դրսեւորում մըն է։