Մեր ընթերցողները կը գրեն. Շնորհաւոր դպրոցական վերամուտ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այսօր դարձեալ վերամուտ է։ Դպրոցական նոր սկիզբ մը՝ 2026-2027 կրթական նոր տարեշրջանով։ Նոր խանդավառութիւն, նոր եռանդ եւ աստիճանաւոր վերելք՝ լաւէն դէպի լաւագոյնը։

Սիրելինե՛ր, կրթական մարմինի անդամներ, պրն. Տնօրէն եւ ուսուցչակազմ,
Հայոց լեզուի եւ կրթութեան հանդէպ հաւատքով հիմնադրուած Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Վարժարանի աշակերտները այս առաւօտ պիտի սկսին իրենց դպրոցական ճամբորդութեան նոր հանգրուանը։
Ձեր պատասխանատուութեան յանձնուած, իր տեսակին մէջ եզակի ՀՕՄ-ի Հայ Դպրոցը, դարձեալ իր դռները պիտի բանայ մեր աշակերտներուն առջեւ՝ որպէս իրենց հարազատ տունը, ուր անոնք պիտի սնանին գիտութեամբ, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով։

Սակայն այս տարուան վերամուտը առանձնայատուկ խորհուրդ եւ պատմական նշանակութիւն ունի։ Աստուածային նախախնամութեամբ եւ մեր համայնքի հաւաքական ջանքերով ձեռք բերուած 211 Consumers Road-ի վրայ գտնուող նոր, ընդարձակ եւ բոլոր անհրաժեշտ յարմարութիւններով օժտուած դպրոցական շէնքը՝ «Նարեկ» Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնը, մեր կրթական առաքելութեան նոր ու լուսաւոր հանգրուանն է։

Այս նոր շէնքը սոսկ քարաշէն կառոյց մը չէ։ Ան կոչուած է ըլլալու մեր Մեսրոպաշունչ հայոց լեզուի նոր փարոսը, հայ գրի, հայ մշակոյթի, հայ հոգիի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու փոխանցման նոր սրբավայր մը ։ Ան պիտի միանայ մեր գոյութիւն ունեցող կրթական կառոյցներուն՝ ստեղծելով լուսաւոր եւ սրբազան այն մթնոլորտը, ուր մեր նոր սերունդները պիտի ծանօթանան հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, պիտի հարստանան գիտութեամբ եւ ուսմամբ, պիտի սորվին ու սիրեն մեր աստուածապարգեւ Մեսրոպածին լեզուն եւ անխախտ պահեն հայ ոգին իրենց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։ Այսօր ցնծագին արօրեայի մը մէջ կապրին մեր աշակերտները։

Թող այս նոր կրթական օճախը տարիներու ընթացքին դառնայ այն հզօր լոյսը, որ պիտի առաջնորդէ մեր զաւակները դէպի գիտութիւն, ազգային գիտակցութիւն եւ հայապահպանումի ամուր ճանապարհը։

Մեր անմնացորդ մաղթանքն է, որ մեր աշակերտները ըլլան աշխատասէր, կարգապահ, օրինակելի եւ վեհանձն։ Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է նաեւ, որ անոնք մշտապէս առողջ, զգօն եւ ապահով մնան, օգտուին գիտութեան բարիքներէն, հաւատարիմ մնան քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր հայրերու սրբազան կտակին՝ որպէս գիտակից, արժանապատիւ եւ վեհանձն հայորդիներ։

Այո՛, սիրելի՛ աշակերտներ,
Հայ դպրոցը ձեր հարազատ տունը նկատեցէք։ Այստեղ ուրախութեամբ, սիրով եւ հայօրէն շփուեցէք ձեր ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն, մանաւանդ՝ ձեր սիրելի ուսուցչուհիներուն եւ ուսուցիչներուն հետ, որովհետեւ անոնք ձեր կրթական մշակներն են, որոնք սիրով ու նուիրումով ձեզ պիտի առաջնորդեն «դէպի աղբիւրը լոյսին»։

Սիրելի՛ եւ անգին կրթական մշակներ,
Յարգանք եւ խոր երախտագիտութիւն ձեզի։ Գերգնահատելի է ձեր յանձնառութիւնն ու նուիրումը մեր նոր սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան մէջ։
Վերամուտի այս ուրախ առիթով, ձեզ կը մաղթենք ծովածաւալ համբերութիւն, քաջառողջ ու ապահով կեանք եւ անսահման եռանդ՝ ձեր աստուածատուր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը շարունակելու համար՝ պսակուած միշտ նորանոր ու անդրագոյն յաջողութիւններով։

Բարի՛ վերամուտ եւ արդիւնաւոր ու լուսաւոր կրթական տարեշրջան բոլորիդ։