Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ տարակարծութիւնները կը սրին. Ատրպէյճան կ՚արգիլէ 31 թուրք քաղաքացիներու մուտքը
- (0)

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 31 թուրք քաղաքացիներ անցանկալի անձեր հռչակած եւ արգիլած են անոնց մուտքը երկիր՝ նոր լարուածութիւն յառաջացնելով Պաքուի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ։ Որոշումը կը վերաբերի քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու եւ կրօնական շրջանակներու ներկայացուցիչներու, որոնք վերջին շրջանին հրապարակաւ քննադատած էին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։
21 հոկտեմբերին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշումը հիմնաւորած է այդ անձերուն՝ ընկերային ցանցերու եւ համացանցային այլ հարթակներու վրայ կատարած յայտարարութիւններով, որոնք, Պաքուի պնդումով, ուղղուած են երկրի ինքնիշխանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ սահմանադրական կարգին դէմ։
Նախարարութիւնը նաեւ կը պնդէ, թէ խնդրոյ առարկայ արտայայտութիւններէն ոմանք բռնութեան, կրօնական ծայրայեղականութեան եւ թշնամանքի հրահրման բնոյթ ունին։
Մուտքի արգելքի ենթարկուածներուն շարքին են Թուրքիոյ «Նոր բարօրութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Ֆաթիհ Էրպաքան, քրտամէտ DEM կուսակցութեան երեսփոխան Օմէր Ֆարուք Կերկերլիօղլու, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական եւ հանրային դէմքեր։
Այս որոշումին կը նախորդեն վերջին շաբաթներուն երկու երկիրներուն միջեւ ծագած տարակարծութիւնները, որոնց կեդրոնը յայտնուած է Ատրպէյճանի դպրոցներուն մէջ իսլամական գլխաշորի գործածութեան հարցը։ Սեպտեմբերին հաստատուած դպրոցական համազգեստի նոր կանոնները քննադատութեան արժանացած են Թուրքիոյ մէջ, յատկապէս այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ գլխաշոր կրող աշակերտուհիներու արգիլուած է դասերու մասնակցիլ։
Ալիեւի ղեկավարած «Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութիւնը, իր կարգին, թուրք քաղաքական գործիչները մեղադրած է Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու մէջ։ Տարակարծութիւններու առիթ հանդիսացած են նաեւ Պաքուի եւ Իսրայէլի սերտ յարաբերութիւնները՝ Կազայի պատերազմի շուրջ Անգարայի որդեգրած դիրքորոշման լոյսին տակ։
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը երկար տարիներէ ի վեր կը պահպանեն ռազմաքաղաքական սերտ համագործակցութիւն։ Անգարա վճռորոշ աջակցութիւն ցուցաբերած է Պաքուին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ մղուած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին։
Հետեւաբար, վերջին զարգացումները դեռեւս երկու պետութիւններուն ռազմավարական դաշինքին խզումը չեն նշանակեր, սակայն կը բացայայտեն տարակարծութիւններ, որոնք հետզհետէ աւելի բացայայտ բնոյթ կը ստանան։