ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 160-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 113-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Դաշնակցութեան խիղճը, յեղափոխական գաղափարապաշտութեան առաքեալը եւ ազգային անսակարկ նուիրումի մարմնացումը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

«Եւ ես կողջունեմ քեզ, ո՛վ փրկարար Փոթորիկ,
Ո՛վ իմ մեռեալս մեծարժէք, ո՛վ իմ ընկերս անխարդախ,
Դուն՝ քու խաչդ ուսիդ, Գողգոթայէն վեր մագլցող,
Ո՛վ սրբակրօն Սիմէոն, ո՛վ եղերական Մարդ–Յիսուս…»:

         – Սիամանթօ

Դաշնակցութեան խի՛ղճը… Այսպէս կո­չուեցաւ Սիմոն Զաւարեան իր ժամանա­կա­կիցներուն եւ գաղափարակիցներուն կողմէ։ Արդարեւ ան այն եզակի անհատակա­նու­թիւն­ներէն էր, որոնց կեանքը կը վերածուի սկզբունքի, նկարագիրը՝ չափանիշի, իսկ նուի­րումը՝ սերունդներ առաջնորդող կեն­դա­նի պատգամի։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան՝ Քրիստափոր Մի­քայէլեանի եւ Ստեփան Զօրեանի՝ Ռոս­տոմի կողքին, Սիմոն Զաւարեան իր ամբողջ էութեամբ մարմնաւորեց գաղափարական անարատ, բարոյական խստապահան­ջու­թիւ­նը, ընկերային արդարութեան ձգտումը եւ հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու անսակարկ կամքն ու նուիրումը։

2026 թուականը յատկանշական հան­գրուան մըն է հայ ազգային-ազատա­գրա­կան շարժումի այս մեծանուն գործիչին՝ Սոմոն Զաւարեանի յիշատակին համար։ 

Կը լրանայ անոր ծննդեան 160-ամեակը եւ մահուան 113-րդ տարելիցը։ Ան, որ իր կեանքի ընդամէնը 47 տարիներուն ընթացքին կրցաւ իր անունը անջնջելիօրէն դրոշ­մել հայ յեղափոխական մտքի, ազգային կազմակերպուած պայքարի եւ կուսակցա­կան բարոյականութեան պատմութեան մէջ, այսօր եւս կը ներկայանայ իբրեւ գաղա­փարի եւ խղճի անզիջող պահապանը։

1913 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին, Պոլսոյ մէջ, «Ազատամարտ»-ի խմբագրատու­նէն տուն վերադարձի ճանապարհին յանկարծամահ եղաւ անխոնջ եւ ջանասէր յեղա­փոխականը։ Իր մահուան լուրը խոր սուգի մատնեց ոչ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, այլեւ հայ մտաւորականութիւնը, երիտասարդութիւնը եւ ազգային կեանքի լայն շրջանակները։ Զաւարեան մեծ հայը մարմնապէս հեռացաւ մեզ­մէ, սակայն անոր գաղափարական ներկայութիւնը շարունակեց ապրիլ իր գոր­ծին, իր օրինակին եւ իր թողած բարոյական ժառանգութեան մէջ։

Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866 թուականին Լոռիի Այգեհատ գիւղը՝ հայոց բնաշ­խարհի լեռներուն, անտառներուն եւ աշխատաւոր գիւղացիութեան հարազատ միջա­վայրին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Թիֆ­լիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, ապա մեկնած Մոսկուա՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու Պետրովիա գիւղատնտեսական համալսարանին մէջ մէջ։

Սակայն համալսարանական ուսումը Զաւարեանի համար միայն մասնագի­տա­կան գիտելիքներ ձեռք բերելու միջոց չէր։ Երիտասարդ տարիքէն անոր հետա­քրքրու­թիւնները կը տարածուէին ընկերային անհաւասարութեան, ժողովուրդներու ազա­տա­գրութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ հասարակական վերափոխման հարցերու վրայ։ Մոսկուայի ուսանողական միջավայրին մէջ ան կը ծանօթանայ յեղա­փոխական գաղափարներու եւ ազատագրական ժամանակակից շարժումներու, եւ իր մէջ կը կրէ այն համոզումը, որ գիտութիւնը, միտքը եւ անձնական կարողութիւնները իրենց ամբողջական արժէքը կը գտնեն, երբ անոնք կը ծառայեն ժողովուրդին։

