Թուղթէ շերեփի եւ մեր այսօրուան իրականութեան մասին 

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

1878-ի Պեռլինի Վեհաժողովէն վերադարձին, Խրիմեան Հայրիկ քաղաքական իրապաշտութեան կարևոր դաս մը տուաւ մեր ժողովուրդին, որ այսօր ևս սուր այժմէականութիւն ունի։ «Դուք ինծի շերեփի տեղ թուղթ տուիք», ըսաւ ան Պոլսոյ իր պատմական քարոզին մէջ։ «Այդ թղթի կտոր, որչափ որ խոթեցի տաք հարիսայի մէջ, թաքացաւ, լխկեցաւ, մէջն ընկաւ», շարունակեց ան։ «Ես ալ թողի եկայ։ Մոռացայ առաջուց մի քանի զէյթունցի տանէի հետս, անոնք շերեփ ունէին…Ժողովո՛ւրդ, ամենէն առաջ քո ազատութեան յոյս քո վրայ դիր, քո խելքին, բազկին ուժ տուր, մարդ ինքն իրմէ պէտք է աշխատի, որ փրկուի։»

Իմ ձեռքերուն մէջ գտնուող Խրիմեան Հայրիկի պատգամին շարադրանքը կրնայ բառացիօրէն ճշգրիտ չըլլալ, քանի որ ան բանաւոր պատգամ մըն էր, որուն ձեռագիրը (եթէ կար) չէ վերապրած։ Բայց սերունդէ սերունդ Հայրիկին պատգամը ապրած է մեր ազգային յիշողութեան մէջ և նուիրագործուա՛ծ՝ քանի մը տարբերակներով, որոնք բոլորն ալ նոյն բանը կ՚ըսեն։ Այս շարադրանքին մէջ, Հայրիկը չի խօսիր յաճախակիօրէն իրեն վերագրուած «երկաթէ շերեփ»ի մասին։ «Երկաթ» բառը բառացիօրէն գոյութիւն չունի, բայց յստակ է, որ որևէ լուրջ շերեփ, Հայրիկի օրերուն, իր շերեփ ըլլալը արժեցնելու համար պէտք էր շինուած ըլլար մետաղէ կամ փայտէ, որպէսզի գոհացնէր տարրական պայմանը շերեփ ըլլալու և — ամենէն կարևո՛րը – օրհնեալ կաթսայէն հարիսա կարենալ վերցնելու։ Մենք իրեն շերեփ չտուինք, «թո՛ւղթ» տուինք։ Ի՜նչ անարգանք։ Մենք Հայրիկը առօք-փառօք Պեռլին ճամբեցինք ընդամէնը թուղթի կտորով մը։

Հայրիկին պատմական պատգամը շատ յստակ է։ Եւ շատ աւելի խորքայի՛ն՝ քան այն, որ ցարդ վերագրուած է իրեն։ Մեր ժողովուրդը շերեփի փոխաբերութիւնը մեկնաբանեց որպէս կոչ զինեալ պայքարի։ Մանաւանդ որ Հայրիկը յղում կ՚ընէր զէյթունցիներու ինքնապաշտպանութեան հերոսական փաստին։ Եւ անկասկած ճիշտ էր այդ մեկնաբանութիւնը հայ ազատագրական շարժման այդ փուլին մէջ։ Ճիշտ է այդ մեկնաբանութիւնը միշտ և որպէս ընդհանուր սկզբո՛ւնք։ Բայց հոն կանգ չ՚առներ փոխաբերութեան իմաստը։ Չմոռնա՛լ՝ որ Հայրիկին նկարագրած կացութիւնը կապ ունի, նախ և առաջ, միջազգային դիւանագիտութեան դաժան բեմին հետ։ 

