Սիրանուշ Սահակեան Օթթաուայի մէջ գանատացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ արծարծեց հայ ռազմագերիներու հարցը
- (0)

ՕԹԹԱՈՒԱ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հոկտեմբեր 7-ին եւ 8-ին Օթթաուայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Գանատայի կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, խորհրդարանականներու եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներու հետ՝ արծարծելով Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ճակատագիրը, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներն ու միջազգային իրաւական գործընթացները։
Այցելութեան առանցքային հանդիպումներէն մէկը տեղի ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան (Global Affairs Canada) պատասխանատուներուն հետ, ուր Սահակեան ներկայացուց հայ գերիներու նկատմամբ իրականացուող իրաւախախտումները, Պաքուի մէջ ընթացող դատական գործընթացներուն վերաբերող մտահոգութիւնները եւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին առջեւ տարուող իրաւական աշխատանքները։
Օթթաուայի մէջ Սահակեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Գանատայի միջազգային զարգացման պետական նախարար Ռանտիփ Սարայիի, Պահպանողական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու պատասխանատու երեսփոխան Էրիք Տանքընի, Գանատայի խորհրդարանի Միջազգային Մարդու Իրաւունքներու ենթայանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ֆայսալ Էլ Խուրիի եւ երեսփոխան Կառնէթ Ճէնիսի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութեան, անոնց նկատմամբ միջազգային իրաւունքի երաշխիքներու յարգումին, ինչպէս նաեւ գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Քննարկուեցան նաեւ միջազգային իրաւական ատեաններու մէջ ընթացող գործերը եւ այն միջոցները, որոնց ճամբով Գանատան կրնայ շարունակել իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել այս հարցը։
Սահակեանի Օթթաուա այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերակցեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Շահէն Միրաքեան, ինչպէս նաեւ գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժնի տնօրէն Լորիկ Քորաճեան։
Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս հանդիպումները մաս կը կազմեն հայ գերիներու հարցը գանատական քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակներու օրակարգին վրայ պահելու, միջազգային իրաւական աշխատանքներուն զօրակցելու եւ Պաքուի մէջ պահուող հայորդիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը շարունակելու ճիգերուն։