Նարեկ Կարապետեան. Հայաստանի պէտք է զարգացման, այլ ոչ թէ սպառման ամավարկ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան նոյեմբեր 18-ին քննադատեց Փաշինեանի կառավարութեան ներկայացուցած 2027-ի պետական ամավարկի նախագիծը՝ շեշտելով, որ անիկա անհրաժեշտ առաջնահերթութիւնը չի տար արտադրութեան զարգացման եւ երկարաժամկէտ աշխատատեղերու ստեղծման։

Խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Կարապետեան յայտարարեց, որ Հայաստանի անհրաժեշտ է զարգացման ծրագիրի վրայ հիմնուած ամավարկ մը, որ պիտի նպաստէ երկրի տնտեսական կարողութիւններուն ամրապնդման։

Անոր ներկայացուցած հաշուարկներով՝ տնտեսական գործունէութեան զարգացման եւ մնայուն աշխատատեղերու ստեղծման ուղղուած երկարաժամկէտ յատկացումները կը կազմեն ամավարկին շուրջ 0.5 տոկոսը։

Կարապետեան կառավարութեան ֆինանսական քաղաքականութիւնը բնորոշեց իբրեւ սպառման վրայ հիմնուած մօտեցում, որ բաւարար հիմեր չի ստեղծեր տնտեսութեան ապագայ զարգացման համար։

Ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ իշխանութեան կողմէ յաճախ ներկայացուող արձանագրուած աշխատատեղերու աճին։ Ան ընդգծեց, որ կարեւոր է ոչ միայն աշխատատեղերուն թիւը, այլեւ անոնց ստեղծուած տնտեսական ոլորտները։

Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար առաջնահերթ պէտք է ըլլան արտահանման կարողութիւն ունեցող արտադրական ձեռնարկութիւնները եւ տեղական արդիւնաբերութիւնը։ Մասնաւորաբար, Կարապետեան առաջարկեց խթանել այն ապրանքներուն արտադրութիւնը, որոնք ներկայիս կը ներածուին Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ։

Այս մօտեցումը նպատակ ունի նուազեցնելու արտաքին շուկաներէ կախուածութիւնը, ընդլայնելու ներքին արտադրութիւնը եւ ստեղծելու երկարաժամկէտ աշխատատեղեր։

2027-ի պետական ամավարկին շուրջ քննարկումները կը շարունակուին տնտեսական զարգացման, պետական պարտքի եւ ծախսերու արդիւնաւէտութեան վերաբերող քննադատութիւններու պայմաններուն մէջ։