Պարզ է, որ Հայրիկին ակնարկած շերեփը այլ բան չէ, եթէ ոչ բնագիտութեան մէջ յայտնի Արքիմետէսի ԼԾԱԿը իր յատուկ ուժականութեամբ։ Շերեփը նախնադարեան ժամանակներէն մեզի հասած ամենէն տարրական լծակն է, որմով մեր նախահայրերն ու նախամայրերը կրցած են մեծ տեղաշարժ իրագործել լուծելով իրենց ամէնօրեայ կեանքի հարցերը։ Ամէն գործիք, որ ստեղծուած է մարդուն կողմէ լծակային գործօններու կենսական համադրոյթ մըն է։ Ան կը ծառայէ բան մը իր մեռեալ կէտէն դուրս մղելու։ Տեղաշա՛րժ շղթայազերծելու։ Ստեղծելու այն ի՛նչ՝ որ գիտութեան մէջ կը կոչուի torque power։ Յենակային ո՛ւժ։ Այսինքն լծա՛կ։ Այսինքն՝ Lever! Levier! Որմէ ծնած է leverage (լծակո՛յժ) բառը, որ յաջողութեան բանալին իսկ է քաղաքական կեանքի բոլոր առճակատումներուն մէջ։ 

Հայրիկին շերեփը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ մեծապէս կենսական այդ գործիքը։ Քաղաքական այդ առաւելութի՛ւնը։ Այդ ազատագրող տարբերութի՛ւնը՝ զոր անպայման պիտի ունենաս հողդ կամ դիրքդ անվտանգ պահելու համար։ Այս շատ լուրջ պատգամն էր, որ Հայրիկը կը փոխանցէր մեզի Պեռլինէն վերադարձին։ Դուք ինծի շերեփի տեղ թուղթ տուիք։ (Հէ՜ր օրհնած)։ Խելքի եկէ՛ք։

Իսկ ի՞նչ բան է լծակը, որ մենք չունէինք այդ օրերուն և զոր լայնօրէն մսխած ըլլալ կը թուինք այսօրուան իրականութեան մէջ։ 

Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի (Հատոր 4) սահմանումը շատ դիպուկ է այս մասին։ ԼԾԱԿ բառայօդուածը կ՚ըսէ՝ «…պարզագոյն մեխանիզմ, որի օգնութեամբ կարելի է ՓՈՔՐ ուժով հաւասարակշռել ՄԵԾԸ…»։ Անշուշտ Հանրագիտարանը ունի նաև «լծակ» բնագիտական իմացութեան տեսական բացատրութիւնը, որ – որքա՜ն ալ ՝ էակա՛ն — այս պարագային դուրս կ՚իյնայ մեր նիւթէն։ Խրիմեան Հայրիկի պատմական փոխաբերութիւնը կը վերաբերի քաղաքական ուժերու ընդհարման հոլովոյթին։ Իր փնտռած «շերեփ»ը այն իրական քաղաքական ուժն է, այն ռազմավարական գործօ՛նը՝ որ կրնայ մեզի տալ հանճարեղ կարողականութիւնը պատմական փակուղիէն կարենալ դուրս գալու։ Այսինքն՝ ՓՈՔՐ ՈՒԺՈՎ ՄԵԾ ՈՒԺԸ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼՈՒ ԲԱՆԱԼԻ՛Ն։ Այս բանալին էր, որ 1878-ին կը պակսէր Հայրիկին, երբ ան հասաւ Պեռլին։

Պեռլինի Վեհաժողովը կը գումարուէր որպէս ահազանգ և հակազդեցութիւն Ռուս-Թրքական Պատերազմին (1877-78), որ տեղի ունեցած էր Վեհաժողովի թուականէն ամիսներ առաջ միայն յանգելով ռուսական զէնքի մեծ յաղթանակին։ Ռուսական ուժերը հասեր էին մինչև Պոլսոյ դռները և արևելքէն՝ մինչև Կարին…Եւ, անշուշտ, Վեհաժողովը բուռն հակադարձութիւն մըն էր1878-ի Մարտին Ռուսաստանի և Թուրքիոյ միջև կնքուած Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրի՛ն՝ որ ինքնաբերաբար կը խախտէր «Եւրոպական Հաւասարակշռութիւն»ը և նոր և մտահոգիչ կացութեան մը առջև կը դնէր Եւրոպան։ Այս բանը տեղի կ՚ունենար յատկապէս Պալքաններու ռազմավարական տարածքի անակնկալ «ռուսականացում»ով և Օսմանեան Կայսրութեան արտաքին քաղաքականութեան (Ռուսաստանի կողմէ) շրջափակումով։ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրով՝ օսմանեան պետութիւնը գործնականօրէն կը մտնէր Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիին մէջ…տակնուվրայ ընելով եւրոպական ուժերու բոլոր հաշիւները Արևելքի մէջ։ 

