Փաշինեան եւ Մաքրոն քննարկած են տնտեսական համագործակցութիւնն ու Սիւնիքի փապուղիի ծրագիրը
- (0)

ՓԱՐԻԶ.- Փարիզ աշխատանքային այցելութեամբ գտնուող Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ելիսէեան պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։
Հայկական արտադրանքներու նկատմամբ Ռուսիոյ սահմանած սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ կողմերը քննարկած են Հայաստանի տնտեսութեան եւ արտահանման շուկաներու բազմազանեցման հարցը։
ՀՀ կառավարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ տնտեսական համագործակցութիւնը դիտարկուած է Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան առաջնային ուղղութիւններէն մէկը։ Քննարկուած են նաեւ հայկական ապրանքներու համար նոր շուկաներ գտնելու եւ արտաքին տնտեսական կախուածութիւնները նուազեցնելու ուղղութեամբ Երեւանի քայլերը։
Վերջին ամիսներուն Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն այլընտրանքային շուկաներ ապահովել հայկական արտահանման համար՝ Ռուսիոյ սահմանափակումներուն հետեւանքով առաջացած դժուարութիւններու պատճառով։ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին առաջարկած է Առեւտուրի ինքնավար միջոցառումներու ծրագիր մը, որուն նպատակն է մեղմել սահմանափակումներուն տնտեսական հետեւանքները եւ արտահանման մէկ մասը ուղղել եւրոպական շուկայ։
Սեպտեմբերի սկիզբը ԵՄ խորհուրդը հաւանութիւն տուած էր առաջարկին։ Եթէ այն հաստատուի նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ, հայկական քանի մը հարիւր տեսակի ապրանքներ կրնան արտօնեալ պայմաններով մուտք գործել ԵՄ շուկայ։
Մաքրոն եւ Փաշինեան անդրադարձած են նաեւ Սիւնիքի մէջ Բարգուշատի փապուղիի կառուցման ծրագրին։ Կառավարութեան փոխանցմամբ՝ նախագիծը մտած է գործնական փուլ, եւ կողմերը կարեւոր նկատած են շինարարական աշխատանքներու մեկնարկի արագացումը։
Հայաստան փապուղիի կառուցման շուրջ կը համագործակցի ֆրանսական «Vinci Construction Grands Projets» եւ «Razel-Bec» ընկերութիւններուն հետ։ Մայիսին, Մաքրոնի Հայաստան այցելութեան ընթացքին, ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնն ու ֆրանսական ընկերութիւններու համատեղ ձեռնարկութիւնը ծրագրին վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած էին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ տիեզերական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը։ Փաշինեան Փարիզի մէջ կը մասնակցի Մաքրոնի նախաձեռնած առաջին Միջազգային տիեզերական գագաթնաժողովին եւ յայտարարած է, որ Հայաստան կը փափաքի Ֆրանսայի հետ այս ոլորտին մէջ աւելի առարկայական համագործակցութիւն զարգացնել։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ շրջանային զարգացումներուն՝ քննարկելով խաղաղութեան գործընթացին եւ անոր շարունակութեան վերաբերող հարցեր։
Ելիսէեան պալատը Մաքրոն-Փաշինեան հանդիպման մասին առանձին հաղորդագրութիւն առայժմ չէ հրապարակած։