Ընդդիմութիւնը վճռականօրէն կը մերժէ Փաշինեանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը
- (0)

Անկախութեան հռչակագիրին յղումը ջնջելէ բացի, նախագիծը կը նախատեսէ ազգային խորհրդանիշներուն, ընտրական իրաւունքներուն եւ դատական համակարգին առնչուող վիճայարոյց փոփոխութիւններ։ Պաքու արդէն ողջունած է Երեւանի այս քայլը։
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին, վճռականօրէն մերժեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրապարակած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը եւ անոր ընդունման համար հանրաքուէ կազմակերպելու առաջարկը։ Ընդդիմութիւնը նախագիծը կը նկատէ Հայաստանի պետականութեան ազգային եւ պատմական հիմքերը վերանայելու, Ատրպէյճանի պահանջները բաւարարելու եւ իշխանութեան դիրքերը ամրապնդելու փորձ մը՝ յատկապէս մտահոգիչ համարելով Անկախութեան հռչակագիրին յղումին ջնջումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն առնչուող նոր սահմանափակումները։
Արդարադատութեան նախարարութեան հրապարակած նախագիծին ամենէն վիճայարոյց փոփոխութիւնը կը վերաբերի Սահմանադրութեան նախաբանին։ Գործող Սահմանադրութիւնը կը սկսի «Հայ ժողովուրդը» բառերով եւ հիմնուած է 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքներուն ու համազգային նպատակներուն վրայ։ Նոր նախագիծով այդ յղումը ամբողջութեամբ դուրս ձգուած է, իսկ նախաբանը կը սկսի «Մենք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը» ձեւակերպումով՝ շեշտը դնելով Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին մէջ անկախ, խաղաղ եւ բարեկեցիկ պետութիւն կառուցելու նպատակին վրայ։
Փոփոխութիւնը ուղղակիօրէն կ՚առնչուի Պաքուի երկարամեայ պահանջին։ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը կը հիմնուի նաեւ 1 դեկտեմբեր 1989-ին Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին ընդունուած որոշումին վրայ եւ կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աջակցելու Հայաստանի յանձնառութիւնը։ Ատրպէյճան բազմիցս պահանջած է Սահմանադրութենէն հեռացնել Հռչակագիրին յղումը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ Հայաստանի կողմէ տարածքային պահանջի արտայայտութիւն։ Թէեւ նոր նախագիծը ինքնին չի ջնջեր Անկախութեան հռչակագիրը, ան կը խզէ գործող Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ ամրագրուած ուղղակի կապը այդ հիմնադիր փաստաթուղթին եւ անոր համազգային նպատակներուն հետ։
Այս փոփոխութեան քաղաքական նշանակութիւնը աւելի բացայայտ դարձաւ նոյն օրը, երբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու «շատ բարձր կը գնահատէ» Հայաստանի հրապարակած նախագիծին մէջ իր նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութիւնը։ Ան վերահաստատեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերջնական ստորագրութեան համար Ատրպէյճանի հիմնական պայմանը կը մնայ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերաբերեալ իր պահանջին բաւարարումը։ Պաքուի այս արձագանգը նոր կշիռ տուաւ ընդդիմութեան այն մտահոգութեան, թէ Հայաստանի մայր օրէնքը կը վերաշարադրուի արտաքին ճնշումներու եւ պարտադրանքներու պայմաններուն մէջ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան խստօրէն հակադարձեց Անկախութեան հռչակագիրը խաղաղութեան խոչընդոտ ներկայացնելու Փաշինեանի փորձերուն։ Ան շեշտեց, որ արդէն իսկ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրին երկրորդ յօդուածը կը բացառէ կողմերուն փոխադարձ տարածքային պահանջները, իսկ եօթներորդ յօդուածը կը նախատեսէ, որ կողմերէն ոչ մէկը կրնայ իր ներքին օրէնսդրութիւնը վկայակոչել համաձայնագիրի պարտաւորութիւնները չկատարելու համար։ Սաղաթելեան յիշեցուց նաեւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի այն դիրքորոշումը, ըստ որուն՝ Անկախութեան հռչակագիրին դրոյթները, որոնք ուղղակիօրէն արտացոլուած չեն Սահմանադրութեան մէջ, ինքնուրոյն սահմանադրական իրաւական ուժ չունին։ Անոր համոզումով, Հռչակագիրը խաղաղութեան խոչընդոտ ներկայացնելը Ալիեւի քաղաքական օրակարգին մաս կը կազմէ՝ նպատակ ունենալով նուաստացնել հայ ժողովուրդը եւ արդարացնել Ատրպէյճանի գործողութիւնները։
