ՀՅԴ-ական Գերասիմ Վարդանեան կը հրաժարի Արտաշատի աւագանիի անդամի իր լիազօրութիւններէն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց, որ պիտի չստանձնէ Արտաշատ խոշորացուած համայնքի աւագանիի անդամի իր լիազօրութիւնները։
Վարդանեան, որ հոկտեմբեր 25-ի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն գլխաւորած էր ՀՅԴ-ի ընտրական ցանկը, իր որոշումը բացատրեց քաղաքական մարտավարական նկատառումներով։
Ան յայտնեց, որ աւագանիի անդամի լիազօրութիւններէն հրաժարիլը իրեն կարելիութիւն պիտի տայ աւելի գործուն մասնակցութիւն բերելու յառաջիկայ քաղաքական գործընթացներուն։
Վարդանեան միաժամանակ ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ իր ընդդիմադիր գործունէութիւնը Արտաշատի աւագանիին մէջ։
Դաշնակցութեան չորս ներկայացուցիչներն են Արտաւազդ Մարգարեան, Անի Ազատեան, Արտակ Թադեւոսեան եւ Հերմինէ Խուսդոյեան։
Հոկտեմբեր 25-ի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն ստացած էր քուէներու 10.59 առ հարիւրը՝ ապահովելով չորս աթոռ։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած էր 28 աթոռ։
Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դաշնակցութեան վստահութիւն յայտնած շուրջ երեք հազար ընտրողներուն՝ ընդգծելով, որ ՀՅԴ-ի խմբակցութիւնը պիտի հետապնդէ համայնքի բոլոր բնակիչներուն շահերը՝ անկախ անոնց քաղաքական հայեացքներէն։