Փաշինեան Պիշքէքի մէջ պիտի հանդիպի Փութինի հետ

ՊԻՇՔԷՔ.- Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Խրխզիստան, ուր Պիշքէքի մէջ պիտի մասնակցի Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի ՇՀԿ+ հանդիպումին եւ անոր ծիրին մէջ նախատեսուած ձեռնարկներուն։

Սեպտեմբեր 1-ին նախատեսուած է Փաշինեան-Փութին հանդիպումը, որ պիտի ըլլայ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք երկու ղեկավարներուն առաջին հանդիպումը։

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով նախապէս յայտնած էր, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումը։ Ան ընդգծած էր, որ Մոսկուայի տեսակէտով՝ Հայաստան չի կրնար միաժամանակ ձգտիլ ԵՄ անդամակցութեան եւ շարունակել օգտուիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան ընձեռած առաւելութիւններէն։

Ուշաքով նաեւ մտահոգութիւն յայտնած էր Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր ղեկավարներու զանգուածային ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ՝ նշելով, որ անոնցմէ շատեր կողմնակից են հայ-ռուսական աւանդական յարաբերութիւններու ամրապնդման։

Մոսկուա վերջին շրջանին հետեւողականօրէն կը յայտարարէ, որ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի մաքսային համակարգերուն միաժամանակ մասնակցութիւնը անհամատեղելի է եւ Հայաստան պէտք է ընտրութիւն կատարէ երկու ուղղութիւններուն միջեւ։

Փաշինեան նախորդ շաբաթ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած էր, որ Երեւան մօտ ապագային պիտի սկսի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումի գործընթացը։