18 հոկտեմբեր 1859՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի ծննդեան տարեդարձը

Գաղափարի, նուիրումի եւ ազգային անկոտրում կամքի պատգամը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հոկտեմբեր 18-ն կը հանդիսանայ Հայ Յե­ղափոխական Դաշնակցութեան հիմնա­դիր­նե­րէն Քրիստափոր Միքայէլեանի ծննդեան օրը։

Այս առիթով մենք ոչ միայն յիշելու ենք հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան նշանա­ւոր դէմքերէն մէկուն ծննդեան օրը, այլեւ վե­րարժեւորելու այն գաղափարական ժառանգութիւնը, այն ազգային գիտակցութիւնն ու այն անսակարկ նուիրումի ոգին, որոնց մարմ­նացումն էր Քրիստափոր Միքայէլեան։

Անոր անունը չի պատկանիր միայն պատ­մութեան էջերուն։ Ան կ’ապրի մեր ազգային յիշողութեան մէջ, մեր գաղափարական գի­տակ­ցութեան խորերը եւ մանաւանդ այն բոլոր մարդոց սրտերուն մէջ, որոնք կը հաւատան, թէ ազգի մը ազատութիւնն ու արժանա­պա­տուութիւնը կը պահպանուին հաւաքական կամ­քով, կազմակերպուած աշխատանքով եւ անանձնական ծառայութեամբ։

Քրիստափորի ծննդեան օրը մեզի համար պարզապէս օրացոյցի վրայ յիշատակի թուական մը չէ։ Ան առիթ մըն է կանգ առնելու, քննելու մեր անցած ուղին եւ հարց տալու մենք մեզի, թէ որքանո՛վ հաւատարիմ մնացած ենք այն սկզբունքներուն, որոնց համար ան ապրեցաւ, պայքարեցաւ եւ իր ամբողջ կեանքը ծառայութեան վերածեց ու նահատակուեցաւ։

Քրիստափոր Միքայէլեան պարզապէս պատմական դէմք մը չէր. ան գաղափարի մարդ էր, կազմակերպիչ, հեռատես գործիչ եւ ազգային ազատագրութեան պայքարը հաւաքական կամքի վերածելու առաքելութեան նուիրուած անհատականութիւն մը։

Անոր մեծութիւնը կը կայանար ոչ միայն իր գաղափարներուն մէջ, այլեւ այդ գա­ղափարները գործի վերածելու կարողութեան, համախոհներ համախմբելու հմտու­թեան եւ անձնականը հաւաքականին ենթարկելու բարոյական ուժին մէջ։ Ան կը հասկնար, որ ժողովուրդի մը ազատագրական պայքարը չի կրնար յենիլ առանձին անհատներու խանդավառութեան ու ոգեւորութեան վրայ։ Անհրաժեշտ են կազմա­կեր­պուած ուժ, յստակ նպատակ, գաղափարական հմտութիւն եւ երկարատեւ պայքարի պատրաստակամութիւն։

Այս համոզումն էր, որ Քրիստափորը առաջնորդեց դէպի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը՝ միաւորելով տարբեր գաղափարական շրջանակ­նե­րու ուժերը ազգային ազատագրութեան մէկ ընդհանուր պրիսմակի շուրջ։ Դաշնակ­ցու­թեան հիմնադիր երրորդութեան՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ Ռոստոմի գործակցութիւնը պատմական նշանակութիւն ունեցող էջ մըն է մեր ազ­գային կեանքին մէջ։ Անոնք իրենց տարբեր յատկանիշերով եւ կարողութիւններով ծառայեցին նոյն գաղափարին՝ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ազգային իրա­ւունքներու պաշտպանութեան վեհ գործին։

Քրիստափորին համար գաղափարախօսութիւնը վերացական հասկացութիւն մը չէր եւ չէր եղած, ոչ ալ խօսքերու գեղեցիկ համադրում մը։ Գաղափարախօսութիւնը պարտաւորութիւն, պատասխանատւութիւն եւ վեհ գործի վերածուելու պահանջ էր։ Անոր աշխարհայեացքին մէջ ազգային ծառայութիւնը անձնական փառքի փնտռտուք չէր, այլ՝ սեփական ուժերը, կարողութիւններն ու կեանքը ժողովուրդի մը ապագային նուիրաբերելու գիտակցութիւն։

Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստափորի նկարագիրը կը մնայ ուսանելի նաեւ այսօր։ Ան մեզի կը սորվեցնէ, որ ազգային գործին մէջ անհատական փառասիրութիւնը պէտք է տեղի տայ հաւաքական նպատակին առջեւ, իսկ ոգեւորութիւնը վերածուի հետեւողական աշխատանքի եւ պատասխանատու նուիրումի։

Երբ կը խօսինք Քրիստափոր Միքայէլեանի մասին, չենք կրնար անտեսել նաեւ անոր մարդկային նկարագիրը՝ համեստութիւնը, վճռակամութիւնը, գաղափարական հետեւողականութիւնը եւ սեփական անձը ընդհանուր գործին ծառայեցնելու պատ­րաս­տակամութիւնը։ Անոր համար կարեւորագոյնը այն չէր, որ ո՛վ պիտի վայելէր յաջողութեան փառքը, այլ այն, թէ ազգային գործը որքանո՛վ պիտի յառաջանար ու հասնէր իր վախճանական նպատակին։

Այսպիսի անհատականութիւնները ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը դառ­նան անզուգական չափանիշեր։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ մեծութիւնը դիրքով կամ տիտղոսներով չի սահմանափակուիր ու չի չափուիր, այլ՝ կեանքի նուիրումով, զոր մարդ կը ձգէ իր ժողովուրդի պատմագիրքին մէջ՝ որոնց կը հաւատար, եւ այն զոհողութիւններով, որոնց յանձնառու եղաւ՝ առանց անձնական վարձատրութիւն անգամ ակնկալելու։

Քրիստափորի կեանքը նաեւ կը վկայէ, որ ազատութիւնը երբեք ափսէի վրայ պատ­րաստի նուէր մը չէ։ Ազատութիւնը կը պահանջէ գիտակից ժողովուրդի պատ­րաստակամութիւն, ամուր կամք, կազմակերպուած պայքար եւ շարունակական յանձ­նառութիւն։ Ազգային իրաւունքները չեն պահպանուիր միայն պատմական անց­եալով հպարտանալով. անոնք կը պահանջեն ներկայ ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իմաստութիւն եւ ապագային հանդէպ պատասխանատւութիւն։

Քրիստափորի գաղափարական ժառանգութեան արժէքը հոն է, որ ան մեզի չի հրա­հանգեր միայն անցեալին նայիլ, այլեւ կը մղէ ներկան քննելու եւ ապագան փառքով կերտելու։ Անոր անունը մեզի համար պէտք է ըլլայ ոչ միայն յիշատակի խորհրդա­նիշ, այլեւ գործելու մղիչ ուժ։

Անոր կեանքի ուղին իր նահատակութեամբ ողբերգական աւարտը գտաւ 1905 թուականի Փետրուար 17-ին՝ Սոֆիայի մօտ տեղի ունեցած ռումբի պայթումի հետե­ւանքով։ Քրիստափոր ֆիզիքապէս հեռացաւ այս աշխարհէն, բայց անոր նուիրա­բե­րուելու կտակն ու կեանքի գործընթացը չդադրեցան գոյութիւն ունենալէ։

Գաղափարախօսութիւնները, որոնք իրենց արմատները ձգած են ժողովուրդի մը ազատ ապրելու կամքին մէջ, չեն սահմանափակուիր իրենց հիմնադիրներուն կեան­քով։ Անոնք կը շարունակեն ապրիլ այնքան ատեն, որ կան մարդիկ, որոնք պատ­րաստ են զանոնք վերարժեւորելու եւ իրենց ժամանակի պահանջներուն համաձայն գործի վերածելու։

Այսօր, Քրիստափորի ծննդեան տարեդարձին, մեր հայեացքը կը դարձնենք նաեւ մեր ժամանակներուն։ Հայ ժողովուրդը տակաւին կը դիմագրաւէ ազգային անվտան­գութեան, հայրենի հողերու պաշտպանութեան, ինքնութեան պահպանման, լեզուի, մշակոյթի ու պատմութեան շարունակականութեան եւ Սփիւռքի կազմակեր­պուա­ծու­թեան հրամայականները։ Մեր ներկայի իրականութիւնը կը պահանջէ զգօնութիւն, հեռատեսութիւն, միասնականութիւն եւ ազգային առաջնահերթութիւններու յստակ գիտակցութիւն։

