«Եւ ո՞վ կրնայ օգնութիւն բերել մի ժողովուրդի, որ ինքն իր ձեռքով կը սրէ թշնամիի սուրը». Ռաֆֆի

«Եւ ո՞վ կրնայ օգնութիւն բերել մի ժողովուրդի, որ ինքն իր ձեռքով կը սրէ թշնամիի սուրը»։

– Յակոբ Մելիք-Յակոբեան (Ռաֆֆի)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Ռաֆֆիի այս մարգարէական խօսքը այսօր աւելի քան երբեք կը հնչէ իբրեւ ահազանգ։ Երբ ազգ մը իր ներքին միասնականութիւնը կը կործանէ, իր սրբութիւնները կ՚անարգէ եւ ինքնակամօրէն կը տկարանայ, ան իր թշնամիներուն կ՚ընծայէ այն զէնքը, որով զինք պիտի հարուածեն։

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, հայրապետական աթոռին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ յարուցուած շինծու մեղադրանքներն ու շարունակուող յերիւրանքներն ու հետապնդումները ոչ միայն անօրէն եւ խիստ դատապարտելի են, այլեւ մեր հայրենիքին, լուսաւորչահիմն մեր դարաւոր եկեցիին, ազգային ու պետական շահերուն դէմ ուղղուած վտանգաւոր եւ կործանարար գործընթացներ են։

Հայոց Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է մեր ազգի հաւաքական ինքնութեան, հաւատքի, լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային դիմագիծի փարոսը։ Լուսաւորչահիմն մեր եկեղեցւոյ՝ սրբազան հաստատութեան դէմ շղթայազերծուած պայքարը կը միտի քանդել մեր եկեղեցւոյ եւ պետականութեան ամրակուռ հիմքերը, կը խորացնէ մեր փոքր ածու ազգին պառակտումը՝ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ մեր ժողովուրդը ամէնէն աւելի կարիքը ունի միասնականութեան եւ անկախ հայրենիքի շուրջ ազգային համախմբումին։ Ժամանակն է, որ հայրենիքն ու սփիւռքը, հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, ազգային բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները մէկ բռունցք դառնան՝ ի պաշտպանութիւն մեր դարաւոր սրբութիւններուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, անոր գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, մեր պետականութեան եւ մեր հայրենիքի ու ազգային գոյատեւումին։

Այս տխրահռչակ ընթացքը չի ծառայեր Հայաստանի Հանրապետութեան, չի ծառայեր ժողովրդավարութեան եւ չի ծառայեր օրէնքի գերակայութեան։ Ան կը ծառայէ միայն այն ուժերուն, որոնք տարիներէ ի վեր կը ձգտին տկարացնել հայ ժողովուրդը, պառակտել անոր ներքին դիմադրականութիւնը եւ հարուածել մեր ազգային հիմնասիւները։ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ այս հալածանքը հրճուանք եւ բաւարարութիւն կը պատճառէ միայն Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան թշնամիներուն։

Խստիւ դատապարտելի է եւ ժամանակն է, որ անյապաղ դադրեցուի այս ազգավնաս եւ ազգակործան ընթացքը, խստօրէն յարգուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան իւրաքանչիւր յօդուած, ապահովուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սահմանադրական ինքնավարութիւնը եւ բացառուի պետական որեւէ միջամտութիւն անոր ներքին կեանքին ու կանոնակարգին։

Այսօր լռութիւնը այլեւս չէզոքութիւն չէ. լռութիւնը հաւասարազօր է համաձայնութեան։ Իսկ պատմութիւնը անողոքաբար կը դատէ զանոնք, որոնք ազգային ճգնաժամի օրերուն լռեցին, երբ վտանգուած էին հայրենիքը, պետականութիւնը, Հայոց Սուրբ Եկեղեցին եւ մեր ազգի հոգեւոր յենասիւները։

Ռաֆֆիի զգուշացումը կրկին կը հնչէ մեր ականջներուն.
«Եւ ո՞վ կրնայ օգնութիւն բերել մի ժողովուրդի, որ ինքն իր ձեռքով կը սրէ թշնամիի սուրը»։

Չըլլա՛նք այն սերունդը, որ իր իսկ ձեռքով սրեց այդ սուրը։