Հոն է, որ իր ճամբան կը համընկնի Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ստեփան Զօր­եանի՝ Ռոստոմի հետ։ Երեք անհատականութիւններ՝ տարբեր խառնուածքներով, սա­կայն նոյն ազգային մտահոգութեամբ, նոյն ազատագրական տեսիլքով եւ նոյն յանձ­նա­ռութեամբ՝ հայ ժողովուրդը կազմակերպուած պայքարի ուղիով առաջնորդելու վճռա­կանութեամբ։

1890 թուականին, Թիֆլիսի մէջ, անոնց ջանքերով եւ այլ յեղափոխական ուժերու մասնակցութեամբ կը հիմնադրուի Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը՝ հե­տա­գային Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անունով ծանօթ կազմակեր­պու­թիւ­նը։ 

Զաւարեան այս պատմական ձեռնարկին մէջ միայն հիմնադիրի դեր չունեցաւ։ Ան եղաւ կազմակերպութեան գաղափարական հիմքերու, սկզբնական ծրագիր-կանոնա­գրի եւ կառոյցի ձեւաւորման կարեւոր մասնակիցներէն մէկը։ 

Ահա՛ հոս կը բացուի Զաւարեանի պատմական կերպարին առաջին մեծ մտած­մունքը. ան չբաւարարուեցաւ գաղափարախօսութիւնը քարոզելով, այլ ձգտեցաւ զայն վերածել կազմակերպուած ուժի, իսկ կազմակերպութիւնը՝ ժողովուրդին ծառայող պա­տասխանատու կառոյցի։

Զաւարեանի գործունէութիւնը չսահմանափակուեցաւ մէկ քաղաքի, մէկ շրջանի կամ մէկ պաշտօնի սահմաններուն մէջ։ Անոր կեանքը եղաւ անդադրում երթ մը՝ Կով­կասէն Արեւմտահայաստան, Տրապիզոնէն մինչեւ Մուշ ու Սասուն, Կիլիկիայէն մին­չեւ Ժընեւ եւ Պոլիս, Լիբանան ու Սուրիա։ Ուր որ հայ ժողովուրդը ունէր կազմա­կեր­պուելու, կրթուելու, իր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու կամ ազատագրական պայքարին մասնակցելու կարիքն ու կամքը, հոն Զաւարեան կը բերէր իր անմնացորդ բաժինը։

Զաւարեան Տրապիզոնի մէջ ստանձնեց ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօ­նը։ Յեղափոխական գործունէութեան պատճառով ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, սակայն բանտն ու աքսորը չկրցան կասեցնել անոր նուիրական երթը։ Ազատ ար­ձա­կուելէ եւ վերադառնալէ ետք, ան շարունակեց իր աշխատանքը՝ մասնակցելով Դաշ­նակցութեան կազմակերպչական կեանքի ամրապնդման եւ ազգային-ազատա­գրա­կան գործի տարածման աշխատանքներուն։

Զաւարեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ մնաց մինչեւ իր մահը։ Կազմակերպչական պա­տասխանատւութիւնը անոր համար հանգամանքի կամ դիրքի խնդիր չէր, այլ պար­տա­կանութիւն, որուն դիմաց պէտք էր հաշուետու ըլլալ նախ սեփական խղճին, կազ­մակերպութեան եւ ապա ընկերներուն ու ժողովուրդին։

1902 թուականին Ժընեւ մեկնելով՝ ան մասնակցեցաւ «Դրօշակ»-ի խմբագրական աշխատանքներուն եւ կուսակցութեան արեւմտեան գործունէութեան համակարգման։ Իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին ան կը հաւաքագրէր տեղեկութիւններ հայ բնակ­չութեան վիճակին, տեղական պայմաններուն, կազմակերպչական հնարաւորու­թիւն­ներուն եւ ազգային պահանջներուն մասին։ Այս աշխատանքները պարզ վարչական պարտականութիւններ չէին. անոնք կը միտէին ազատագրական պայքարը հիմնել ու խարսխել  իրական կեանքի ուսումնասիրութեան, ժողովուրդի կարիքներու ծանօ­թաց­ման եւ գործնական ծրագրաւորման վրայ։

