Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ Պաքու այցելութիւնը կը փորձեն կանխել ձերբակալութեան սպառնալիքով

ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան կը յայտնէ, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները սկսած են ձերբակալութեամբ սպառնալ Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտին, եթէ ան այցելէ Պաքու՝ ամուսինին եւ այնտեղ պահուող հայ գերիներուն տեսակցելու նպատակով։

Հայրապետեանի փոխանցմամբ՝ ատրպէյճանական «Unikal.az» կայքը օրեր առաջ գրած է, թէ Զոնապենտ կրնայ մինչեւ հինգ տարուան ազատազրկման ենթարկուիլ՝ 2022-ին Արցախ «ապօրինի մուտք գործելու» մեղադրանքով։

«Եթէ Զոնապենտ մուտք գործէ Ատրպէյճանի տարածք, կրնայ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ 2022-ին Ղարաբաղ կատարած իր ապօրինի այցելութեան համար», գրած է կայքը։

Հայրապետեան հրապարակումը կը բնորոշէ իբրեւ բացայայտ սպառնալիք, որուն նպատակն է կանխել Զոնապենտի Բաքու այցելութիւնն ու ամուսինին հետ տեսակցութիւնը։ Ան նաեւ կը շեշտէ, որ Պաքու կը փորձէ հայ գերիներու հարցը դուրս մղել հանրային եւ միջազգային ուշադրութենէն։

Հայրապետեան եզրափակած է ըսելով, որ գերիներու ազատ արձակման համար անհրաժեշտ է շարունակաբար բարձրաձայնել հարցը, յատկապէս միջազգային հարթակներու վրայ։