Բժիշկ Արի Մկրտիչեանի նոր պաշտօնը
- (0)

Մեծ ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ բժիշկ Արի Մկրտիչեան նշանակուած է նախագահ Վիրաբուժական խլիրդաբանութեան գանատական ընկերութեան (Société canadienne d’oncologie chirurgicale / Canadian Society of Surgical Oncologie), որ կը համախմբէ նոյն մարզի երկրի վիրաբուժները, զարկ կու տայ դարմանումի բարելաւման ու նոյն մասնագիտութեան հետեւող ուսանողներու վարժանքի զարգացման։
Երկու տարիէ ի վեր ան փոխ-նախագահն էր նոյն ընկերութեան, եւ այժմ նախագահի այս պաշտօնը կը ստանձնէ գալիք երկու տարուան համար։
Դոկտ. Մկրտիչեան մասնագէտ է կուրծքի խլիրդի եւ սեւայտուցի (melanoma) դարմանումին։
Արդէն վաստակաւոր մեր ազգակիցը ՄգԿիլ համալսարանի բժշկական կեդրոնի (Ռոյեալ Վիգտորիա հիւանդանոցի) վիրաբուժ է, նոյն համալսարանի Վիրաբուժութեան բաժանմունքի գործակից դասախօս, Հետազօտական հիմնարկի Խլիրդաբանութեան բաժանմունքի գործակից անդամ, Դարմանական ու առողջապահութեան տեղեկաբանութեան հետազօտական խումբի անդամ, նաեւ գիտական ղեկավարն է ՄգԿիլի հիւանդանոցներէն Սենթ Մէրի՚զի Հետազօտական կեդրոնի։ Ան մաս կը կազմէ այլեւ համալսարանական թէ արտահամալսարանական ղեկավար այլ մարմիններու՝ միշտ իր մասնագիտութեան մարզին մէջ։
2022-ին լոյս տեսած է իր La récidive: le cancer à travers les yeux d’une patiente et de son médecin յուշագրական հատորը՝ համահեղինակութեամբ Մարի-Էվ Մորասի։
Իր ասպարէզին մէջ իր նպատակն է առաւելագոյն չափով նպաստել խլիրդի դարմանման յառաջդիմութեան՝ հետազօտութեան ու նորարարութեան ճամբով ու բարելաւել հիւանդներուն խնամքը՝ զանոնք տեղեակ պահելով բժշկութեան յառաջընթացին ու հիւանդութիւններու, յատկապէս խլիրդի դէմ նախազգուշացումներուն եւ անոր յաղթահարման կարելիութիւններուն մասին։
Յիշեցնենք, որ Արին շրջանաւարտ է Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականէն ու գործուն մասնակիցը անոր զարգացման եւ բարգավաճման։
Կը շնորհաւորենք զինք իր ներկայ բարձր պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ։
Վ-Ա.