Գերմանիոյ Վարչապետ Պիզմարքի հրաւէրով — և օրերո՛ւ ընթացքին — քով-քովի պիտի գային Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Աւստրօ-Հունգար Կայսրութիւնն ու Իտալիան Սան Սթեֆանոյի «աղէտ»ը արագօրէն հակակշռի տակ բերելու առաջնահերթութեամբ։ Բնականաբար Վեհաժողովին կը մասնակցէր նաև Օսմանեան Կայսրութիւնը Սան Սթեֆանոյի «բեռները» իր ուսերէն կարենալ թօթափելու յոյսով։ Բայց ամենէն կարևո՛րը՝ Վեհաժողովին հարկադրուեցաւ մաս կազմելու նաև Ռուսաստանը յաղթանակողի իր դիրքերէն ինքնաբերաբար զիջում կատարելով…Ան հարկադրուեցաւ նստելու նոյն սեղանին շուրջ օրեր առաջ միայն իր գարշապարներուն տակ տքացող Թուրքիոյ հետ։ Անկասկած հզօր մեկնա՛րկ մը Օսմանեան Թուրքիոյ համար։

Թէև ոչ-պետական պատուիրակութիւնները իրաւունք չունէին ժողովասրահէն ներս մտնելու, այնուամենայնիւ հայկական պատուիրակութիւնը հնարաւորութիւնը ունեցաւ ոչ միայն իր յուշագիրը հասցնելու Վեհաժողովին, այլև պատեհութի՛ւն՝ իր դատը հետապնդելու բանակցող երկիրներու դիւանագէտներուն հետ առանձին տեսակցութիւններով։ Եւ հոս էր, որ ինքնաբերաբար երևան կու գար մեր անօգնական վիճակը։ Շուտով պիտի պարզուէր, որ մենք զուրկ էինք անհրաժեշտ լծակներէն։ Մեր միակ «իրական» յենարանը – մեր ենթադրեալ լծա՛կը — Ռուսաստանն էր, որ Պեռլինի մէջ յանկարծ դարձած էր ա՛յլ Ռուսաստան մը՝ ինքնիր սակարկութիւններուն մէջ մխրճուած։ Յանկարծ մենք տեղ չունէինք այլևս իր օրակարգին վրայ։ Հետևաբար մենք ընդհանրապէս տեղ չունէինք աշխարհակարգի խաղատախտակին վրայ։ Մենք խնդրարկունե՛ր էինք։ Ո՛չ՝ պահանջատէրեր։ Հայրիկը վերադարձաւ տուն շատ ծանր սրտով։ 

Հակառակ Պեռլինի Դաշնագրի 61-րդ յօդուածի հաւաստիացումներուն,1878-էն մինչև 1908 երկարող երեսնամեակը կը յատկանշուի համիտեան բռնակալութեան խուժդուժ քաղաքականութեամբ, որ յանգեցաւ 1895-96-ի ցեղասպանական ծաւալուն գործողութիւններուն և որոնց զոհ գացին աւելի քան 300,000 հայեր Եւրոպայի աչքերուն առջև (նախատի՛պը 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան)։ Այս մեծ նախճիրին պէտք է աւելցնել նաև 1909-ի Կիլիկիոյ սպանդը, որ թէև տեղի ունեցաւ երիտթուրքերու իշխանութեան գալէն ետք, բայց ան սերտօրէն առընչուած է համիտեան քաղաքականութեան։ Կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ ան էապէս և արագօրէն «համիտեանականացուց» երիտթրքական շարժումը ճամբայ հարթելով 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան։