Կիլիկիոյ մէջ իր կատարած շրջագայութիւնները, հայութեան ընկերային ու քա­ղաքական վիճակի ուսումնասիրութիւնը եւ կազմակերպչական աշխատանքները կը վկայեն, թէ Զաւարեան որքան կարեւոր կը նկատէր ժողովուրդը ճանչնալը՝ անոր մա­սին խօսելէ առաջ։

1908 թուականի օսմանեան սահմանադրական յեղաշրջումէն ետք, ան իր ուշա­դրութիւնը կեդրոնացուց նաեւ Արեւմտահայաստանի հայութեան վիճակին եւ բարե­նո­րոգումներու հարցին վրայ։ Մուշի ու Սասունի մէջ ուսուցչական եւ դպրոցական տեսչական աշխատանքներ ստանձնեց՝ կրթութիւնը նկատելով ազգային գոյատեւման եւ ինքնագիտակցութեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը։

1911 թուականին Պոլիս հաստատուելէ ետք՝ շարունակեց իր կրթական գործու­նէութիւնը Էսայեան վարժարանին մէջ եւ աշխատակցեցաւ «Ազատամարտ» թերթին։

Այս բոլոր հանգրուաններուն մէջ նոյն նուիրաբերուող մարդն էր Զաւարեան՝ ու­սումնասիրող եւ կազմակերպող, ուսուցիչ եւ յեղափոխական, ազգային գործիչ եւ ըն­կերային արդարութեան ջատագով։ Անոր համար յեղափոխութիւնը միայն պայքարի արտաքին ձեւը չէր. յեղափոխութիւնը նախեւառաջ մարդուն ներքին վերափոխումն էր, անոր գիտակցութեան արթնացումը եւ պատասխանատւութեան զգացումին զար­գացումը։ 

Սիմոն Զաւարեանի անունը հայ քաղաքական պատմութեան մէջ առանձ­նայա­տուկ տեղ գրաւեց ոչ միայն իր կազմակերպչական տաղանդով կամ յեղափոխական գոր­ծունէութեամբ, այլեւ իր բացառիկ բարոյական նկարագրով։

Քրիստափոր Միքայէլեանը մարմնաւորեց յեղափոխական գաղափարի ստեղծա­գործ ուժն ու ռազմավարական վճռակամութիւնը, Ռոստոմը՝ կազմակերպչական կա­ռուցողական միտքն ու գործնական ամրութիւնը, իսկ Զաւարեանի կերպարին մէջ խտացաւ այդ պայքարը բարոյական բարձրութեան հասցնելու անզիջող պահանջը։

Այս բնորոշումը, անշուշտ, երեք հիմնադիրներուն միջեւ արհեստական սահման­ներ գծելու փորձ մը չէ։ Անոնց ուժը իրենց փոխլրացնող յատկութիւններուն եւ ընդ­հա­նուր յանձնառութեան մէջ էր։ Սակայն Զաւարեանի անհատականութեան յատուկ կնիքը կը կազմէր սկզբունքներու նկատմամբ անոր անզիջողութիւնը եւ անձնական կեանքը նոյն սկզբունքներուն համեմատ դասաւորելու վճռականութիւնը։

Ան չէր հանդուրժեր խօսքի եւ գործի անհամապատասխանութիւնը, գաղափա­րա­կան բարձրաձայն յայտարարութիւններու եւ առօրեայ վարքագծի հակասութիւնը։ Կը պահանջէր խստապահանջութիւն, բայց նախ եւ առաջ՝ ինքնիրմէ։ Կը պաշտպանէր կարգապահութիւնը, սակայն անոր իմաստը կը տեսնէր ոչ թէ կոյր ենթարկումին, այլ գիտակից պատասխանատւութեան եւ ընդհանուր նպատակի հանդէպ հաւատար­մու­թեան մէջ։

Ահա թէ ինչո՛ւ Զաւարեանի անունը դարձաւ կուսակցական խղճի հոմանիշ։ Անոր կեանքը կը յիշեցնէր, որ քաղաքական կազմակերպութեան մը իսկական ուժը միայն իր անդամներուն թիւով, ազդեցութեամբ կամ գործելու կարողութեամբ չի չափուիր։ Անոր իսկական ուժը նաեւ իր բարոյական նկարագրին, ներքին միասնականութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած պատասխանատւութեան մէջ է։