Այս պայմաններուն մէջ Քրիստափորի պատգամը կը դառնայ ժամանակակից անհրաժեշտութիւն։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ ազգի մը գոյատեւումը չի կրնար սահ­մանափակուիլ միայն յոյսերու կամ անցեալի փառքի վրայ։ Անհրաժեշտ են ծրագրաւորում, կազմակերպուած աշխատանք, նոր սերունդներու դաստիարակութիւն եւ ազ­գային նպատակներուն ծառայելու անսակարկ կամք։

Մեր պարտականութիւնն է հայ լեզուն պահել իբրեւ մեր ինքնութեան կենդանի կռուան, մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն, ամրապնդել մեր ազգային կառոյցները, եւ հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ կապերը վերածել փո­խադարձ պատասխանատւութեան եւ գործակցութեան ամուր կամուրջի։ Պարտաւոր ենք նաեւ երիտասարդութեան մէջ զարգացնել ոչ միայն ազգային պատկանելիութեան զգացումը, այլեւ գիտելիքի, մտածողութեան, քաղաքացիական պատասխա­նատւու­թեան եւ ծառայութեան ոգին։

Քրիստափորի յիշատակը պատուելու ճշմարիտ ճամբան միայն անոր անունը հնչեցնելը չէ։ Անոր ժառանգութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը պէտք է արտա­յայտուի մեր գործով, մեր վարքով եւ մեր պատրաստակամութեամբ՝ անհատական շահերէ վեր դասելու հաւաքական բարօրութիւնը։

Այսօր, երբ կը նշենք Քրիստափոր Միքայէլեանի ծննդեան տարեդարձը, եկէ՛ք անոր կեանքէն ներշնչուինք եւ վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը ծառայելու հայ ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան, ինչպէս նաեւ պահպանելու Արցախի մեր ազգային ժառանգութիւնը եւ անսասան մնալու մեր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։

Թող Քրիստափորի գաղափարական խիզախութիւնը մեզի ներշնչէ վճռակա­մու­թիւն, անոր կազմակերպչական միտքը՝ հեռատեսութիւն, անոր անանձնական նուի­րումը՝ ծառայութեան պատրաստակամութիւն, իսկ անոր ազգային հաւատամքը՝ յա­րատեւելու եւ յառաջանալու կամք։

Թող իր կեանքը մեզի համար ըլլայ յիշեցում մը, որ պատմութիւնը միայն անցեալի իրադարձութիւններու արձանագրութիւն չէ։ Պատմութիւնը նաեւ պատգամ մըն է, որուն իմաստը կը բացայայտուի այն ատեն, երբ զայն կը վերածենք գիտակից գործի եւ պատասխանատու յանձնառութեան։

Փա՜ռք Քրիստափոր Միքայէլեանի յիշատակին։

Փա՜ռք այն գաղափարախօսութեան, որ անձնական շահերէ վեր կը դասէ ժողո­վուրդի իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը։

Փա՜ռք այն նուիրումին, որ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի՝ իբրեւ ազգային ծա­ռայութեան եւ պատասխանատւութեան պատգամ։

Եւ թող Քրիստափորի ծննդեան այս օրը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար դառնայ ոչ միայն յիշատակի, այլեւ ինքնաքննութեան, վերանորոգման եւ նոր յանձնառութիւն­նե­րու առիթի մը։

Քրիստափոր ծնաւ՝ գաղափարախօսութիւն մը մարմնաւորելու համար, ապրե­ցաւ՝ այդ գաղափարախօսութիւնը գործի վերածելու, եւ իր կեանքով մեզի ժառանգ ձգեց ազգային նուիրումի ու անկոտրում կամքի օրինակ մը։

Այդ աւանդին արժանի ժառանգորդներ ըլլալը մեր պատիւն ու պատասխա­նա­տւութիւնն է՝ այսօր եւ միշտ։

Թորոնթօ, 2026