Երեսնամեակը նաև կը յատկանշուի հայ յեղափոխական շարժման ծնունդով և հայ զէնքի շարք մը փայլուն և յանդուգն նախաձեռնութիւններով։ Ճիշտ է. ուժերը անհաւասար էին և շատ բան կը պակսէր մեզի, բայց մենք հետզհետէ կ՚ըլլայինք այն «փոքր ուժը», որ կոչուած էր հաւասարակշելու «մեծը»։ Այդ «մեծ»ը կը բաղկանար Արևելքի երկու հարևան կայսրութիւններէն (Օսմանեան և Ցարական) և Եւրոպայի մեծ ուժերէն, որոնց բարդ խաղատախտակին վրայ կը վճռուէր մեր դատը։ Մենք չկրցանք հաւասարակշռել այս «մեծը», այնպէս ինչպէս, որ անհրաժեշտ էր։ Բնականաբար ան շատ վեր էր մեր ուժերէն։ Բայց յամենայն դէպս մենք կրցանք պատուով դուրս գալ այդ պայքարէն և վերականգնիլ որպէս ազգ և որպէս նկատառելի ուժ՝ թօթափելով մեր ուսերէն անյոյս ստրուկի հոգեբանական բեռը։ 

Պէտք է անպայման աւելցնել, որ 1908-ի տուեալներով երբեք աննշան երևոյթ մը չէր մեր գործօն մասնակցութիւնը համիտեան բռնապետութիւնը տապալելու գործին։ Մենք իրական դերակատարներ էինք։ Հայ յեղափոխական շարժումը – յատկապէս ՀՅԴաշնակցութեան հարուածային կարողականութեամբ – կրցեր էր ի մի բերել որոշիչ զանգուած մը լծակոյժի ի տարբերութիւն1878-ի մեր աննախանձելի վիճակին։ Արմենականներու, Հնչակեաններու և 1890-էն ետք՝ Դաշնակցութեա՛ն մարտական ուժերը նկատառելի բռունցք մը կը ներկայացնէին երեսնամեակի բազմակնճիռ բեմին վրայ։ Դաշնակցութեան բազուկն ու դիւանագիտութիւնը կը գործէր տարածաշրջանի երեք կայսրութիւններու և Եւրոպայի խաղադաշտերէն ներս։ Անշուշտ դեռ շատ հեռո՛ւ՝ մեր ազգային լինելիութեան հարցը կարենալ լիարժէքօրէն լուծելէ։ Բայց մենք կրցանք այս բարդ իրավիճակին տիրութիւն ընել յախուռն և մեծածաւալ գործողութիւններով և տասնամեակ մը ետք — և թէկուզ դժուարին հանգրուաններով — ի վերջոյ հասնիլ անկախ պետականութեան։ Մենք, որպէս ազգ, պատուո՛վ ընդառաջ գացինք Հայրիկի պատգամին։ Մենք կերտեցինք մեր Առաջին Հանրապետութիւնը։

Ճիշտ է, որ մենք նաև կորսնցուցինք մեր անկախ պետականութիւնը ի վերջոյ բռնուելով տարածաշրջանի մեծ ընդհարումներու ագցանին մէջ։ Բայց մենք զայն չյանձնեցինք թշնամիին։ Մենք մեծ զոհողութիւններով և իմաստութեամբ պահպանեցինք անոր էութիւնը, անոր կենսունակութիւնը, անոր ինքնութիււնը թէկուզ խորհրդային պիտակի տակ։ 

Իրերու դաժան դրսևորումով, այդ բեռը կրկին կը ծանրանայ մեր ուսերուն մեր ներկայ հանրապետութեան կեանքի այս դժուարին օրերուն։ 

