«Թող մեր ըրածին կէսը ընեն». Իշխան Սաղաթէլեան կը հակադարձէ ընդդիմութեան քննադատներուն

ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ տեղի ունեցող զանգուածային բողոքի ցոյցերը Հայաստանի մէջ վերստին քննարկման նիւթ դարձուցած են ընդդիմութեան փողոցային պայքարի արդիւնաւէտութեան հարցը։ Ընկերային ցանցերու վրայ քննադատութիւններ հնչած են ընդդիմադիր ուժերուն, մասնաւորաբար ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի հասցէին՝ նախորդ տարիներու շարժումներուն ընթացքին վճռական քայլերու չդիմելու եւ իշխանափոխութեան չհասնելու համար։

«Հրապարակ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Սաղաթէլեան հակադարձած է քննադատութիւններուն՝ շեշտելով, որ ընդդիմութիւնը պայքարի տարբեր փուլերուն դիմագրաւած է իշխանութիւններու բռնաճնշումները, ոստիկանութեան ուժի գործադրութիւնն ու զանգուածային ձերբակալութիւնները։

Ան յիշեցուցած է, որ ընդդիմադիր շարժումներուն ընթացքին իշխանութիւնները առնուազն երկու-երեք անգամ կրակ բացած են ցուցարարներուն վրայ, իսկ տասնեակներով ու հարիւրաւորներով քաղաքացիներ ձերբակալուած են։

«Մենք մինչեւ վերջ պայքարած ենք եւ մեր կարելին ըրած։ Իսկ մեր մասին խօսողները, եթէ կրնան, թող մեր ըրածին կէսը ընեն», յայտարարած է Սաղաթէլեան։

Նոյն հարցին անդրադառնալով՝ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի նախկին թեկնածու Վազգէն Մանուկեան անտեղի նկատած է Եւրոպայի եւ Հայաստանի բողոքի շարժումներուն միջեւ կատարուող համեմատութիւնները՝ ընդգծելով, որ Ֆրանսայի մէջ փողոցային պայքարը երկարամեայ աւանդութիւն ունի եւ նման քննարկումները լուրջ վերաբերմունքի արժանի չեն։