Արամ Ա. Կաթողիկոս իր զօրակցութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. Վեհափառին՝ դատարան կանչուիլը նկատելով «անընդունելի եւ դատապարտելի»
- (0)

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որ վաղը՝ օգոստոս 7-ին, Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայանայ քրէական դատարան։
«Մեր հոգեւոր եղբօր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառին դատարան կանչուիլը կը նկատենք անընդունելի եւ դատապարտելի», յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Ան նշեց, որ երկու Վեհափառները մնայուն կապի մէջ են եւ կը խորհրդակցին հայրենիքն ու հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց նաեւ, որ իր խոր ընդվզումը փոխանցած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ նոյնիսկ առաջարկած՝ անձամբ դատարան չներկայանալ ու իր ներկայացուցիչը ուղարկել։
Արամ Ա. պետական պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին նկատմամբ՝ հարցերը քննելով փոխադարձ հասկացողութեան ու պատշաճութեան սահմաններուն մէջ եւ յարգելով թէ՛ պետութեան օրէնքները եւ թէ՛ Եկեղեցւոյ ներքին կարգն ու կանոնը։
Հայաստանի իշխանութիւնները քրէական հետապնդում սկսած են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռի հինգ բարձրաստիճան հոգեւորականներու՝ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի, Հայկազուն արք. Նաճարեանի, Վահան եպս. Յովհաննիսեանի, Էտկար եպս. Յակոբեանի եւ Արթուր եպս. Յակոբեանի նկատմամբ։ Անոնց նաեւ արգիլուած է հեռանալ երկրէն։
Իշխանութիւնները հոգեւորականները կը մեղադրեն դատական որոշման գործադրութիւնը դիտումնաւոր կերպով խոչընդոտելու եւ պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յանցանքով։
Գործը առնչուած է Գէորգ եպս. Սարոյեանի պաշտօնազրկման։ Մայր Աթոռը զայն հեռացուցած էր իր պաշտօնէն՝ լիազօրութիւնները չարաշահելու, առաջնորդական պարտականութիւնները չկատարելու եւ թեմի հոգեւորականներուն նկատմամբ ճնշումներ բանեցնելու պատճառով։ Սարոյեան դիմած էր դատարան, որ որոշած էր զինք վերահաստատել պաշտօնին վրայ, սակայն եկեղեցական ղեկավարութիւնը չէր գործադրած որոշումը։
Սարոյեան միաժամանակ հրապարակաւ զօրակցած էր Նիկոլ Փաշինեանի՝ Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան դէմ ծաւալած արշաւին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու իշխանութիւններու նախաձեռնութիւններուն։
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դատի յանձնումը կը նկատուի Մայր Աթոռին դէմ իշխանութիւններու ճնշումներուն մինչեւ օրս արձանագրուած ամենալուրջ եւ ամօթալի դրսեւորումը։ Իշխանութիւն–Եկեղեցի յարաբերութիւնները կտրուկ սրած են 2025-ի մայիսէն ի վեր, երբ Փաշինեանի հրապարակային յարձակումները աստիճանաբար վերածուեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պաշտօնազրկելու բացայայտ քաղաքական արշաւի։