Ի՞նչ ընել։ 

Հայրիկին կողմէ մեզի տրուած էական դասը այսօր կը կայանայ աշխարհակարգի ուժերու դասաւորման աղիւսակը լիարժէքօրէն ըմբռնելուն և ԶԱՅՆ ՄԵՐ ՇԱՀԵՐՈՒ ԴԻՐՔԵՐԷՆ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒՆ ՄԷՋ։ Առաջադրութի՛ւն մը՝ որ կը պահանջէ զգաստ և վճռական քաղաքական կամք և խորամուխ դիւանագիտութիւն։ Ազգային մեծ ողբերգութիւն մըն է, որ այս բարդ մարտահրաւէրին դիմաց մեր երկրի ղեկը յանկարծ կը գտնուի 

ոչ-ազգահարազատ և ընդհանրապէս կառավարելու անատակ պետական համակարգի մը ձեռքին։ Վիշիական իշխանութիւնը ոչ միայն ապապետական իշխանութիւն մըն է իր վարքագծով, այլև սպառած է ինքզինք իր պետին իսկ խոստովանութեամբ։ Ան չունի լծակներ և չունի լուծում երկրի հարցերուն։ Բացի, անշուշտ, երկիրը թշնամիին յանձնելու ապիկար տարբերակէն՝ դէպի ուր ուղղուած կը թուինք ըլլալ այսօր։

Տարածաշրջանը մտած է իր ամենէն պայթիւնավտանգ փուլին մէջ։ Տարածաշրջանի երեք կայսերական ուժերը (Իրան, Թուրքիա և Իսրայէլ) կը գործեն հողային հզօր եւ իրերամարտ հրամայականներով (territorial imperatives)։ Այս խորապատկերին մէջ, վաղուց հաստատուած մեծապետական հաւասարակշռութիւնները խախտող և նոր իրականութիւն պարտադրող ուժը Իրանն է այսօր։ Անշուշտ զօրակցութիւն ստանալով իր բնական դաշնակիցներէն և յատկապէս Մոսկուայէ՛ն։ Բայց յամենայն դէպս՝ ինքնիր ուժականութեամբ և բարձր ռազմապատրաստականութեամբ (battle preparedness) փայլող ապացոյցներո՛վ։ 

Ներկայ առճակատման մէջ, ան կրցաւ խափանել Ծոցի ռազմավարական ճանապարհները։ Կրցաւ լրջօրէն վտանգել Արաբական Թերակղզիի նաֆթամուղային համակարգը։ Վճռական հարուած տալ Իսրայէլի սանձարձակութեան և զգաստութեան մղել Թուրքիան Իրանի ռազմադիմադրականութեան (Թուրքիոյ համար) կենսականութեան խնդրով։ Ան կրցաւ վարկաբեկել նաև ԱՄՆ-ի ռազմավարութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Կրցաւ յատկապէս հարցականի տակ առնել Եւրոպայի ուժանիւթային մատակարարման սուր խնդիրը։ Կասպեան եզերքներէն մինչև Հնդկաց Ովկիանոս՝ Իրան յաջողեցաւ տիրութիւն ընել իր լծակային կարողականութիւններուն և հաշուի նստիլ իր տարածքը շրջապատող սպառնալիքներուն հետ։

Այս նոր իրադրութեան որպէս հետևանք, յանկարծ կենսական նշանակութիւն կ՚ըստանայ Հարաւային Կովկասի զգայուն տարածքը և մասնաւորապէս ՀՀ Սիւնեաց ճանապարհը…Ճանապա՛րհ՝ որ անուալիօրէն կը գտնուի Իրանի անմիջական հսկողութեան տակ։ Նոյն առումով, կենսական նշանակութիւն կ՚ըստանան Կասպեան ընդերքի դէպի Արևմուտք ելքի ուղիները, որոնք նոյնպէս կը գտնուին Իրանի հսկողութեան տակ։ Բնական պայմաններու մէջ, նման իրավիճակը պէտք էր լծակային հզօր կարողականութիւն մը դնէր նաև Հայաստանի ձեռքերուն մէջ, եթէ իր բնական տարողունակութեամբ գործէր ՀՀ դիւանագիտութիւնը և տիրութիւն ընէր իր լծակային կարողականութիւններուն։ Պարզ խօսքով՝ եթէ ան կարողանար իր թաթին ենթարկել տարածաշրջանի հակամարտ շահերը և ԻՐ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ (իմա՛ իր «շերեփ»ո՛վ) հաւասարակշռէր քաոսը։ Դժբախտաբար այդ չէ իրականութիւնը այսօր։ 