Գաղափարական սկզբունքը եթէ չի դրսեւորուիր անհատի կենցաղին, վարքա­գի­ծին եւ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ, կը կորսնցնէ իր կենսական ուժը։ Զա­ւարեան այդ ճշմարտութեան կենդանի վկայութիւնն էր։ Ան իր խօսքին հեղինա­կու­թիւնը կը հաստատէր իր կեանքով, իր պահանջներուն արդարութիւնը՝ իր անձնական օրինակով։

Ուստի երբ կը խօսինք զաւարեանական աւանդի մասին, պէտք է հասկնանք, որ խօսքը միայն պատմական յիշողութեան մը կամ հերոսական անցեալի մը պա­տուան­դանին վրայ կանգնելու մասին չէ։ Խօսքը բարոյական պատասխանատւութեան մը մասին է, որուն առջեւ կը կանգնի իւրաքանչիւր սերունդ, իւրաքանչիւր կազմա­կեր­պու­թիւն եւ իւրաքանչիւր անհատ, որոնք կը յաւակնին ծառայել հանրային ու ազ­գային գերագոյն նպատակներու։

Զաւարեանի գործունէութեան կարեւորագոյն երեսներէն մէկը կրթութեան եւ դաս­տիարակութեան նկատմամբ անոր ունեցած խոր հաւատքն էր։

Ան գիտէր, որ ժողովուրդի մը ազատագրութիւնը չի կրնար ամբողջանալ միայն քաղաքական պահանջներով կամ կազմակերպչական միջոցներով։ Ազատագրութեան համար անհրաժեշտ են գիտակից քաղաքացիներ, ազգային ինքնութեան տէր սե­րունդ­ներ, մտքի անկախութեամբ օժտուած անհատներ եւ հանրային պատաս­խա­նա­տւութեան զգացում ունեցող գործիչներ։

Այդ պատճառով ալ ան ուսուցչութիւնը կը նկատէր ծառայութեան առաքելութիւն։ Մուշի, Սասունի եւ Պոլսոյ մէջ իր կրթական աշխատանքները պատահական դէպքեր չէին իր յեղափոխական կենսագրութեան մէջ։ Անոնք կը բխէին այն համոզումէն, որ դպրոցը, ուսուցիչը եւ կրթուած երիտասարդութիւնը ազգային ապագայի կերտման ան­փոխարինելի ուժեր են։

Զաւարեան կը ձգտէր ոչ միայն գիտելիք փոխանցել, այլեւ նկարագիր կազմա­ւո­րել, ինքնուրոյն մտածողութիւն զարգացնել եւ երիտասարդութեան մէջ պատասխա­նա­տւութեան զգացում արթնցնել։ Իր պատկերացուցած ազգային գործիչը պէտք էր ըլլար ոչ միայն հայրենասէր, այլեւ գիտակից, բարեխիղճ, աշխատասէր ու ժողո­վուր­դին ցաւերուն հաղորդակից։

Ահա՛ հոս է անոր պատգամին արդիականութիւնը նաեւ մեր օրերուն համար։ Երբ կրթութեան մասին կը խօսինք, բաւարար չէ միայն դպրոցներու, ուսումնական ծրա­գրերու կամ հաստատութիւններու գոյութիւնը։ Պէտք է հարց տանք, թէ ի՞նչ մարդ կը կազ­մաւորենք, ի՞նչ արժէքներ կը փոխանցենք մեր զաւակներուն, ինչպիսի՞ պատաս­խանատւութիւն կը զարգացնենք անոնց մէջ՝ հայրենիքին, լեզուին, մշակոյթին, Հայ Դատին եւ հասարակութեան հանդէպ։

Զաւարեանի կեանքը մեզի կը թելադրէ, որ ազգային դաստիարակութիւնը պէտք է միաւորէ գիտելիքը եւ նկարագիրը, հայրենասիրութիւնը եւ քննադատական միտքը, անձնական յաջողութիւնը եւ հանրային ծառայութիւնը։

Այսօր, Սիմոն Զաւարեանի ծննդեան 160-ամեակին եւ մահուան 113-րդ տարե­լի­ցին առիթով, անոր կեանքին ու գործունէութեան անդրադառնալը չի կրնար սահ­մա­նափակուիլ յոբելենական յարգանքի խօսքերով։ Պատմական դէմքերուն իսկական մե­ծութիւնը կը բացայայտուի այն ատեն, երբ անոնց թողած ժառանգութիւնը կը վե­րա­ծուի մեր օրերուն ուղղուած հարցադրումներու եւ գործի մղող պատգամի։

