Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի քանդակներու ցուցահանդէսը
- (0)

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2026-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Կէօնճեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժիշկ եւ քանդակագործ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը։
Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցան քանդակագործին նորագոյն գործերը, որոնց շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէին պատմահայր Մովսէս Խորենացիի եւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Մալաք Քարշի կիսանդրիները։
Ձեռնարկին ներկայ էին Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Jardins d’Ottawa»-ի նախագահ պրն. Միշէլ Կոթիէն, Մալաք Քարշի որդին պրն. Սիտնի Քարշ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդի օգնական Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Տոքթ. Տարագճեան իր երկու գործերով կամուրջ մը կը կերտէ մեր հազարամեայ պատմական յիշողութեան եւ համաշխարհային արդի մշակոյթին միջեւ։ Մէկ կողմէ՝ Խորենացիի վեհաշուք կերպարը, որ կը մարմնաւորէ հայոց ինքնութիւնն ու գրաւոր պատմութեան ակունքները, միւս կողմէ՝ Մալաք Քարշի կիսանդրին՝ իբրեւ յարգանքի տուրք հայազգի այն մեծ արուեստագէտին, որ իր ոսպնեակով անմահացուց գեղեցիկն ու մնայունը»:
Ապա բժ. Մկրտիչ Տարագճեան ներկայացուց իր երկու ստեղծագործութիւնները եւ յայտնեց, որ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի Եպիսկոպոսական օծման 20-ամեակին եւ Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս իր առաջնորդութեան 10-ամեակին առիթով, Մովսէս Խորենացիի կիսանդրին պիտի նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանին, իսկ Մալաք Քարշի կիսանդրին պիտի զետեղուի Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ։ Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին Մալաք Քարշի կիսանդրիի ծրագրի իրականացման եւ յաջողութեան։
Տոքթ. Տարագճեանի խօսքէն ետք կատարուեցաւ քօղազերծման արարողութիւնը։ Նախ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու բժ. Տարագճեանը քօղազերծեցին Մովսէս Խորենացիի կիսանդրին, որմէ ետք բժ. Տարագճեանն ու պրն. Սիտնի Քարշը կատարեցին Մալաք Քարշի կիսանդրիի քօղազերծումը։
Խօսք առաւ «Jardins d’Ottawa»-ի նախագահ պրն. Միշէլ Կոթիէն, որ ներկայացուց Մալաք Քարշի կիսանդրիի մտայղացման հանգրուանները եւ բարձր գնահատեց բժ. Տարագճեանի տքնաջան աշխատանքը՝ այդ գաղափարը մնայուն ստեղծագործութեան վերածելուն առթիւ։ Իր կարգին, Մալաք Քարշի որդին՝ պրն. Սիտնի Քարշը անդրադարձաւ իր հօր կեանքին ու գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար։
Երեկոյի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքի խօսքը՝ արժեւորելով բժ. Մկրտիչ Տարագճեանի բազմամեայ եւ բեղուն վաստակը։ Իր խօսքին մէջ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Տոքթ. Տարագճեան մասնագիտութեամբ բժիշկ է, այո՛, սակայն բժշկութեան ասպարէզին կողքին, ան նաեւ մշակոյթի նուիրեալ ծառան է։ Իր քանդակները տարբեր շրջաններու մէջ անմահացուցած են աշխարհահռչակ անձինք, որոնք պարծանք են թէ՛ հայկական եւ թէ՛ գանատական մակարդակի վրայ»։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց ներկայացուած երկու կիսանդրիներու գեղարուեստական արժէքը՝ շեշտելով, թէ Խորենացիի խորիմաստ հայեացքն ու Քարշի ստեղծագործական շունչը վարպետօրէն կերտուած են քանդակագործին կողմէ՝ հանդիսանալով մեր ժառանգութեան եւ արուեստի փայլուն վկաները։