Սիւնեաց ճանապարհի ձևաւորման մասին այսօր տիրական խօսք ունին ըսելիք աշխարհակարգի բոլոր ուժերը անխտիր բացի այդ ճանապարհին իրաւական տէրը հանդիսացող մեր պետականութենէն և մեր ժողովուրդէն։

Խօսելով տարածաշրջանի կացութեան մասին, միամտութիւն է կարծել, որ Սիւնեաց ճանապարհի ճակատագիրը արդէն վճռուած է ԹՐԻՓ-ի իր ներկայ պատկերացումով։ Բացարձակ անմտութիւն է ենթադրել, թէ իրավիճակները արդէն նուաճած են կայունութեան այնպիսի չափանիշ, որ ԹՐԻՓ-ի անուան տակ գործելու կոչուած անցուղին կարենայ գործել որպէս թուրանական մէկ ճամբայ ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի և Իսրայէլի հովանաւորութեան տակ։ 

Հակառակ Արևմուտքի քարոզչութեան՝ այդ էջը դեռ շատ հեռու է փակուած ըլլալէ։

Եւ այդ իսկ պատճառով, այսօր ևս, մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այդ կնճռոտ գործընթացը մեր հասողութենէն դուրս պէտք չէ համարել։ Ան մեր հասողութեան մէջ եղած է աւելի քան դար մը ամբողջ և կրնայ այսօր ևս հնարաւոր դարձնել, որ անկախ մեր պետականութիւնը հաստատէ վճռական կանոնը Սիւնիքի այդ թէժ կէտին վրայ։ Բայց այդ մէկը, առաջին հերթին, կը պահանջէ, որ մեր պետութեան ղեկավար դիրքերէն ընդփոյթ դուրս բերուի ներկայի վիշիական իշխանութիւնը։ 

Հանրագիտարանի յիշած լծակային սկզբունքը վիշիական իշխանութեան համար չէ։ ՓՈՔՐ ՈՒԺՈՎ ՄԵԾ ՈՒԺԸ ՀԱԿԱԿՇՌԵԼՈՒ ՍՈՒՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԻՆՔ ԱՏԱԿ ՉԷ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ։ Ստեղծուած է շատ վտանգաւոր պարապութիւն (vacuum) մը մեր գոյութեան այս մարտահրաւէրին և մեր գործադիր համակարգին միջև։ Պարապութի՛ւն՝ որմէ ներս ներխուժած են Թուրքիան, Ազրպէյճանը և իրենց ետին՝ ԱՄՆ-ը ՝ իր նախագահին անձնական միջամտութեամբ։ Այս պայքարի առաջնագիծը այնքան է հեռացած է մեզմէ, որ ան արդէն անմատչելի է մեր կենսական կռիւը կառավարելու կոչուած ղեկավար կեդրոնին։ 

Պատմութեան ներկայ անկիւնադարձին վրայ, ազգը կրկին դրուած է շերեփով հանդէս գալու գրաւին առջև։ Որ կը նշանակէ՝ այդ շերեփը ՍՏԵՂԾԵԼՈ՛Ւ հրամայականին առջև։ Զայն համապատասխան ուժականութիւններով օժտելու կենսական պայմանին առջև։ Զայն գործածող միտքն ու բազուկը կոփելու, զինուորագրելու և գործադաշտ հանելու անյետաձգելի պարտաւորութեա՛ն առջև։ 

