Լիլիթ Գալստեան հարցականի տակ կը դնէ արցախահայութեան բնակարանային աջակցութեան ծրագիրին արդիւնաւէտութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Լիլիթ Գալստեան նոյեմբեր 18-ին բարձրացուց Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան բնակարանային ապահովման պետական ծրագիրին արդիւնաւէտութեան հարցը՝ քննադատելով անոր գործադրութեան ընթացքն ու 2027-ի նախատեսուած ֆինանսաւորումը։
Պետական ամավարկի նախագիծին քննարկման ընթացքին Գալստեան յայտնեց, որ բնակարանային աջակցութեան ծրագիրը լուրջ քննադատութեան ենթարկուած է արցախահայութեան կողմէ, իսկ անոր գործնական արդիւնքները կը շարունակեն մտահոգութիւն պատճառել։
Երեսփոխանը նշեց, որ իր տրամադրութեան տակ գտնուող պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ շուրջ 4000 ընտանիք օգտուած է բնակարանային վկայագիրներէն։
Ան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ 2027-ի ամավարկին մէջ բնակարանային աջակցութեան երկու ծրագիրներուն յատկացումները շուրջ 2.2 միլիառ դրամով կը նուազին։
Գալստեան ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեանէն պահանջեց պարզաբանել ֆինանսաւորման կրճատման պատճառները եւ ներկայացնել ծրագիրին իրական արդիւնաւէտութեան գնահատումը։
Յովհաննիսեանի համաձայն, վերջին շրջանին գործընթացը արագացած է, իսկ յատկացումներու նուազումը պայմանաւորուած է նախատեսուած պահանջարկով։ Ան վստահեցուց, որ անհրաժեշտութեան պարագային կարելի պիտի ըլլայ լրացուցիչ գումարներ տրամադրել։
Սակայն վկայագիր ստացած ընտանիքներուն թիւը ինքնին չի հաստատեր, թէ անոնցմէ քանի՛ն արդէն կրցած է բնակարան գնել։ Բնակարանային ծրագրին իրական արդիւնքը գնահատելու համար էական կը մնայ ստացուած վկայագիրներուն եւ փաստացի բնակարան ձեռք բերած ընտանիքներուն միջեւ տարբերութիւնը։
Արցախէն բռնի տեղահանուած հազարաւոր ընտանիքներու բնակարանային ապահովութիւնը կը շարունակէ մնալ ընկերային առաջնահերթ խնդիր մը, մինչ անոնց հայրենի բնակավայրերը անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադառնալու իրաւունքը կը մնայ չիրականացած։