Կարճ կտրուկ. Հայաստանի «եւրոպական ուղին» վտանգաւոր խաղադրոյք է
- (0)

Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու խորացումը ինքնին խնդիր չէ։ Խնդիրը այն է, որ Փաշինեանի իշխանութիւնը քաղաքական հեռանկար մը կը ներկայացնէ գրեթէ իբրեւ ապահովուած ուղղութիւն՝ առանց անդամակցութեան յստակ ճանապարհային քարտէսի, երաշխիքներու կամ նոյնիսկ թեկնածուի կարգավիճակի։
Հայաստան տակաւին ԵՄ անդամակցութեան թեկնածու չէ, բանակցութիւններ չեն սկսած, իսկ գործընթացը կրնայ տասնամեակներ տեւել կամ ընդհանրապէս փակուղի մտնել։ Թուրքիոյ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Վրաստանի օրինակները ցոյց կու տան, որ քաղաքական խոչընդոտները, ժողովրդավարական նահանջը եւ անդամ պետութիւններու վեթոն կրնան տարիներով կասեցնել անդամակցութեան գործընթացը։
Հայաստանի պարագային խնդիրը աւելի խոր է։ Դատական համակարգի անկախութեան շուրջ լուրջ կասկածները, ընդդիմադիրներու նկատմամբ քրէական հետապնդումները եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու թուլացումը դժուար է համադրել այն «եւրոպական Հայաստանի» պատկերին հետ, զոր իշխանութիւնը կը փորձէ վաճառել հանրութեան։
Տնտեսական իրականութիւնն ալ չի համապատասխաներ քաղաքական հռետորաբանութեան։ Հայաստանի տնտեսութիւնը տակաւին սերտօրէն կապուած է ռուսական շուկային եւ ԵԱՏՄ-ի համակարգին։ Եւրոպական շուկաներ մուտք գործելը կը պահանջէ տարիներու աշխատանք՝ արտադրական չափանիշներու, սննդային անվտանգութեան, մրցակցութեան, պետական գնումներու եւ շուկայի կարգաւորման ոլորտներուն մէջ։ Ռուսական շուկան կարելի չէ մէկ օրուան մէջ փոխարինել եւրոպականով։
Բայց ամենէն վտանգաւորը աշխարհաքաղաքական հաշուարկն է։
Ռուսիոյ ազդեցութեան նահանջը Հարաւային Կովկասի մէջ ինքնաբերաբար չի նշանակեր Եւրոպայի ազդեցութեան աճ։ Աւելի քան հաւանական է, որ բացուած տարածքը փորձէ լրացնել Թուրքիան՝ իր աշխարհագրական, ռազմական, տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային առաւելութիւններով, մանաւանդ Ատրպէյճանի հետ իր ռազմավարական դաշինքին շնորհիւ։
Հետեւաբար, օրինական հարց է՝ Հայաստանի «եւրոպական շրջադարձը» իսկապէս դէպի Եւրոպա՞ կը տանի, թէ՞ կրնայ վերջ ի վերջոյ Հայաստանը ներքաշել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ազդեցութեան տակ ձեւաւորուող նոր տարածաշրջանային համակարգի մը մէջ։
Պատասխանատու իշխանութիւն մը նախ պիտի ամրապնդէր պետութեան հաստատութիւնները, տնտեսութիւնը, դատական անկախութիւնը եւ անվտանգային այլընտրանքները, ապա միայն պիտի քանդէր գոյութիւն ունեցող համակարգերը։
Այսօր կը տեսնենք հակառակը։
Հայաստան կը հեռացուի հին համակարգէն՝ առանց նորին մէջ իր տեղը ապահոված ըլլալու։ ԵՄ անդամակցութիւնը կրնայ մնալ ցանկալի հեռանկար, բայց զայն իբրեւ գրեթէ անխուսափելի ապագայ ներկայացնելը, մինչեւ իսկ այդ անորոշ հեռանկարին համար գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ անվտանգային կապերը վտանգելը, ռազմավարութիւն չէ։
Ատիկա վտանգաւոր խաղադրոյք է՝ կարճաժամկէտ քաղաքական շահերու համար։
Եւ այդ խաղադրոյքին գինը, ինչպէս միշտ, պիտի վճարէ Հայաստանի ժողովուրդը։
Ս.Պ.