Ֆրանսա կը շարունակէ Պաքուին կոչ ուղղել՝ ազատ արձակելու հայ գերիները
- (0)

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի կառավարութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատած է Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով, որ չլուծուած մարդասիրական հարցերը պէտք է մաս կազմեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Նոյեմբեր 10-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ հարցումի մը պատասխանելով՝ արտաքին առեւտուրի պատասխանատու նախարար Նիքոլա Ֆորիսիէ յայտնեց, որ Փարիզ կը շարունակէ հետեւիլ Ատրպէյճանի մէջ ընթացող դատական գործերուն եւ կը պահանջէ ազատ արձակել կամայականօրէն կալանաւորուած անձերը։
Հարցումը ներկայացուցած էր ծերակուտական Մարի-Առլէթ Քարլոթի, որ անդրադարձած էր Արցախի բռնի տեղահանուած աւելի քան 100 հազար հայերու ծանր կացութեան, գերիներու նկատմամբ արձակուած դատավճիռներուն եւ արդար դատավարութեան իրաւունքի խախտումներուն։
Ֆորիսիէ վերահաստատեց նաեւ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի որոշումին, որ կը վերաբերի արցախահայերու անվտանգ եւ ազատ վերադարձին։
Ֆրանսացի պաշտօնատարը յիշեցուց, որ Պաքուի մէջ շարունակուող կամայական կալանաւորումները եւ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի իրաւունքները կը մնան չլուծուած։
Ֆրանսայի այս դիրքորոշումը անգամ մը եւս միջազգային օրակարգի վրայ կը պահէ հայ գերիներու ազատութեան եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի հարցերը։