Իշխան Սաղաթէլեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպեցաւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին

ՊՐԻՒՔՍԷԼ— Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան (PES) ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եոնէք Փոլէի հետ։

Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութիւնը եւրոպական ընկերվարական, ընկերային ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւնները համախմբող մեծագոյն քաղաքական միաւորումն է, որուն Հարաւային Կովկասէն անդամակցող միակ կուսակցութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը դրական գնահատեցին PES-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ հաստատուած քաղաքական սերտ համագործակցութիւնը, շարունակական երկխօսութիւնը եւ եւրոպական քաղաքական կառոյցի աշխատանքներուն Դաշնակցութեան գործուն մասնակցութիւնը։

Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց PES-ի վերջին համագումարին ՀՅԴ-ի ներկայացուցած բանաձեւի որդեգրման համար՝ շեշտելով այդ փաստաթուղթին մէջ արծարծուած հարցերը միջազգային քաղաքական օրակարգի վրայ պահելու կարեւորութիւնը։

Ան մասնաւորաբար ընդգծեց Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման, Հայաստանի Հանրապետութենէն բռնագրաւուած տարածքներէն ատրպէյճանական ուժերու հեռացման, արցախահայութեան համապարփակ իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ քաղաքական ազատութիւններու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։

Սաղաթէլեան նաեւ ներկայացուց Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումները, Դաշնակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի եւրոպական համարկման գործընթացին վերաբերեալ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները։

Քննարկման անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ընկերվարական եւ ընկերային ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման ուղղութեամբ Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւններուն եւ այդ մարզէն ներս եւրոպական գործընկերներու հետ համագործակցութեան շարունակման կարեւորութեան։