Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութիւն՝ առանց ռազմավարական յիշողութեան

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան համար։ Թրքական անօդաչու սարքերուն վրայ տեղադրուած գանատական WESCAM համակարգերու օգտագործումը բացայայտեց Անգարայի հետ պաշտպանական գործակցութեան վտանգաւոր հետեւանքները։ Այսօր, այդ փորձառութենէն ընդամէնը քանի մը տարի ետք, Օթթաուան Թուրքիոյ հետ կը հաստատէ ռազմավարական նոր գործընկերութիւն՝ ընդլայնելով տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական համագործակցութեան սահմանները։

Այս որոշումը կը բացայայտէ Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ յառաջացող մտահոգիչ հակասութիւնը։ Տնտեսական նոր շուկաներու որոնումը եւ պաշտպանական կապերու խորացումը կ՚ընթանան ի նպաստ պետութեան մը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կը շարունակէ իր ապակայունացնող դերակատարութիւնը։ Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը Ատրպէյճանին կը սնուցանէ ուժի եւ պարտադրանքի այն քաղաքականութիւնը, որուն կործանարար հետեւանքները կրեց Արցախի հայութիւնը, եւ որ այսօր ալ կը սպառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան։

Պետութիւններու միջեւ ռազմավարական վստահութիւնը կը կառուցուի պատասխանատու վարքագիծի եւ յանձնառութիւններու յարգումին վրայ։ Անգարա տակաւին չէ ցուցաբերած այդ վստահութիւնը արդարացնող քաղաքականութիւն։ Նման պայմաններու մէջ Գանատայի ընձեռած տնտեսական ու պաշտպանական նոր առաւելութիւնները կրնան աւելի զօրացնել Թուրքիոյ դիրքերը՝ առանց որեւէ երաշխիքի, թէ ան պիտի վերանայի իր շրջանային քաղաքականութիւնը։ Օթթաուայի այս մերձեցումը հետեւաբար լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնէ նաեւ Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքայնութեան առնչութեամբ։

Այս պայմաններուն մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ ՀՅԴ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին գործունէութիւնը։ Քաղաքական պատասխանատուներու հետ իր կապերով, հանրային միջամտութիւններով եւ հետեւողական պահանջատիրութեամբ՝ յանձնախումբը հայկական շահերու պաշտպանութիւնը կը պահէ Գանատայի քաղաքական օրակարգին վրայ։ Անոր աշխատանքը կը միտի ապահովելու, որ տնտեսական եւ ռազմավարական հաշիւները չգերադասուին միջազգային իրաւունքէն, արդարութենէն եւ Հայաստանի անվտանգութեան հրամայականներէն։

Սակայն այս ամբողջ պատկերին մէջ ամենէն մտահոգիչ երեւոյթը Երեւանի իշխանութիւններուն փաստացի լռութիւնն է։ Հայաստանի անմիջական անվտանգութեան առնչուող այսպիսի զարգացումի մը դիմաց հայրենի պետական իշխանութիւնը համարժէք դիրքորոշումով հանդէս չի գար՝ հայկական շահերու պաշտպանութեան ծանրութիւնը անգամ մը եւս թողելով Սփիւռքի քաղաքական կառոյցներուն վրայ։

Հայ դատի յանձնախումբին հետեւողական կեցուածքը կազմակերպուած Սփիւռքի քաղաքական ուժին եւ պատասխանատուութեան արտայայտութիւնն է։ Միաժամանակ, ան կը մերկացնէ ցաւալի իրականութիւն մը. երբ վտանգուած են հայրենիքի կենսական շահերը, ազգային պահանջատիրութեան ձայնը այսօր աւելի յստակ կը հնչէ Օթթաուայէն, քան Երեւանէն։

«Հորիզոն»