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան իր կարգին յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը կը մերժէ Փաշինեանի առաջարկը եւ իշխանութեան հետ այս հարցով բանակցելու որեւէ մտադրութիւն չունի։ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան նախագիծը բնորոշեց իբրեւ «Ալիեւեան Սահմանադրութիւն»՝ ընդգծելով, որ անիկա միաժամանակ կը պարունակէ ոչ ժողովրդավարական եւ բռնատիրական միտումներ։ Աբրահամեան մասնաւորաբար քննադատեց «հայ ժողովուրդ» հասկացութեան փոխարինումը «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդ» ձեւակերպումով եւ պնդեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չի կրնար ընդունուիլ օտար պետութեան պահանջով։
Նախագիծին ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ առաջարկուող փոփոխութիւնները չեն սահմանափակուիր Անկախութեան հռչակագիրով։ Գործող Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած պետական դրօշին եւ զինանշանին նկարագրութիւնները եւս դուրս ձգուած են նոր փաստաթուղթէն։ Այդպիսով, Արարատ լերան, Նոյեան տապանին եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւններու զինանշաններուն ուղղակի յիշատակումները այլեւս տեղ պիտի չունենան Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ։ Նախագիծը կը պահպանէ դրօշը, զինանշանը եւ օրհներգը իբրեւ պետական խորհրդանիշներ, սակայն անոնց նկարագրութիւնն ու բովանդակութիւնը կը վերապահէ հանրաքուէով ընդունուելիք առանձին օրէնքի։
Մտահոգիչ փոփոխութիւններ նախատեսուած են նաեւ քաղաքացիական եւ ընտրական իրաւունքներու ոլորտին մէջ։ Նախագիծի 20-րդ յօդուածը Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն եւ հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունքը կը պայմանաւորէ քուէարկութեան նախորդող երկու տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ առնուազն մէկ տարի մշտապէս բնակած ըլլալու պահանջով։ Այս դրոյթը կրնայ ընտրելու իրաւունքէն զրկել արտասահման բնակող Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքացիներ։ Միւս կողմէ, նախագիծի 24-րդ յօդուածը կը նախատեսէ որոշ յանցագործութիւններու պարագային դատարանի որոշումով քաղաքացիութենէ զրկելու կարելիութիւն, մինչ գործող Սահմանադրութիւնը բացայայտօրէն կ՚արգիլէ Հայաստանի քաղաքացին քաղաքացիութենէ զրկելը։
Դատական համակարգին վերաբերող փոփոխութիւնները եւս լուրջ հարցադրումներ յառաջացուցած են։ Նախագիծով գործող դատաւորները, բացառութեամբ Սահմանադրական դատարանի անդամներուն, պիտի ենթարկուին հնգամեայ ժամանակահատուածի մէջ իրականացուելիք միանուագ վերագնահատման։ Մինչ այդ, անոնք պիտի շարունակեն պաշտօնավարել իբրեւ դատաւորի ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ։ Վերագնահատումը պիտի կատարէ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան կողմէ ընտրուած յանձնախումբ մը։ Միաժամանակ, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի բոլոր տասը անդամներուն ընտրութիւնը պիտի վերապահուի խորհրդարանին, մինչ ներկայիս անոնց կէսը կ՚ընտրուի դատաւորներու ընդհանուր ժողովին կողմէ։ Այս փոփոխութիւնները նոր մտահոգութիւններ կը ստեղծեն դատական իշխանութեան անկախութեան եւ իշխող քաղաքական ուժին ազդեցութեան ընդլայնման առնչութեամբ։