Մեր հայրենիքը եւ Սփիւռքը այսօր կը դիմագրաւեն բազմաբնոյթ մարտա­հրա­ւէրներ։ Ազգային ինքնութեան պահպանումը, հայոց պատմութեան, լեզուի եւ մշա­կոյ­թի շարունակականութիւնը, երիտասարդութեան ներգրաւումը, ազգային կառոյցնե­րու կենսունակութիւնը եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը կը պահանջեն ոչ միայն մտահոգութիւն, այլեւ հետեւողական աշխատանք, հեռատեսութիւն եւ բա­րո­յական պատասխանատւութիւն։

Այս պայմաններուն մէջ Զաւարեանի օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, որ գաղա­փա­րա­կան հաւատարմութիւնը պէտք է զուգորդուի գործնական կարողութեան, կազմա­կեր­պուած աշխատանքի եւ ինքնաքննադատութեան հետ։ Անցեալի հերոսները մեծարելը անհրաժեշտ է եւ տեղին, սակայն անոնց մեծարումը իր ամբողջական իմաստը կը ստանայ, երբ կը փորձենք մեր կեանքին մէջ մարմնաւորել անոնց սկզբունքները։

Ի՞նչ արժէք ունի ազատութեան մասին խօսիլը, եթէ չենք պաշտպաներ մարդ­կա­յին արժանապատուութիւնը։ Ի՞նչ իմաստ ունի ազգային միասնութեան կոչ ընելը, եթէ չենք աշխատիր յաղթահարելու բաժանումներն ու անձնական շահերու գերադա­սու­մը։ Ի՞նչ կը նշանակէ երիտասարդութեան գաղափարական դաստիարակութիւնը, եթէ անոր չենք փոխանցեր ոչ միայն մեր պատմութեան փառաւոր էջերը, այլեւ մեր սխալ­ները քննելու, իրականութիւնը հասկնալու եւ պատասխանատու որոշումներ կա­յացնելու կարողութիւնը։

Այս հարցումներուն մէջ կը հնչէ Զաւարեանի բարոյական պատգամը։

Ան մեզի չի հրահանգեր ապրիլ անցեալի կրկնօրինակը ըլլալու ձեւով։ Ան կը հրա­ւիրէ մեզ վերագտնելու այն արժէքները, որոնց շնորհիւ անցեալի սերունդները կրցան դիմագրաւել իրենց ժամանակի դժուարութիւնները՝ խղճի մաքրութիւն, գաղափա­րա­կան հետեւողականութիւն, անձնական զոհողութեան պատրաստակամութիւն եւ ժո­ղո­վուրդին հանդէպ խոր պատասխանատուութիւն։

Մանաւանդ մեր երիտասարդութեան համար Զաւարեանի կեանքը կրնայ դառնալ ներշնչման աղբիւր մը։ Ան կը սորվեցնէ, որ հայրենասիրութիւնը զգացական յայ­տա­րարութիւն մը չէ միայն, այլ՝ գիտելիք ձեռք բերելու, աշխատանք տանելու, հանրային կեանքին մասնակցելու եւ անհրաժեշտ պահուն անձնական շահը ընդհանուր բարի­քին ենթարկելու պատրաստակամութիւն։

Եւ եթէ կ’ուզենք, որ մեր ազգային կառոյցները շարունակեն ապրիլ ու զարգանալ, պէտք է զանոնք օժտենք զաւարեանական այդ ոգիով՝ գաղափարական խորութեամբ, բարոյական վստահելիութեամբ եւ նոր սերունդներու հանդէպ անկեղծ հոգածու­թեամբ։

Սիմոն Զաւարեանի կեանքը կարճ եղաւ, սակայն անոր ծառայութեան ճանա­պար­հը երկարեցաւ իր մահէն անդին։ Ան չհասցուց տեսնել հայ ժողովուրդի հետագայ բո­լոր փորձութիւնները, չապրեցաւ անկախ պետականութեան վերականգնումը եւ չտե­սաւ մեր ազգային պատմութեան հետագայ շրջադարձերը։ Սակայն իր ապրած ժա­մա­նակաշրջանին մէջ ան այնպիսի գաղափարական եւ բարոյական հիմքերու ամրա­պնդման նպաստեց, որոնք շարունակեցին ներշնչել հայ յեղափոխական ու ազգային կեանքի յաջորդ սերունդները։

