Արցախահայերը COP17-ի մասնակիցներէն պահանջեցին ապահովել իրենց վերադարձի իրաւունքը

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 20 հոկտեմբերին, բռնի տեղահանուած արցախահայեր եւ իրաւապաշտպաններ բողոքի հաւաք կազմակերպեցին Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ՝ պահանջելով, որ COP17 միջազգային համաժողովին մասնակից պետութիւնները օրակարգի վրայ պահեն արցախահայութեան անվտանգ վերադարձի իրաւունքը։

«Առանց մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան՝ կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւն չկայ» նախաձեռնութեան անդամները նամակներ յղած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպանատուներուն՝ պահանջելով միջազգային գործուն աջակցութիւն արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Արցախի Հանրային խորհուրդի անդամ Ալվարդ Զաքարեան յայտարարեց, որ համաժողովին մասնակցող միջազգային ներկայացուցիչները պարտաւոր են ուշադրութիւն դարձնել իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած արցախահայերու ճակատագիրին, անոնց վերադարձի իրաւունքին եւ Արցախի հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանութեան։

Բողոքի մասնակիցները շեշտեցին, որ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ բնական միջավայրի պահպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողով մը չի կրնար անտեսել Արցախի հայաթափումը եւ անոր հետեւանքները։

ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովը Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ 19-30 հոկտեմբերին։