Քաղաքական համակարգին մէջ նոյնպէս էական վերադասաւորումներ կը նախատեսուին։ Նախագիծը հնարաւորութիւն կու տայ Սահմանադրական դատարանի որոշումով արգիլելու օտարերկրեայ աղբիւրէ ֆինանսաւորուած կամ պետութեան անկախութենէն հրաժարիլ քարոզող կուսակցութիւններու գործունէութիւնը։ Ազգային ժողովը պիտի կարենայ նաեւ ինքնալուծարուիլ պատգամաւորներու երեք հինգերորդին քուէներով, մինչ սահմանադրական հանրաքուէ նշանակելու համար անհրաժեշտ խորհրդարանական շեմը ներկայիս գործող երկու երրորդէն պիտի իջեցուի երեք հինգերորդի։ Նախագիծով կը նախատեսուի նաեւ վարչապետին զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատարի կարգավիճակ տալ ոչ միայն պատերազմի, այլեւ խաղաղ ժամանակ։ Թէեւ կը ներկայացուին խորհրդարանական վերահսկողութիւնը եւ ընդդիմութեան ներկայացուցչութիւնը ընդլայնող որոշ դրոյթներ, փոփոխութիւններուն ամբողջութիւնը լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ իշխանութեան հակակշիռներուն եւ քաղաքական բազմակարծութեան պաշտպանութեան առնչութեամբ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գառնիկ Դանիէլեան եւս մերժեց սահմանադրական նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մայր օրէնքը չի կրնար վերածուիլ Ալիեւի պահանջներուն կատարման փաստաթուղթի։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց ոչ միայն ազգային եւ պատմական հիմքերուն վերանայման, այլեւ դատական անկախութեան, կուսակցութիւններու գործունէութեան, քաղաքացիութենէ զրկելու եւ լրատուամիջոցներու նկատմամբ վերահսկողութեան հնարաւոր վտանգներուն վրայ։ Նոյնպէս, «Հայաստան» խմբակցութեան դաշնակցական պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան քննադատեց ընտրական իրաւունքներու սահմանափակման, դատաւորներու վերագնահատման եւ կուսակցութիւններու գործունէութեան արգիլման վերաբերող դրոյթները՝ զգուշացնելով իշխանութեան ձեռքին նոր լծակներ կեդրոնացնելու վտանգէն։
Իր հրապարակային ուղերձին մէջ Փաշինեան, հակադարձելով ընդդիմութեան քննադատութիւններուն, պնդեց, որ նոր Սահմանադրութիւնը նպատակ ունի ամրապնդելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, ապահովելու մնայուն խաղաղութիւն եւ հիմը դնելու իր առաջադրած «Չորրորդ Հանրապետութիւն» հասկացութեան։ Ան 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագիրը ներկայացուց իբրեւ հակամարտութեան տրամաբանութեան արտայայտութիւն եւ վստահեցուց, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք պիտի կարելի ըլլայ ոչ միայն ստորագրել եւ վաւերացնել Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը, այլեւ հաստատել տեւական ու անշրջելի խաղաղութիւն։ Սակայն այս խոստումները չեն փարատեր հիմնական հարցադրումը՝ ինչո՞ւ Հայաստանի պետականութեան հիմնադիր սկզբունքներուն վերանայումը պէտք է պայմանաւորուի Պաքուի ներկայացուցած նախապայմաններով, մանաւանդ երբ խաղաղութեան համաձայնագիրին նախագիծը արդէն իսկ կը նախատեսէ փոխադարձ տարածքային պահանջներէ հրաժարում։
Սահմանադրական նախաձեռնութիւնը այս պահուն կը բախի նաեւ խորհրդարանական լուրջ խոչընդոտի։ Յունիս 2026-ի ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ապահոված է 64 պատգամաւորական աթոռ, մինչ գործող Սահմանադրութեան համաձայն՝ նոր Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի դնելու համար անհրաժեշտ է առնուազն 70 կողմ քուէ։ Փաշինեան ընդդիմութենէն կը պահանջէ պակսող վեց քուէները՝ խոստանալով հրաժարիլ, եթէ ժողովուրդը մերժէ նախագիծը, իսկ ընդունման պարագային չառաջադրուիլ վարչապետի պաշտօնին յաջորդ ընտրութիւններուն։ Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններն ալ մերժած են այս առաջարկը՝ վերահաստատելով, որ պիտի չաջակցին իրենց համոզումով արտաքին պարտադրանքով առաջ մղուող սահմանադրական գործընթացին։
Հրապարակուած փաստաթուղթը տակաւին նախնական նախագիծ է եւ ենթակայ է հանրային քննարկումներու ու հնարաւոր վերամշակումներու։ Սակայն արդէն իսկ պարզ է, որ սահմանադրական այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ներքաղաքական պայքարի գլխաւոր հարցերէն մէկը դարձած է։ Ընդդիմութեան մերժումը կ՚արտացոլացնէ սկզբունքային այն դիրքորոշումը, թէ սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը չի կրնար արդարացնել Հայաստանի անկախութեան պատմական հիմքերուն, համազգային նպատակներուն եւ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներուն վերանայումը՝ Ատրպէյճանի պահանջներուն ընդառաջելու նպատակով։