Երեւանի մէջ հայ-իրանական բարձր մակարդակի հանդիպումներուն առանցքը՝ երկկողմ գործակցութիւն եւ ԹՐԻՓՓ-ի շուրջ մտահոգութիւններ

ԵՐԵՒԱՆ— Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան հոկտեմբեր 16-ին, Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, քննարկեցին հայ-իրանական յարաբերութիւններու խորացման, տնտեսական եւ ուժանիւթային գործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան առնչուող հարցեր։ Միաժամանակ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերահաստատեց Թեհրանի վերապահութիւնները՝ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ներկայութեան եւ ԹՐԻՓՓ նախագծի անվտանգութեան հետեւանքներուն նկատմամբ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովին (COP17) նախորդող ղեկավարներու գագաթաժողովի ծիրին մէջ։ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի հաղորդագրութեան համաձայն, Փաշինեան եւ Փեզեշքիան անդրադարձան համատեղ ծրագիրներու իրականացման ընթացքին եւ կարեւորեցին երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան շարունակականութիւնը։

Իրանական «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ, Փեզեշքիան առաջարկեց մշակել հայ-իրանական համագործակցութեան երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագիր մը, որ պիտի ընդգրկէ հանքարդիւնաբերութեան, առեւտուրի, տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի ոլորտները։ Իրանի նախագահը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւնները վերածել գործնական արդիւնքներու։ Փաշինեան իր կարգին կարեւորեց առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը եւ ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան առկայ ներուժի օգտագործումը։

Այցելութեան քաղաքական կարեւորագոյն զարգացումներէն մէկը, սակայն, ԹՐԻՓՓ (TRIPP) նախագծին վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշման վերահաստատումն էր։ Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արաղչի յայտարարեց, որ Թեհրան կը շարունակէ մտահոգութիւններ ունենալ տարածաշրջանին եւ Իրանի անմիջական հարեւանութեան մէջ ամերիկեան որեւէ ներկայութեան նկատմամբ։ Միաժամանակ, ան ընդգծեց, որ իր երկիրը կը վստահի Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ համոզուած է, որ Երեւան որեւէ քայլ պիտի չառնէ Իրանի անվտանգութեան դէմ։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին՝ յիշեցնելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Հոկտեմբեր 5-ի Թեհրան այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուած էր նաեւ ԹՐԻՓՓ-ի իրագործման հարցը։

Իր կարգին, Միրզոյեան հոկտեմբեր 16-ին յայտարարեց, որ իրանական կողմին մտահոգութիւնները հայաստանեան որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ չափազանցուած կը ներկայացուին։ Ան հաւաստիացուց, որ նախագծին երկայնքին ամերիկեան զինուորական ներկայութիւն պիտի չըլլայ եւ այս հարցին շուրջ համապատասխան պարզաբանումներ փոխանցուած են Թեհրանին։ Նախարարին տպաւորութեամբ, իրանական կողմը գոհ է ընթացող խորհրդակցութիւններէն։

Այսուհանդերձ, Արաղչիի յայտարարութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստանի հանդէպ արտայայտուած վստահութիւնը չի նշանակեր տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան վերաբերեալ Իրանի ռազմավարական վերապահութիւններուն վերացում։

Հայ-իրանական բանակցութիւններու տնտեսական օրակարգին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ երկու երկիրներու սահմանին վրայ երկրորդ կամուրջի կառուցումը, ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծին շինարարութեան արագացումը եւ փոխադրական կապերու բարելաւումը։ Այս հարցերը մանրամասնօրէն քննարկուած էին Միրզոյեանի եւ Արաղչիի՝ հոկտեմբեր 5-ին Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, ուր շեշտուած էր նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը։

Նոյն օրը Երեւանի գագաթաժողովին իր ելոյթին ընթացքին Փեզեշքիան անդրադարձաւ նաեւ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններուն՝ զգուշացնելով, որ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած բնապահպանական վնասները կրնան երկարատեւ հետեւանքներ ունենալ ամբողջ տարածաշրջանին համար։

Երեւանի հանդիպումները անգամ մը եւս հաստատեցին հայ-իրանական յարաբերութիւններուն ռազմավարական նշանակութիւնը, միաժամանակ ի յայտ բերելով ԹՐԻՓՓ-ի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ արտաքին ուժերու ներկայութեան շուրջ շարունակուող զգայունութիւնները։ Թէեւ երկու կողմերը կը շեշտեն համագործակցութեան ընդլայնման իրենց պատրաստակամութիւնը, տնտեսական ծրագիրներու գործնական յառաջընթացն ու անվտանգութեան առնչուող հարցերու յստակեցումը կը մնան յարաբերութիւններու յաջորդ հանգրուանի հիմնական փորձաքարերը։