Հայութեան հոգին ըստ Մաղաքիա Վրդ․ Օրմանեանի

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ․ Ք․ Գ․

ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ

Օրմանեան վարդապետ ետքը պիտի գրէր իր կոթողական հատորաշարքը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, եւ զայն անուանէր «Ազգապատում»։

Անիկա միայն Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն մը չէ, այլ միախառնուած է Հայոց պատմութեան եւ Հայ մշակոյթի ամբողջ ընթացքին։ Քննական ընդարձակածաւալ աշխատանք մը, որուն համար, ըստ իս, պրպտումներու սկսած էր 1880-ականներու վերջաւորութեան։ Հատորաշարքին յօդուածները առնուած էին մեր հայրապետներու անուններուն ներքեւ։ Վստահաբար, ո՛չ թէ Հայոց պատմութեան մէջ գերադասելու համար Հայ եկեղեցւոյ դերը, այլ թելադրելու՝ որ ազգին պատմութեան ոգեկանութիւնը կը ներկայացնէր անիկա։

Ան բանախօսելով ըսած է, թէ կրօնքը պայման մըն է բովանդակ մարդկային ընկերութեան, թէ ազգութիւններ ծնունդ առած են անկէ։ Ոչ թէ միայն պայման մըն է, այլեւ առաւել քան պայման մը․ կրօնքը դայեակն է, խնամակալը եւ յանձանձիչը ընկերութիւններուն եւ ազգութիւններուն։

Դիտել տուած է, թէ բոլոր ընկերութիւնները եւ ազգութիւնները կրօնքներ ունեցած են եւ ունին, եւ տարակարծիք եղած է այն «մարգարէ»ներուն, որոնք կ’ուզէին պնդել, թէ հեռաւոր ապագային՝ ընկերութիւններ եւ ազգութիւններ առանց որեւէ կրօնքի պիտի ըլլան։ Տարակարծութիւնը՝ որովհետեւ անոնք կը գուշակէին այնպիսի մարդոց մասին, որոնց մասին «տեղեկութիւններ» չունէին, ոչ ոք կրնայ ունենալ։

Վարդապետը փորձառութեան հաւատացող եկեղեցական էր, եւ ոչ՝ գուշակութիւններուն։ Արդարեւ, այսօր կը տեսնենք, թէ հակառակ ապակրօն եւ հակակրօն բոլոր մտածողներուն՝ կրօնքները չեն անյայտացած, նոյնիսկ հոն ուր տկարացած էին՝ արդէն զարթօնքի նշաններ ցոյց կու տան։ Ոմանք կը յարին աւանդական եկեղեցիներու, ոմանք ալ՝ զանազան ու զարմանազան։ Այլ հարց մըն ալ․ ապակրօն եւ հակակրօն մտածողներն ալ իրենց կեցուածքները կրօնականացուցած չէի՞ն եւ չե՞ն։ Եւ՝ ոչ միայն մտածողները, այլեւ՝ գիտնականները․․․։

Կրօնքներուն ընկերութենակերտ եւ ազգութենակերտ դերին մասին այս ակնարկութենէն ետք՝ իր հայեացքը դարձուցած է հայութեան վրայ։ Գրած է, թէ հայ ազգն ու կրօնքը (աւելորդ է ըսել՝ որ ի մտի ունեցած է քրիստոնէական հաւատքը) «այնպէս իրարու միացեալ ապրեցան յանցելում, եւ այնպէս մնան յայժմուս, որ մեր կրօնից վնաս ինչ բերել՝ ուղղակի մեր ազգութեան վնաս բերել է», քանի որ հայութեան պարագային, ինչ որ ըստ ինքեան կրօնական է՝ «ազգային եղեւ եւ է իրականապէս»։

Հնաւանդ դրութիւն մը եղած է անոր ժողովներուն մէջ աշխարհականներու մասնակցութիւնը։ Եկեղեցիներն ու եկեղեցականները ժողովուրդին կամաւոր նուիրատուութեամբ մատակարարուած են։ Հայ եկեղեցականութիւնը իր ժողովուրդին հետ ապրած է միշտ, ըլլալով բախտակից անոր բախտին․․․։ Անիկա ինքզինք չէ զատած իր ժողովուրդէն, չէ կազմած «անմերձենալի դաս մը»։

Անդրադառնալով դաւանաբանական խնդիրներուն, ու նաեւ հայութեան մէջ Կաթողիկէ եւ Բողոքական եկեղեցիներուն յարողներուն, գրած է՝ թէ դաւանաբանական տարբերութիւններուն խնդիրը պէտք չէ մեկնաբանել իբր ազգին անմիաբանութեան նշանակ։ Դաւանաբանական խնդիրներով զբաղումը հարկ է թողուլ եկեղեցականներուն, որոնք ատոնց «սկզբնապատճառ»ն են եղած։ Այս հաստատումով՝ վարդապետը վստահաբար նկատի չէ ունեցած միայն հայ եկեղեցականները, այլ ընդհանրապէս եկեղեցականները, անշուշտ նաեւ անոնք՝ որոնք մարդորսութեան ախորժակով եւ ծրագիրներով՝ ուզած էին Հայ եկեղեցւոյ անդամները իրենց «Լոյս հաւատք»էն հեռացնել, ինչպէս ապագային գրած է իր որպէս Պատրիարք մէկ կոնդակին մէջ։

Ակնարկած է Եւրոպայի մէջ ապրող համազգիներու դաւանաբանական տարբերութիւններուն, ինչպէս Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։ Ազգի մը միութիւնը կախեալ չէ հանգանակի մը բառերէն եւ նուիրապետական (եթէ նուիրապետութեան կարեւորութիւն ընծայող եկեղեցի է) դասակարգութենէն։

Ինչպէս այլոց, նաեւ հայութեան պարագային, ազգին ոգին կը սփռուի եւ կը ներգործէ բոլորին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ ուսուցումը քրիստոնէական «երկնապարզ վարդապետութիւնը» նախընտրած է պահպանել, քան թէ «մանր խնդիրներէ չարաչար հետեւութիւններ քաղելու»։ Անիկա սիրած է տարածել «որչափ հնար է՝ բարի հետեւութիւնները»։

Հայ եկեղեցւոյ մէջ սփռուած եւ ներգործած է հայութեան ոգին։ Եւ անիկա «աւելի վեհանձն» է, ու «նուազ փոքրոգի»։ Վարդապետը, անկասկած յոյսով, թէեւ իբր համոզում գրած է, թէ այն ոգին սփռուած եւ ներգործած է ազգին մէջ կաթոլիկութեան եւ բողոքականութեան յարողներուն եւս։ Եւ այն յոյսը վստահութիւնը ունեցած է, թէ տարբերութիւնները քննելի եւ լուծելի են․․․։

Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը իբր ազգապատումը կը հաւատայ շնորհին, որ գիտէ երկինքին ու աշխարհին նայիլ պարզութեամբ։ Այս նայուածքը թուլութիւն մը չէ, վեհերոտութիւն մը չէ, թեթեւամտութիւն մը չէ, այլ հեզօրէն ընդունում մըն է իրականութիւններուն, որոնց ընկալումները շփոթութիւններ, շահադիտական անձնակեդրոնութիւն/կառուցակեդրոնութիւն եւ իրերամերժ խնդիրներ ստեղծած են։ Ընկալումներու քննութիւնը զբաղում մըն է, որ միշտ վեհանձնօրէն ու առանց փոքրոգութեան տարուելու է։ Հայութեան շնորհին դասն է ասիկա, նախ եւ առաջ՝ հայութեան…։

(Շարունակելի 6)