Պաքու․ Սահմանազատման բարդ հարցերը պիտի քննարկուին յանձնաժողովներու աշխատանքին ծիրին մէջ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերաբերող բնակավայրերու եւ այլ վիճայարոյց հարցերը պիտի քննարկուին սահմանազատման յանձնաժողովներու աշխատանքին ընթացքին։

Պայրամովի համաձայն՝ կողմերը համաձայնած են սահմանազատումը կատարել հիւսիսէն հարաւ՝ սկսելով Հայաստան-Ատրպէյճան-Վրաստան սահմաններու հատման կէտէն։ Ան նշած է, որ աշխատանքները պիտի սկսին սահմանագիծի առաւել բարդ հիւսիսային հատուածէն եւ աստիճանաբար շարժին դէպի հարաւ։

Հայաստան եւ Ատրպէյճան տակաւին պէտք է սահմանազատեն շուրջ 1000 քիլոմեթր երկարութեամբ ընդհանուր սահմանը։ Գործընթացը փաստօրէն կանգ առած է 2024-ի Տաւուշի մէջ կատարուած շուրջ 12 քիլոմեթր սահմանազատումէն ետք, որուն ընթացքին հայկական կողմը Ատրպէյճանին յանձնեց նաեւ չորս բնակավայրերու տարածքներ։ Անորոշ կը մնայ, թէ ե՛րբ պիտի քննարկուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական տարածքներուն եւ անկլաւներուն վերաբերող հարցերը։

Պայրամով անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացին՝ նշելով, որ Պաքու կը հետեւի զարգացումներուն եւ իր դիրքորոշումը չէ փոխած։ Ատրպէյճան Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող ձեւակերպումները կը նկատէ տարածքային պահանջ եւ Սահմանադրութենէն Հռչակագիրին յղումի հեռացումը կը ներկայացնէ իբրեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման նախապայման։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնած է, որ մօտ ապագային նախատեսուած է նոր հանդիպում Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

TRIPP ծրագիրին անդրադառնալով՝ Պայրամով ըսած է, որ հիմնական բանակցութիւնները կը վարուին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, սակայն ամերիկեան կողմը պարբերաբար կը տեղեկացնէ Պաքուին զարգացումներուն մասին։ Ան շեշտած է, որ ծրագիրին իրականացումը առանց Ատրպէյճանի մասնակցութեան անհնար է եւ յայտնած, որ շինարարական աշխատանքներուն սկիզբը նախատեսուած է 2027-ին։