Զաւարեան մեզի կը թողու ոչ միայն հիացումի արժանի յիշատակ մը, այլեւ պար­տաւորութիւն մը։ Պարտաւորութիւն՝ գաղափարը չզիջելու անձնական հաշիւներուն, ծառայութիւնը չվերածելու ինքնանպատակի, կազմակերպչական դիրքը չշփոթելու ար­տօնութեան հետ եւ հայրենասիրութիւնը չսահմանափակելու խօսքերու աշխար­հին մէջ։

Անոր յիշատակը կը պահանջէ, որ մեր ազգային կեանքին մէջ բարձր պահենք սկզբունքներու արժէքը, յարգենք աշխատանքը, գնահատենք գիտելիքն ու կրթութիւնը եւ մեր երիտասարդութեան փոխանցենք ոչ միայն ազգային պատկանելիութեան գի­տակցութիւն, այլեւ այդ պատկանելիութեան արժանի ըլլալու պատասխա­նատւու­թիւ­նը։

Այսօր երբ կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ, պէտք է վերանորոգենք նաեւ մեր հաւատարմութիւնը այն բարձր արժէքներուն, որոնց համար ան ապրեցաւ ու գոր­ծեց։ Որովհետեւ Զաւարեանի անմահութիւնը միայն անցեալին պատկանող փառք մը չէ. ան կենդանի չափանիշ մըն է, որուն դիմաց իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է չափէ իր խօսքը, իր գործը եւ իր ծառայութեան անկեղծութիւնը։

Զաւարեան մեզի կը պատգամէ, որ գաղափարը արժէք ունենայ կեանքով, հայրե­նասիրութիւնը՝ գործով, իսկ յեղափոխականութիւնը՝ խղճի անաղարտութեամբ։

Եւ քանի դեռ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ որոնել արդարութեան, ազատու­թեան, արժանապատուութեան եւ ազգային վերածնունդի իր ուղին, Զաւարեանի օրի­նակը պիտի մնայ այդ ճանապարհին վրայ ճառագայթող բարոյական փարոսներէն մէ­կը։

Յարգա՛նք Սիմոն Զաւարեանի յիշատակին՝ գաղափարի անզիջող մարտիկին, Դաշ­նակցութեան խիղճին եւ հայ ժողովուրդի նուիրեալ զաւակին։

Յարգա՛նք Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ռոստոմի անմեռ յիշատակին, այն հիմ­նադիրներուն, որոնց հետ Զաւարեան կերտեց հայ յեղափոխական կազմակերպուած պայքարի պատմական հիմքերը։

Պատի՜ւ բոլոր անոնց, որոնք զաւարեանական հնոցին մէջ թրծուեցան եւ իրենց կեանքը նուիրեցին հայ ժողովուրդի ազատութեան, արժանապատուութեան եւ ազ­գային յարատեւութեան դատին։

Թող Զաւարեանի անմար յիշատակը շարունակէ մնալ խղճի արթնութեան, գա­ղա­փարական հաւատարմութեան եւ անձնուրաց ծառայութեան չմարող կանչը՝ այսօր, վաղը եւ գալիք բոլոր սերունդներուն համար։

Թորոնթօ, 2026


Օգտագործուած աղբիւրներ եւ լրացուցիչ ընթերցանութիւններ.

1. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական կայք – «Սիմոն Զաւար­եան» կենսագրական գրութիւնը։

2. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական կայք – «Սիմոն Զաւար­եան (1866–1913). Հայու յեղափոխական ինքնամաքրման խստաբարոյ դաշնա­կցա­կանը»։

3. «Ազատ Օր»-ի արխիւ – «Սիմոն Զաւարեան (1866–1913). Հայոց յեղափոխական վերածնունդին անզուգական Առաքեալը»:

4. Սիմոն Վրացեան, խմբագիր՝ «Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան»։

5. Սիմոն Զաւարեան, «Սիմոն Զաւարեանի երկեր», Երեւան, 1991։