Հայրիկը այդ բազուկին խորհրդանիշ ընտրած էր «Զէյթունցին»։ Պարզ խօսքով, ամէն լծակ պէտք ունի քաղաքական կամքի անփոխարինելի գործօնին ապահովելու համար մեր ազգային գերագոյն շահերէն բխող անվիճելիները։ Շերեփը գործածելու ատակ, կորովի, հայրենասէր, քաղաքական իմաստութեամբ ճառագայթող միտքն է միայն, որ կրնայ հաստատել ՄԵՐ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵ՛ՐԸ ներկայի բարդ խաղատախտակին վրայ։ Շերեփ և Զէյթունցի՛։ Լծակ և կենսագործող ուժ։ Զէնք և յաղթելու կամքով զինուած հանճարեղ և նուիրեալ հրամանատար և զինուոր։ 

Հայաստանի քաղաքական դաշտը իր մականին տակ առած վիշիական իշխանութիւնը իր այլանդակ քաղաքականութեամբ ամէն օր աւելի կը զայրացնէ մեզ։ Ամէն օր աւելի կը զայրացնէ Հայրիկը։ Պարտութեան վարչակարգը մեր երկրին մահն է և պէտք է անյապաղ լուծարուի։ Մենք ամէն օր աւելի կը պարտուինք, քանի որ մենք դադրած ենք թշնամին ճանչնալէ։ Վիշիական իշխանութիւնը իր քաղաքականութեամբ աւելի շատ զբաղուած կը թուի ըլլալ ԹՇՆԱՄԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ փոխանակ իր ԱԶԳԸ ԸԼԼԱԼՈՒ։ Ան աւելի շատ հետամուտ է Ընդդիմութիւնը անդամալուծելու քան մեր երկրի ռազմաբեմէն թշնամիին ոտքերը վճռականօրէն կտրելու։ Մտած ենք անհեթեթի ոլորտը։ Մենք մեր ապահովութիւնը կը փնտռենք թշնամիին իսկ մէջ։ Այն իսկ թշնամիի՛ն՝ որ որոշած է վերջ տալու հայ անկախ պետականութեան և մեր հաւաքական գոյութեան։ 

Գոյատևե՛լ այս տարածաշրջանին մէջ կը նշանակէ նախ և առաջ ճանչնալ թշնամին և իր Աքիլլէսի կրունկը։ Կը նշանակէ տիրապետել տարածաշրջանէն ներս աշխարհակարգի ուժային համակարգի դասաւորման իւրայատկութիւններուն։ Կը նշանակէ խիզախութեամբ տէր կանգնիլ մեր լծակներուն փոխանակ զանոնք լքելու և փախուստ տալու տարածաշրջանի մարտադաշտէն։

Վիշիական իշխանութեան կողմէ շարունակաբար հոլովուող «խաղաղութեան օրակարգ»ն է, որ սուտ է և անհիմն։ Ան համազօրն է Պեռլինի Դաշնագրի 61-րդ յօդուածին, որ մեզ կը յանձնէր թշնամիի քմահաճոյքին։ Յստակ է մէկ բան։ ԱՅՍ ԹՇՆԱՄԻՆ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ ՉԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՄԲ։ Ան պատճառ չունի մեզի հետ խաղաղութիւն փնտռելու։ Վիշիական իշխանութիւնը վաղուց համոզած է թշնամին, որ անմիտ բան է իրեն հետ խաղաղութեան մասին խօսիլ։ 

Մենք ազգովին պիտի ՈՉ ըսենք այս սնանկ քաղաքականութեան։ Մենք ազգովին պիտի դուրս բերենք երկիրը այս մահացու փակուղիէն։ Մենք ՈՉ պիտի ըսենք սուտին, դասալքութեան, Հայրենիքը թշնամիին յանձնողներուն, մեր արժեհամակարգը պղծողներուն և մեր հաւաքական յիշողութիւնը խաթարողներուն։ Մենք ՈՉ պիտի ըսենք մեզ պարտութենէ պարտութիւն տանող այս ախտաւոր շրջանակին (vicious circle). ՄԵՆՔ Ո՛Չ ՊԻՏԻ ԸՍԵՆՔ ՎԻՇԻԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՅՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՂ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐՈՒՆ։ Ո՛Չ։